
Մակար ի Գաղիա
Հայկական արուարձանի սրճարանի մայթին, սեղանի մը առջեւ նստած, ֆրանսական երկու ազգային հաց պակէթի գինով մինի բաժակով սուրճին պատիւ կ’ընէինք եւ կը զրուցէինք Արմենակ եւ ես, սպասելով Էլպիսի եւ Մակարուհիի հայրենասիրական ընդեղէններով վերադարձը:
Կեդրոնականցին յանկարծ դադրեցուց խօսակցութիւնը եւ մատով ցոյց տուաւ մեր առջեւէն անցնող մը: Ըսաւ.
– Կը տեսնես այդ մարդը: Դեռ քանի մը տարի առաջ ամէն տեղ ներկայ կ’ըլլար, ազգային հարցերու մասին կարծիք կը յայտնէր, կրկնելով՝ «ա մոն ավի»: Իր կարծիքները ամբողջ հայ կեանքը կ’ընդգրկէին, Հայաստանը, միութիւնները, կուսակցութիւնները, եկեղեցին: Առաջին անգամ զինք լսողը այն տպաւորութիւնը կ’ունենար, որ ծնած էր հայերու նոր Մեսիան:
– Ինչո՞ւ կը տրտնջաս, փոխանակ քաջալերելու, երբ այնքա՜ն անտարբերներ կան:
– Պատանեկան օրերէն մնացած յանկերգներ: Լաւ էր, բացակայ չէր ըլլար, ցոյցերու ընթացքին դրօշակ կը բռնէր, բոլորին առջեւէն կը քալէր: Հիմա հարստացեր է, նոր բնակարան կառուցել տուած է, «քլէօպ»ներու անդամ է, շաբաթավերջին ովկիանոսի ափի Տովիլ քաղաքը կ’երթայ կոլֆ խաղալու: Հայ կեանքէն հեռացեր է, ոչ դասախօսութիւններու ներկայ կ’ըլլայ, ոչ ալ ցոյցերու:
– Արմենակ,- ըսի,- լաւ է, հայկական սփիւռքի մարդիկ, ինչպէս կարգ մը գիտուններ կ’ըսեն, իրենց կեթթոյէն դուրս կու գան, եւ աշխարհին ցոյց կու տան, որ հայերը այլեւս գաղթական չեն:
– Ճիշդ ես, եթէ իրենք զիրենք չդրժեն: Քանի մը շաբաթ առաջ, քաղաքապետի գինեձօնին հրաւիրուած էի: Հոն էր անցեալի մեր Կիրակոսը, ընկերներուն համար՝ Կիրոն, որ հիմա դարձեր է Մէօսիէօ Կի, ազգանունի ԵԱՆն ալ անհետացեր է, փէշերու պէս կարճցեր, դժուարահունչ ձայներն ալ մեղմացեր են եւ Խաչատուրեանը դարձեր է Քաժադուղ:
– Արմենա՛կ, օտարանուն հայերու ոչ առաջինն է եւ ոչ ալ վերջինը պիտի ըլլայ: Գէթ այս մէկը օգտակար եղած է: Պէտք չէ խրտչեցնել:
– Գինեձօնին զիրար սիրալիր բարեւեցինք: Քաղաքավարական զրոյցի ընթացքին ըսի, «Կիրօ, Ապրիլ 24ի ցոյցին,- որ ի դէպ քաղաքակրթուած է եւ կը կոչուի տողանցք,- կը յուսամ որ կրկին միասին կ’ըլլանք»: Բարձրաթռիչ շեշտով մը ըսաւ. «Ես ամբոխ չեմ»: Եւ գնաց:
– Բնական է, Կիրակոս Խաչատուրեանը երբ Կի Քաժադուղ կ’ըլլայ, կոլֆ կը խաղայ, ամբոխ չ’ըլլար:
– Մակա՛ր, Կիրակոսը ոչ թէ այլեւս ամբոխ չէ, հայ ալ չէ: Ան գացած է միանալու ծագումով հայերու ամբոխին: Երանի չյիշէ այդքանն ալ, որպէսզի չփտեցնէ ուրիշները:
Չակարծէք որ Քաժադուղները հայասէր չեն: Հայաստան ալ կ’երթան՝ որպէս տուրիստ եւ կը ծափահարուին:
Ես ինծի հարց կու տամ, թէ ինչպէ՞ս անկումներու եւ տխրութիւններու պատկերները կը տեսնէ միայն Կեդրոնականցին: Իսկ ազգ առաջնորդող ճառախօսները եւ տէրտէրները խուփ աչքերով կը դառնան Քաժատուղներուն շուրջ:
Այս մտածեցի եւ չըսի Արմենակին, որպէսզի իր ցաւը չքրքրեմ: