Եկաւ, Տեսաւ … Եւ Մեզ Հմայեց

0 0
Read Time:4 Minute, 26 Second

18051_b
Գէորգ Պետիկեան

Միտքս պարզեմ: Քաջատեղեակ էք, շատ հաւանաբար այո՛, թէ Յունիս 24ին, եռօրեայ Իր այցելութեամբ՝ Հայաստան եկաւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ քահանայապետ-հոգեւոր առաջնորդ եւ Վատիկան պետութեան ղեկավար՝ ՓրանկիսկոսՊպապը:
Հովուական այս աննախընթաց այցելութեան երեք օրերու ընթացքին, հաւանաբար ինծի նման շատեր ալ կապուած ու նոյնիսկ գամուած մնացին հայկական եւ քիչ մըն ալ տեղական հեռատեսիլի կայաններուն դիմաց, որպէսզի աւելի մօտէն հետեւէին Հայաստան՝ «Այս առաջին քրիստոնեայ երկիր» խորագրով մեր հայրենիքը այցելող եւ կամ ուխտագնացութեան եկող սուրբ Պապի իւրաքանչիւր քայլին, խօսքերուն, պատգամներուն, մաղթանքներուն, օրհնու-թիւններուն եւ կոչերուն:
Պէտք է հպարտօրէն շեշտել, թէ մեզի պէս ամբողջ աշխարհն ալ հետեւեցաւ այս մէկուն: Ու մենք, իբրեւ եկեղեցի եւ պետութիւն, ու համայն հայութեամբ եւ արժանավայել կերպով ու հայու յատուկ հիւրընկալութեամբ, ե՛ւ կենցաղով, ե՛ւ նկարագրով, գիրկընդբաց ընդունեցինք Զինք:
Պապը եկաւ մեր երկիրը, ու իր այս գալուստով մեր արդի պատմութեան մէջ, մեզի համար նոր ու լուսաւոր էջ մը բացաւ:
Ապրի: Կարեւոր էջ մը:
Այսպէս, Ան մեզի եւ աշխարհի խաղաղութեան համար միշտ աղօթեց: Աղօթեց նաեւ դարերու կեանք ունեցող մեր Սուրբ Էջմիածնի կամարներուն տակ: Ապա, Կիւմրիի «Վարդանանց» հրապարակին վրայ կատարեց արարողութիւն, իսկ Երեւանի «Ազատութեան» հրապարակին վրայ՝ տպաւորիչ մաղթանքներ ըրաւ:
Իբրեւ հոգեւոր մեծ հովիւ, Ան մեզ միշտ օրհնեց: Օրհնեց բոլորս՝ հոգեւորականէն մինչեւ երեխաները: Իր հրապարակային խօսքերուն մէջ յորդորեց, մեծին եւ պզտիկին: Յարգանքով մօտեցաւ հաշմանդամներուն եւ իւրաքանչիւրին մէկ առ մէկ համբուրեց: Հիացաւ մեր պատմութեան եւ մեր դարաւոր հայրենիքին ու յատկապէս ամէն առիթով աչքերը յառեց «պիպլիական» մեր սուրբ լերան՝ Արարատին: Ու վերջին՝ բարի յիշատակներով ու յուշանուէրներով Իր աթոռը վերադարձաւ:
Յիշեցման կարգով ըսեմ, նաեւ, իբրեւ առաջին մեծ նախաձեռնող, պատիւ իրեն, Հռոմի նոյն այս Սրբազան Պապը 2015-ի Ապրիլ 12ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, ոչ միայն պատմական պատարագ մատուցեց, այլեւ իբրեւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ, իր քարոզ-ուղերձին մէջ յստակօրէն յիշեց 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, զայն որակելով իբրեւ այդ դարու առաջին աննախադէպ ողբերգութիւնը: Աւելին, դարձեալ պատիւ, այս մեր հիւր սրբազան քահանայապետը՝ նոյն տարին մեր սուրբերէն Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ:
Այս ինքնին, արդէն մեծ եւ կարեւոր նշանակութեան գործօն է մեր ժողովուրդի մղած պայքարի դաշտին վրայ: Իսկ իր այս այցելութեան Ան քանի մը անգամներ հրապարակային կերպով յիշեց «Ցեղասպանութիւն» բառը:
Իբրեւ հայ եւ պարզ անհատ, անձնապէս հիացած եմ Փրանկիսկոս պապին: Ան ինծի համար իրապէս գիտակից հոգեւորական մըն է, ճշմարիտ ղեկավար մը եւ իր կոչումին տէր անձնաւորութիւն մը, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայ մը եւ մեծ փիլիսոփայ, որ մեր երկիրը հիւր եկաւ, կիսելու համար մեզի հետ, մեր յոյսերն ու մտահոգութիւնները:
Մէկ խօսքով, այս համեստ ու անշահախնդիր ուխտաւորին այցելութիւնը պատմական դարձակէտ մը նկատուեցաւ բոլորին կողմէ:
Եւ տակաւին իր կեցութեան երեք օրերուն, Ան մեզի սէր եւ հաւատք քարոզեց: Քարոզեց մեղմ ու համոզիչ ձայնով: Հանդարտ եւ նոյնքան ալ տպաւորիչ: Խրատեց իրարու հանդէպ ներողա-միտ ըլլալ: Զիրար սիրել: Հոգեւոր միութիւն փառաբանեց ու Իր պատգամներուն մէջ գիտակցօրէն մեր մեծանուն բանաստեղծ՝ Չարենցէն, գեղեցիկ տողերէն յիշեց: Նաեւ իբրեւ մեծ ու բարի օրինակ՝ Ան յիշեց մեր սուրբերէն Ներսէս Շնորհալի հայրապետն ու Գրիգոր Նարեկացին: Ապա, կրկին ու կրկին անգամներ օրհնեց մեզ ու մեր երկիրը, չմոռնալով նաեւ մեր ապագան: Խաղաղութիւն մաղթեց մեր ազատ ու անկախ հայրենիքին ու անոր կից՝ մեր Արցախին:
Եւ վերջապէս…Սուրբ Պապը եկաւ ու իր հետ բերաւ ամբողջ բարի եւ օրինակելի աշխարհ մը:
Ան նաեւ չմոռցաւ մեզի յիշեցնելու յարգել օրէնքի գերակայութիւնը: Խրատեց մեզմէ հեռացնել ամէն ատելութիւն ու նախանձ, ամէն կաշառակերութիւն եւ զրպարտութիւն: Շեշտեց նաեւ, թէ դրամը պէտք չէ, որ մեզ կառավարէ: Ծառայասիրութիւն քարոզեց ու երկարօրէն յորդորեց ըլլալ համեստ ու բարի: Յիշեցուց նաեւ՝ թէ այն Աստուածը զոր մենք կը պաշտենք, խաղաղութեան Աստուածն է: Եւ վերջապէս, չմոռցաւ Իր համակրանքը, յարգանքն ու սէրը հրապարակելու հայկական հարցին եւ մեր ժողովուրդին եւ մեր պատմութեան: Ու այս բոլորի յիշատակումով Ան եկաւ հաստատելու, թէ հայ ժողովուրդն ալ իր դարաւոր կեանքով մաս կը կազմէր աշխարհի մեծ մշակոյթին:
Ըսի ու կրկնեցի, օրհնեց մեզ եւ մեր ապագան:
Իսկ հիմա… Ի՞նչ սորվեցանք Իրմէ: Ինչո՞ւ եկաւ Պապը: Արդեօ՞ք եկաւ այս բոլորը մեզի յիշեցնելու: Ի՞նչ դասեր կը կարծէք կրցանք քաղել իր «հրամցուցածներէն»:Արդեօ՞ք իսկապէս այս բոլորին կարիքը ունէինք: Արդեօք մոռցած էինք, թէ մենք իբրեւ հոգեւորական, իշխանաւոր եւ կամ պարզ քաղաքացի, ովքեր ենք եւ թէ ի՞նչ կամ ի՞նչեր կ՛ընենք, եւ կամ մեր ներկայ ընթացքով ազգովին ո՞ւր հասած ենք, ո՞ւր «կ՛երթանք» եւ կամ ո՞ւր հասցուցած ենք մեր երկիրը:
Կը կարծեմ, որ Ինք մեզի «դասեր» տուաւ, միաժամանակ լռելեայն ըսելով «հասկցողին շատ բարեւ»: Բայց ինչո՞ւ եւ ան ալ մեզի՞ պէս ժողովուրդի մը: Ըսէ՛ք, ինչո՞ւ: Չէ՞, որ մենք աշխարհի առաջին քրիստոնեայ երկրի ժողովուրդը ըլլալով, այս բոլորը «արդէն գիտենք»: Արդեօ՞ք այս բոլորին կարիքը ունէինք: Արդեօ՞ք, ներկայիս աշխարհի ամէնէն հաւատացեալ ժողովուրդներէն ենք: Արդեօ՞ք պէտք ունէինք այս բոլոր բարի եւ օգտաշատ թելադրանքնրուն:
Իմ կարծիքով…անկասկած:
Ու վերջապէս.- ի՞նչ սորվեցանք այս բանիմաց եւ ուխտագնաց մեծ հաւատացեալէն: Անոր թելադրանքներէն: Շատ հաւանաբար բոլորիս մտքին եւ հոգիին մէջ Իր բոլոր պարզածները ունեցան իրենց որոշ կամ յստակ արձագանգները: Սակայն որքանո՞վ իսկապէս մենք զմեզ ճանչցանք եւ թէ ինչպէ՞ս մենք զմեզ պիտի կարենանք սրբագրել: Արդեօ՞ք տեսանելի էր, թէ մենք ծուռ եւ կամ ոչ շիտակ ճամբաներու վրայ կը գտնուէինք, որ նման թելադրանքներ ստացանք:
Եւ եթէ այդպիսին է. այս բոլորէն ետք, արդեօ՞ք քաջութիւնը ունինք կամ պիտի ունենանք մենք զմեզ սրբագրելու:
Չեմ գիտեր:
Իւրաքանչիւր հայ, ըլլայ ան հոգեւորական կամ աշխարհիկ, մեծահարուստ կամ իշխանաւոր կամ պետական դէմք եւ կամ պարզ հայ քաղաքացի, այս հարցումին ինքն իր անձին թող հարց տայ:
Ես միայն իմ «արդեօ՞ք»իս պատասխանը ունիմ:
Ճիշդ ասոր համար է, որ մեծապէս շնորհակալ ու միաժամանակ երախտապարտ եմ Վատիկանի գահակալէն, Իր այցելութեան առթիւ կատարած յորդորներուն եւ էական, ազդեցիկ ու կարեւոր յիշեցումներուն համար:
Երանի~, նման հիւր այցելուներ միշտ ունենանք:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles