
ԱՐՍԷՆ ՍԱՅԵԱՆ
Շարունակելով մեր ակնարկը Արեւելեան Հայաստանի մասնագիտական երաժշտութեան առաջին ներկայացուցիչներէն՝ Մակար Եկմալեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին, կը նկատենք որ Եկմալեան իր աշխատասիրութեան, արտակարգ ընդունակութիւններուն եւ երաժշտութեան նկատմամբ ունեցած անսահման սիրոյն՝ Գէորգ Դ¬րդ Կաթողիկոսին կարգադրութեամբ կþուղղարկուի Փեթերզպուրկի երաժշտանոցը, մասնագիտական բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու համար։
Այստեղ, Եկմալեան երաժշտական¬տեսական առարկաները կþաւարտէ Ռիմսկի Քորսաքովի մօտ, եռանդուն աշխատանք տանելով՝ Եւրոպական երաժշտութեան եւ երգահանական արուեստին տիրապետելու համար։ 1888¬թուականին յաջողութեամբ աւարտելէ ետք երաժշտանոցը, Եկմալեան Փեթերզպուրկի մէջ կը սկսի իր գործունէութեան։
Այդ շրջանին կը ղեկավարէ հայկական եկեղեցւոյ երգչախումբը, կը մասնակցի գաղութի երաժշտական ձեռնարկներուն, կը զբաղուի ստեղծագործական աշխատանքով։ Երգահանի կեանքին այն ժամանակաշրջանն է, երբ յատուկ դժուարութիւնները կլը յաղթահարուին շնորհիւ Եկմալեանի աշխատասիրութեան եւ տոկունութեան։
Տաղանդաւոր երգահան¬խմբավար¬մանկավարժ Մակար Եկմալեան հայ իրականութեան մէջ, որպէս ստեղծագործող եւ երաժշտական¬հասարակական եռանդուն գործիչ, հանդէս գալով 19¬րդ դարու վերջին քառորդին, Հայկական երաժշտական¬ազգային արուեստի զարգացման պատմութեան մէջ, այն ժամանակաշրջանին, երբ հայ խմբավարներու, երաժիշտներու կատարողներու եւ ստեղծագործողներու ջանքերը, ուղղուած էին հայկական ժողովրդական եւ հոգեւոր երգերը ներդաշնակելու եւ բազմաձայն երգեցողութիւնը ժողովուրդին մէջ տարածելու գովելի նպատակին։
Միւս կողմէ, սա այն ժամանակաշրջանն է, երբ մեր ժողովուրդը օրէ օր աւելի ու աւելի սուր կերպով կը զգայ ազգային երաժշտութեան գիտակ եւ բարձրագոյն կրթութիւն ստացած մասնագէտ երաժիշտներու կարիքը։
Ստեղծագործական եւ խմբավարական¬մանկավարժական բեղուն գործունէութեամբ հանդէս գալով նոյն այդ ժամանակաշրջանին, Մակար Եկմալեան Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին մատուցած իր ծառայութիւններով արժանի կþըլլայ կոչուելու՝ Հայկական Երաժշտութեան անդրանիկ մշակներէն, ինչպէս նաեւ անոր կարկառուն ներկայացուցիչներէն մէկը։
Մակար Եկմալեան, համերգային գործունէութեան հետ զուգընթաց, մեծ եռանդով կՙաշխատի «Երգոցողութիւնք Սուրբ Պատարագի» արժէքաւոր ստեղծագործութեան վրայ։ Առաջին անգամ ըլլալով Փեթերզպուրկի հայկական եկեղեցւոյ մէջ կþերգուին Եկմալեանի Պատարագէն հատուածներ, մեծ ոգեւորութիւն յառաջացնելով տեղի հայ հասարակութեան մէջ։
Այստեղ կ՝աւարտէ «Երգեցողութիւնք Սուրբ Պատարագի» բազմաձայն ներդաշնակութիւնը։
Պատշաճ կը համարենք մէջբերել երկու հեղինակաւոր վկայութիւններ, Մ. Եկմալեանի պատարագի մասին։
… Մասնագիտօրէն ծանօթանալով Եկմալեանի Պատարագին, զայն բարձր կը գնահատեմ։ Պատարագը որպէս եզակի ստեղծագործութիւն, հայկական երաժշտութեան գանձերէն է։
ՃՈՒԶԵՓՓԷ ՎԵՐՏԻ
… Մեր երգեցողութեան ամայի անդաստանին մէջ Մակար Եկմալեան՝ ներդաշնակութեան անդրանիկ բուրաստանը տնկեց։ Սրտանց ուրախ ենք, որ հայերս այժմ կարող ենք պարծենալ, թէ մենք ալ ետ չենք մնացած վսեմ գեղարուեստի եւ կատարելագոյն երաժշտական զգացումէն։
ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ