Յօդուածներ
Երախտագիտութեան Շնորհը («Գոհաբանութեան Օր»-ուան Առթիւ)
Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան
Գոհաբանութեան Օր-ը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն ամենէն ժողովրդական տօներէն մէկն է: Այս տօնին ծագումը ետեւ կ'երթայ 17-րդ դարու առաջին քառորդին երբ անգլիացի խումբ մը մարդիկ խղճի եւ կրօնական ազատութեան ի խնդիր՝ Ամերիկայի արեւելեան ափերը հաստատո

