“ԵՐԱԶԱՐԹ“Ի ՅԻՇԱՏԱԿԵԼԻ ԵՐԵԿՈՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 1 Second

Հոծ բազմութիւն մը ներկայացած էր Չարլի եւ Հռիփ Մինասեաններու բնակարանը (Լեքսինկթըն, Մասաչուսէց), ուր տեղի ունեցաւ “Երազարթ“ի գեղարուեստական ընթրիք-գեղարուեստական ձեռնարկը:

Դաշնակահար Նարա Աւետիսեան

“Երազարթ“ հիմնարկի անունով խօսք առաւ պատասխանատու Նիքոլ Հաժժար, որ յայտնեց թէ տիարք Նուպար Աֆէյեանի եւ Ռաֆֆի Ֆըսթըքճեանի կողմէ հիմնուած այս հիմնարկը 2006-էն ի վեր կը գործէ, քաջալերելով երիտասարդ երաժիշտներ:

Հաժժար յայտնեց թէ, այս տարուայ ընթացքին, կարելի եղած է 12 հազար տոլար ապահովել եւ տրամադրել Կապանի Երաժշտանոցին: Նաեւ, հիմնարկը յաջողած է ապահովել աւագասրինգ, Երեւանի “Սպենդիարեան“ եւ “Չայքովսքի“ երաժշտանոցներուն: Կարելի եղած է եօթ հազար տոլարի գումար մը ապահովել եւ տրամադրել երիտասարդ արուեստագէտներու, որոնք յաւելեալ մասնագիտութիւններու պիտի հետեւին:

Թաւջութակահար Վարդան Գասպարեան

Ընթրիքէն ետք, տեղի ունեցաւ յատուկ գեղարուեստական յայտագիր: Ելոյթ ունեցան դաշնակահար Նարա Աւետիսեան (քսան տարեկան) եւ թաւջութակահար Վարդան Գասպարեան (23 տարեկան), որոնք նուագեցին գործեր` Շոսթաքովիչէն, Ռախմանինովէն, Պախէն, Պապաճանեանէն եւ Կոմիտասէն եւ հմայեցին ներկաները:

Նարա Աւետիսեան, որ մասնակցած էր 2007-ի “Երազարթ“ի ելոյթներուն, այժմ կը շարունակէ իր մասնագիտութիւնը` Քլիվլէնտի երաժշտանոցէն ներս: Իսկ Վարդան Գասպարեան կը մասնագիտանայ Լոս Անճելըսի “Քոլպըրն“ երաժշտանոցէն ներս:

Ելոյթէն գերտպաւորուած, ներկայ ընտրանին կատարեց նուիրատուութիւններ: Կարելի եղաւ ապահովել 18 հազար տոլար:

“Երազարթ“ի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել.- www.yerazart.org.

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles