ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ.- ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆՈՐ ՁԱՅՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐ` ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԼԻՄՈՆՃԵԱՆԻ ԿԵԱՆՔՆ ՈՒ ԳՈՐԾԸ
Շարունակելով մեր ակնարկը հայկական նոր ձայնագրութեան համակարգի հիմնադիր Համբարձում Լիմոնճեանի կեանքի ու գործի մասին, նշենք որ ըստ Լիմոնճեանի համակարգին, հնչիւնի բարձրութիւնը ցոյց տուող եօթը հիմնական նշաններ կան:
Պարզաբանելու համար մեր խօսքը, անհրաժեշտ է որ այդ նշանները բաղդատել եւրոպական ձայնանիշերու հետ:
Այստեղ կը շրջանցենք կարգ մը զուտ երաժշտագիտական տուեալներ, որոնք յատկապէս առնչուած են հայկական նոր ձայնագրութեան համակարգին հետ, բաւարարուելով` ի նկատի ունենալ, որ Լիմոնճեան ձայնագրութեան համակարգը յարմարեցուած է ձայնական երաժշտութեան պահնաջներուն:
Անհրաժեշտ է ընդգծել որ այդ համակարգը մտածուած ու ծրագրուած է որպէս միաձայն երաժշտութիւն գրելու միջոց եւ կիրառելի է գլխաւորաբար ձայնական երաժշտութեան համար: Այդ պատճառով ընդհանուր հնչիւնածաւալի սահմանները գործնապէս որոշուած են մարդկային ձայնի հնարաւորութիւններով:
Ինչ կը վերաբերի տեւողութեան նշաններուն, ապա, այդ նշանները կը դրուին եօթը հիմնական նշաններէն վեր: Տեւողութեան նոյն նշանները դրուելով ձայնանիշերէն առաջ կամ ետք` ցոյց կու տան լռութեան հրահանգ` նոյն տեւողութեամբ:
Համբարձում Լիմոնճեանի կամ` Հայկական նոր ձայնագրութեան համակարգը 19ևրդ դարու ընթացքին, որոշապէս կատարելագործուեցաւ Լիմոնճեանի աշակերտներուն կողմէ: Այդ համակարգի մշակման ուղղութեամբ շօշափելի մասնակցութիւն ունեցած է նաեւ Կոմիտաս Վարդապետ:
Նոր համակարգը որոշ դեր կատարած է, հայ երաժշտական մշակոյթի պատմութեան ընթացքին: Համակարգի հնարաւորութիւններուն շնորհիւ Լիմոնճեանն ու իր աշակերտները, մինչեւ Նիկողոս Թաշճեան, մեծ գործ կատարած են հայ եկեղեցական երաժշտութեան ձայնագրման եւ կորուստէ փրկելու ասպարէզին մէջ:
Հայ հոգեւոր իշխանութեան հաւանութեամբ` համակարգը պաշտօնապէս որդեգրուած է որպէս մաս` հայկական դպրոցներու ծրագիրներուն: Այս ուղղութեամբ առանձնապէս մեծ է Գէորգ Դևրդ Կաթողիկոսի վաստակը, որն օգտագործելով Նիկողոս Թաշճեանի գիտելիքները, ձայնագրել տուած է պատարագի երգեցողութիւնը, ժամագիրքը, շարականներն ու բազմաթիւ այլ հոգեւոր երգեր:
Այժմ, հայ հոգեւոր երաժշտութենէն “Ով է որպէս“ սրբասացութիւնը:
Յետագային, 19ևրդ դարու կիսուն եւ 20-րդ դարու սկիզբը Լիմոնճեանի համակարգով ձայնագրուած են նաեւ ժողովրդական երգեր: Այս մարզին մէջ առանձնապէս մեծ է Կոմիտաս Վարդապետի վաստակը: Ուսանողական տարիներէն սկսեալ, մինչեւ գիտակցական կեանքի վերջին տարիները, Կոմիտասն օգտագործած է Լիմոնճեանի համակարգը, որպէս երաժշտական սղագրութեան իւրայատուկ միջոց` եւ գրի առած է բազմաթիւ ժողովրդական երգեր:
Լիմոնճեանի համակարգը իր նշանակութիւնն ունեցած է նաեւ` Հայ Իրականութեան մէջ, յօրինողական ինքնուրոյն ստեղծագործութիւններու առաջին նմոյշներու մշակման ուղղութեամբ:
Լիմոնճեանն ունեցած է նաեւ, հոգեւոր բովանդակութեամբ` ձայնական երաժշտութեան յատուկ յօրինումներ, որոնք դժբախտաբար մեզի չեն հասած:


