
Պոլսոյ մէջ, կեանքի կոչուած երաժշտական առաջին ընկերութեան` “Քնար Հայկական“ի կազմակերպիչներէն, Գաբրիէլ Երանեան ծնած է Պոլիս 1827 թուականին, յաճախած է տեղական ազգային վարժարանը, աշակերտելով Արիստակէս Յովհաննէսեանին: Անաբաւարար նկատելով իր ուսուցչի տուած հայկական ձայնագրութեան գիտելիքները, միաժամանակ զբաղուած է եւրոպական ձայնագրութեան ուսումնասիրութեամբ, մեծ նշանակութիւն տալով Եւրոպական ձայնագրութեան ուսուցման:
Այս է պատճառը, որ իր նախաձեռնութեամբ եւ գործակցութեամբ հրատարակուած երաժշտական պարբերաթերթերու նիւթերը տպագրուած են բացառապէս Եւրոպական ձայնագրութեամբ: Այդպէս էր “Քնար Արեւելեան“, ինչպէս նաեւ “Քնար Հայկական“ը թէ՛ առաջին եւ թէ՛ երկրորդ շրջանին:
Գաբրիէլ Երանեան, աշխատելով իբրեւ երաժշտութեան ուսուցիչ Պոլսոյ թաղամասերէն` Խաս գիւղի վարժարանին մէջ, ան` միաժամանակ գործօն մասնակցութիւն բերած է, հայ երաժշտական-հասարակական կեանքին:
Երանեան հեղինակ է ազգային-հայրենասիրական շարք մը երգերու: Ինչպէս “Կիլիկիա“, “Հայաստան Երկիր Դրախտավայր“, “Արիք Հայկազունք“, “Հայ Ապրինք“ եւ այլն երգեր, որոնք յետագային նկատի առնուելով Կարամուրզայի երգչախումբի երգացանկէն ներս, տարածուած են նաեւ Արեւելեան Հայաստանի մէջ:
“Հայաստան Երկիր Դրախտավայր“ երգը կը հանդիսանայ որպէս լայնաշունչ արիա, որ ժամանակին, Տարօնի սոխակ` հանրահռչակ երգիչ Արմենակ Շահ-Մուրատեանի մենակատարութեամբ եւ Կոմիտաս Վարդապետի դաշնամուրի մասնակցութեամբ` ձայնագրուած է երգապնակի վրայ:
Բացառիկ ժողովրդականութիւն կը վայելէ “Կիլիկիա“ երգը իր խոր հայրենասիրութեան եւ մեղեդիական գեղեցկութեան շնորհիւ:
Ահա, “Կիլիկիա“ երգը:
Դժբախտաբար, Գաբրիէլ Երանեանի կեանքը շատ կարճատեւ ըլլալով – հազիւ 35 տարեկան – մահացած է 1862 թուականին, ստեղծագործական ուժերու ծաղկման շրջանին:
Երբոր բացուին դռներն յուսոյ
Եւ մեր երկրէն փախ տայ ձըմեռ,
Չքնաղ երկիրն մեր Արմենիոյ
Երբ փայլէ իւր քաղցրիկ օրեր,
Երբոր ծիծառն իր բոյն դառնայ,
Երբոր ծառերն հագնին տերեւ`
Ցանկամ տեսնել զիմ, Կիլիկիա,
Աշխարհ` որ ինձ ետուր արեւ:
Հասակ մը կայ մեր կենաց մէջ
Ուր ամենայն իղձ կ՛աւարտի,
Հասակ մը` ուր հոգին իր տենչ`
Յիշատակաց իւր կարօտի.
Յորժամ քնարն իմ ցրտանայ,
Սիրոյն տալով վերջին բարեւ`
Երթամ ննջել իմ Կիլիկիա,
Աշխարհ` որ ինձ ետուր արեւ: