
Վաղ Միջնադարեան Գուսանական Արուեստը շատ աւելի լաւ բախտի արժանացած է, քան ժողովրդականը: Հեթանոսական ժամանակներու իրենց նախորդներուն նման` վաղ Միջնադարեան Գուսանները, կը սպասարկէին նախարարներուն, մասամբ` շինականներուն եւ քաղաքացիներուն: Գուսանական Արուեստն ու Գուսանները, մասնագիտական յատկանիշներով իրարմէ տարբեր էին: Ոմանք առասպելներ ու վէպեր կը պատմէին, ուրիշներ հանդէս կու գային ծիսական զանազան արարողութիւններու ընթացքին եւ տօնակատարութիւններուն, ինչպէս նաեւ ուրախութիւններուն մասնակցող ժողովուրդին զուարճացնելու համար:
Գուսաններու այս երկրորդ կազմին մէջ` կային երգիչներ, նուագողներ եւ պարողներ: Գուսաններու մէկ երրորդ խումբ` նուիրուած էր թատրոնին, ուր կային դերասաններ եւ ողբերգական դերեր կատարողներ:
Այս բոլոր մասնագիտութիւններու տէր գուսանները, թէ տուեալ դարաշրջանին եւ թէ յետագայ զարգացած դարերուն, իրենց բազմազան գործունէութեամբ, Հայ Մշակոյթի զարգացման ճամբով, մեծապէս օգտակար դեր ունեցած են: Օրինակ, գուսանական երաշժտութեան նմոյշ մըն է, Գուսան Շահէնի “Սասնա Ծուռ“ երգը:
Որքան որ ժամանակի ծիսական արարողութիւններու ընթացքին, Գուսանական ելոյթներու գեղարուեստական մակարդակը, ժողովրդական երաժշտութեան հետ ջանացած է քայլ պահել, այդուհանդերձ, ժողովրդական արուեստի հետ աւելի սերտ կապ ունեցած է, գուսաններու քնարական ստեղծագործութիւններու ոլորտը: Գուսանները ժողովրդական երաժշտութենէն ի նկատի ունեցած են այն` ինչ որ համապատասխանած է սեփական ստեղծագործութեան յատկանիշներուն:
Օրինակ` ժողովրդական-աշխատանքային երգերը, հազիւ թէ տեղ գտնէին գուսանական երգերուն մէջ: Մինչդեռ ժողովրդական-քնարական ու պարային երաժշտութեան նմոյշները իրենց ձայնային իւրայատկութիւններով, գուսանները իւրացուցած են` իրենց արուեստի առաւել եւս զարգացման ու մշակման համար: Ահա, մէկ այլ նմոյշ` Գուսան Շահէին “Խռոված էր“ երգը:
Խօսելով գուսանական արուեստի ինքնուրոյնութեան մասին, պէտք է ի մտի ունենալ, որ այդ արուեստը միշտ կատարուած է, ունկնդիրներու առաւել կամ նուազ շրջանակի համար: Այդ պատճառով գուսանական արուեստը կը տարբերի գեղջկական կատարողական արուեստէն, -որը յաճախ ոչ մէկ ունկընդիր ունի- ուստի պէտք է իր մէջ խտացնէր համերգային տարր եւ ներգործութեան միջոցներ` գեղջկական արուեստի համեմատութեամբ, հանդիսաւորութեան ու տօնակատարութեան, խրախճանքի եւ պարերու կշռութային պահերուն:
Գուսանական արուեստին մէջ, քնարական երգերը նոյնպէս պէտք է վերափոխուէին, հաւանաբար աւելի ցայտուն եւ տպաւորիչ դառնալու համար: Այդ նպատակով, պէտք է օգտագործուէին մեղեդիական դարձուածքներ, յուզական երանգներ ունեցող զանազան ձայնաշարեր:
Այս շրջանի գուսանական երաժշտութեան առանձնայատկութիւնները յետագայ զարգացած դարերուն, իսկ աւելի ուշ աշուղական ստեղծագործութեան մէջ, լայն մշակուածութեան կը հասնին: