ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ.- ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆՈՐ ՁԱՅՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐ` ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԼԻՄՈՆՃԵԱՆԻ ԿԵԱՆՔՆ ՈՒ ԳՈՐԾԸ
Հայ հոգեւոր եւ ժողովրդական երգերն աղաւաղումներէ ու կորուստէ փրկելու համար, անհրաժեշտ էր ձայնագրել եւ հայկական երաժշտութեան առանձնայատկութիւններուն համապատասխանող համակարգ ստեղծել:
Այս ուղղութեամբ մեծ դեր կատարեց Համբարձում Լիմոնճեան, կամ` ինչպէս որ կ՛անուանէին, Պապա Համբարձում: Ան ծնած է Պոլիս 1768 թուականին, ուր եւ մահացած է 1889ին:
Խարբերդցի ծնողները, Պոլիս գաղթած են եւ նիւթական միջոցներ չունենալու պատճառով, իրենց զաւկին ուղարկած են դերձակութեան:
Սակայն, պատանեկան տարիներուն ի յայտ եկած երաժշտական ընդունակութիւնները, հեռու կը պահեն Համբարձումը դերձակութեան արհեստէն եւ կը մօտեցնեն իր սիրած արուեստին` երաժշտութեան:
Ժամանակի ընթացքին, ինքնաշխատութեամբ կը տիրապետէ հայ հոգեւոր երաժշտութեան, կ՛ուսումնասիրէ` արաբական, յունական, թրքական երաժշտութիւնը: Բացի յիշեալներէն` ան կը ծանօթանայ նաեւ եւրոպական երաժշտութեան, կը խորանայ երաժշտութեան տեսութեան մէջ եւ 19րդ դարու սկիզբէն, յատկապէս կը զբաղուի ձայնագրութեան հարցերով:
Երկար տարիներ դպրոցներու մէջ պաշտօնավարելով որպէս երաժշտութեան դասատու եւ եկեղեցիներու` դպրապետ, Համբարձում Լիմոնճեան խորապէս կը զգայ, հայ հոգեւոր երաժշտութիւնը ձայնագրելու անհրաժեշտութիւնը: Ան, ականատես ըլլալով եկեղեցիներու մէջ երգող տիրացուներու աղաւաղումներուն, տեղ մը իր գրութիւններուն մէջ կ՛ըսէ` “Շարականացայն հոգեզմայլ երգեցողութիւնները խաղալիք դարձած են ցարդ` խել մը յաւակնոտ դպիրներու բերնին մէջ, որոնք կը կարծեն թէ Շնորհալիէն ուղղակի իրենց աւանդուած են այն եղանակները` զորս իրենց քմահաճոյքին համեմատ կ՛երգեն խիստ անպատշաճ կերպով, առանց նկատի առնելու` թէ մեր եկեղեցական երաժշտութիւնը իր պարզութեամբ վսեմ է ու գեղեցիկ“:
Այժմ, Լիմոնճեանի բառերով, իր պարզութեամբ վսեմ ու գեղեցիկ հայ հոգեւոր երաժշտութենէն հատուած մը` Մակար Եկմալեանի պատարագէն “Սուրբ Սուրբ“ը:
Հայ հոգեւոր եւ ժողովրդական երաժշտութիւնը կորուստէ փրկելու համար, անհրաժեշտ էր ստեղծել ձայնագրութեան համակարգը: Վայելելով Տիւզեան Յովհաննէսի նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը, Համբարձում Լիմոնճեան 1813-1815 թուականներուն կը ստեղծէ ձայնագրութեան իր համակարգը, նշաններն ու անոնց անուններն առնելով հայկական խազային ձայնագրութենէն:
Յետագային, 19րդ դարու կէսին եւ 20րդ դարու սկիզբը, Լիմոնճեանի համակարգով ձայնագրուեցան նաեւ ժողովրդական երգեր, ուր առանձնապէս մեծ է Կոմիտաս վարդապետի վաստակը: Ուսանողական տարիներէն սկսած, մինչեւ իր գիտակցական կեանքի վերջին տարիները, Կոմիտասն օգտագործած է Լիմոնճեանի համակարգը, որպէս երաժշտական սղագրութեան իւրայատուկ միջոց ու գրի առած է բազմաթիւ ժողովրդական երգեր:
Լիմոնճեանի համակարգն իր նշանակութիւնն ունեցաւ նաեւ` հայ իրականութեան մէջ, երաժշտական ստեղծագործութիւններու մասնագիտական յօրինման առնչութեամբ:


