
ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Նիս, Մայիս 2016
Ուրկէ՞ եկեր է հէգ մեղուն կը տառապի
Աստիճանին։ Իր ուժերը թող ան գտնէ
Սիրելեաց քով ելլէ երթայ։Կը պայքարին
Մեղուն ու ցաւն. մէկը չկայ զինքը բուժէ,
Սէր տայ իրեն, ոտքի հանէ, ծաղիկներուն
Հիւթը ծծէ։ Անկարող եմ բան մը ընել
Իրեն համար, իր երկիրը ելլէ երթայ…
Կը վերյիշեմ մեղուներու պատմութիւններ։
Թող չպակսի մեղու մըն ալ մեր աշխարհէն։
Անոնց մեղրը թանկագին է, աղբիւր կենաց
Ու բալասան, բնութեանն ու մարդկութեանը
Հիւթէն անոնց կը յղանան բոյս ու ծաղիկ։
Մեղուներուն նուազիլը ողբերգական,
Ցաւալի է մեր աշխարհին։ Երեկոյեան,
Աստիճանին, կը քնանայ։ Կը պատմեմ իմ
Խօսակիցիս այդ հէգ մեղուին մահուան մասին։
Քովը կ՛երթանք, բոյնէն հեռու, ան կը հանգչի։
…Երկու օր ետք ընկերներով կը խօսակցինք,
Անուշ հոտէն ՛նօթի մեղու ներս կը մտնէ,
Շուրջ կը դառնայ տիկնոջ քիթին, բերնին, աչքին։
Կ՛ըսեն տիկնոջ՝ – դուն մի՛ շարժիր, դուն ﬕ՛ խօսիր,
Դուն մի՛ վախնար, դուն մի՛, մի, մի՛… տիկնոջ վախէն
Կ՛երթայ մեղուն, նորէն կու գայ իր սիրածին
Քիթին բերնին…։ – Երանի՜ թէ ինծի խայթէ։
– Քեզի խայթէ՞, իրա՞ւ կ՛ըսես, ինչո՞ւ խայթէ։
– Որովհետեւ, օգտակար է։ = Ատոր ի՞նչը օգտակար է։
– Փենիսիլինի չափ օգուտ և ուժ ունի։
– Փենիսիլինի ո՞ւժ կ՛ուզես։ Բժիշկդ քեզ հատ մը թող տայ։
Ինչպէս եկաւ, գինով մեղուն այնպէս գնաց թափառելու գինով ﬔղուն,
Նոր աշխարհի, ձիթենիի ճիւղերուն մէջ նոր աշխարհին՝
Ասեղ կու տայ։ Անուշ ըլլայ։ – Լաւ որ մեղուն չի հասկնար.
Բարեկամս, քիթ բերանդ պիտի ուռէր… -Երանի թէ ինծի խայթէ՞։