ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ.- ՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՊՆ ՈՒ ՅԱՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
Եթէ փորձենք նմանութիւն գտնել հայ եկեղեցական ու ժողովրդական երաժշտութեան միջեւ, կը տեսնենք որ շարք մը հոգեւոր խմբական երգեր, մօտիկ են յստակ կշռոյթ ունեցող ժողովրդական երգերուն: Իսկ, ծանր շարականները` քնարական բնոյթի մեներգներուն:
Հայ հոգեւորևեկեղեցական եւ ժողովրդական երաժշտութեան կապերու հարցը, խիստ հետաքրքրած է Կոմիտաս վարդապետին: Հայկական երգարուեստն անգերազանցելի կերպով ճանչցած Կոմիտաս` պատմաևտեսական խոր ուսումնասիրութիւններ կատարելով, մերժեց հայ եկեղեցական երաժշտութեան` օտար ծագման տարածուած տեսակէտը:
Հաստատելով ժողովրդական եւ եկեղեցական երաժշտութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող կապը, Կոմիտաս վարդապետն այդ երեւոյթը կը նմանցնէ քրոջ եւ եղբօր յարաբերութեան: Ինչպէս յայտնի է, ան փորձած է մեզի հասած եկեղեցական երգերու օգնութեամբ, վերականգնել շարք մը հնագոյն ժողովրդական երգեր:
Այսպիսի զուգահեռներ կը բացատրեն, թէ ժողովրդականին աւելի մօտիկ են այն շարականները, որոնք մեզի հասած են ժողովուրդի կատարումով: Այդ շարականներուն մէջ պահպանուած են ժողովրդական մեղեդիներու ոչ միայն ձայնաշարը, այլեւ կշռոյթն ու կառուցուածքը:
Ինչպէս օրինակ, Մակար Եկմալեանի պատարագի երգեցողութենէն “Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ“ խմբերգը, որ կը յիշեցնէ ` կշռութային յատկանիշներ առաջացնելով ժողովրդական քայլերգները:
Արդարեւ, վաղ ժամանակաշրջանի հայ հոգեւոր կամ եկեղեցական երաժշտութիւնն իր ակունքներով կապուած է ժողովրդական երաժշտութեան հետ:
Այդ պատճառով, պահպանածէ ջերմութեան որոշ տարրեր, երեւոյթ մը, որ պէտք է համարել ոչ թէ այլ ժողովուրդներէն առնուած, այլ բուն ազգային երեւոյթ:
Նկատի ունենալով ժողովրդական երաժշտութեան ձայնային յատկանիշներու անդրադարձը` եկեղեցական երաժշտութեան վրայ, կարելի է հեշտօրէն հաստատել, թէ ժամանակին ինչ տեսակի ժողովրդական երգեր գոյութիւն ունեցած են: Ինչպէս, կալի եւ սայլի ասերգները, սիրային բնոյթի հովուական եղանակները, բուն քնարական երգերը, որոնք կ՛արտայայտեն մարդկային զանազան ապրումներ, երբեմն ուրախ, պայծառ կամ տխուր եւ վերջապէս հերոսական երգերը:
Մեզի հասած ստեղծագործութիւններէն, օրինակ, վշտի զգացումով լեցուն “Չինար ես կեռանալ մի“ երգը, որուն ձայնաշարային սկզբունքը գործածուած է եկեղեցական երաժշտութեան մէջ, մարմնաւորելով երիտասարդ աղջկայ թաքուն ապրումները: Կառուցուածքի տեսակէտէն` երգն առանձնապէս զարգացած չէ, ձեւով մեղմ, ընդամէնը չորս հնչիւն: Սակայն, յատկանշականն այստեղ` անոր բովանդակութիւնն է:
Այդուհանդերձ, քնարական ստեղծագործութիւններուն մէջ, միայն վշտի երանգ ունեցող երգերու չէ որ կը հանդիպինք, այլ կան նաեւ ուրախ երգեր: Օրինակ` “Հոպինա“ երգը, որ կառուցուածքով շատ պարզ է եւ կ՛ընթանայ աւելի սրտբաց ու պարային կշռոյթով:
Ստեղծուած ոչ բոլոր երգերն են որ բաւականաչափ արժէքաւոր ըլլալով, ժողովուրդի մօտ արձագանգ կը գտնեն եւ կը մնան անոր յիշողութեան մէջ: Երգերու մէկ մասն անհետ կը կորչի, անբաւարար բովանդակութեան կամ ձեւի անկատարութեան պատճառով: Միւս մասը որ ժողովուրդը կ՛ընկալէ, չի մոռցուիր, կը շարունակէ ապրիլ, դառնալով ժողովրդական սեփականութիւն:


