
Ինչպէս գեղջկական, նոյնպէս` Հայ Հոգեւոր կամ Եկեղեցական երաժշտութիւնը, ենթարկուեցաւ միջնադարեան բնորոշ յեղաշրջման:
Հարցին մօտենալով երաժշտական տեսանկիւնէն, կը պարզուի որ շարականներու արուեստը զերծ չմնաց ժամանակի նոր ազդեցութիւններէն: Ի հարկ է, շարականներուն վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ նախորդ դարաշրջանի երաժշտական ժառանգութիւնը:
Այդ երեւոյթին աչքառու օրինակը, Ներսէս Շնորհալիի Հերոսական բնոյթի “Նորահրաշ“ շարականն է, 12րդ դար, որ իր տեսակին մէջ մօտիկ է Կոմիտաս կաթողիկոսի “Անձինք Նուիրեալք“ 7րդ դար շարականին:
Սակայն, շարականներու աւանդական ձեւերու կողքին, հանդէս կու գան նոր տեսակի շարականներ, որոնք մասամբ բնորոշ են գեղջկական, մասամբ` քաղաքական ստեղծագործութեան, իրենց մօտիկութեամբ: Այդ շարականներու երաժշտական թեմաները իրապաշտական գիծեր ունին, ծաւալուն եւ ընդհանուր առմամբ համերգային ստեղծագործութիւններ են, որոնք կատարողէն կը պահանջեն բարձր մասնագիտութիւն:
Այս տեսանկիւնէն, ամենացայտուն նմոյշները “Ստեղի“ կոչուող հանդիսաւոր շարականներն են, որ եկեղեցական տեսութեան մէջ, վերագրուած են “ԴԿ“ կամ “Չորրորդ կողմ“ ձայնին: Շարականներու ստեղծագործութիւնը կը դադրի 13րդ դարուն, տեղի տալով տաղային արուեստին, որը ծնունդ առած էր արդէն, երեք հարիւր տարի առաջ, այսինքն 10րդ դարուն:
Նոր տուեալներուն համաձայն, վաղ եկեղեցական տաղային արուեստի արմատները` կը գտնուին ժողովրդական ստեղծագործութեան մէջ:
Մեզի հասած են այդ կարգի մի քանի ստեղծագործութիւններ, ինչպէս “Հաւիկ Մի Պայծառ“, “Տիրամայր“ եւայլն, որոնք կը համարուին 10րդ դարու գործեր, Գրիգոր Նարեկացիի հեղինակութեամբ, ըստ Կոմիտաս Վարդապետի հեղինակաւոր կարծիքին:
Բացի յիշեալ ստեղծագործութիւններէն, ձայնագրուած վիճակի մէջ պահպանուած է տաղերու մէկ այլ տեսակ, որը կը պատկանի զարգացած միջնադարի աւելի ուշ շրջանին: Այդ տաղերը երգուած են հոգեւոր բնագրով, որոնց բարդ յատկանիշները ցոյց կու տան աշխարհիկ ծագում:
Այս տաղերը երաժշտական-քնարական արուեստի հիանալի նմոյշներն են: Երբեմն հանդիսաւոր, երբեմն յուզական, ինչպէս Նարեկացիի տաղերը, որոնք իրենց բնոյթով մօտիկ են 18րդ եւ 19րդ դարերու աշուղական երաժշտութեան:
Հետաքրքրական է նաեւ այդ տաղերու կառուցուածքը: Իրարու կը հակադրուին բոլորովին տարբեր կերպարներ: Այսպիսով յառաջ կու գան բարդ ու զարգացած ձեւեր, եւ այդ ծաւալուն տաղերուն մէջ` կը ստեղծուին թեմային երբեմն հանդարտ եւ երբեմն` լարուած ընթացք:
Եզրակացնելով մեր ակնարկը, զարգացման տեսակէտէն այս տաղերն արդէն կը յիշեցնեն ստեղծագործական արուեստի հիանալի նմոյշներ: Ուշ շրջանի եկեղեցական բնագիր ունեցող այս տաղերու ուսումնասիրումը, կը վկայէ այն մասին, որ տուեալ ժամանակաշրջանի հոգեւոր կամ եկեղեցական արուեստին մէջ` երաժշտական մտածողութիւնը հասած է զարգացման բարձր մակարդակի: