ԵԹԷ ՋՈՋԵՐԸ ԳՐԱԲԱՐ ՍՈՐՎԻՆ, Կ’ԸԼԼԱՆ ՀԱՄԵՍՏ ԵՒ ԻՄԱՍՏՈՒՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 54 Second

 

Կեդրոնականցի Արմենակի հետ կը զրուցէինք: Այս Կեդրոնականցի ակումիտին*,- ոչ անկուտին,- հայկական լրատուամիջոցները, թերթերը, յանձնասփիւռները եւ հեռատեսիլի կայանները ժամ պէտք է տան, որպէսզի հանրային դաստիարակութեամբ զբաղի:

            Լեղի սուրճէն ետք, եղանակի արեւոտ յետմիջօրէին, Արմենակ գրպանէն թղթիկ մը հանեց եւ ըսաւ.

            – Ժողովուրդին գրաբար պէտք է սորվեցնել, որպէսզի համեստ եւ իմաստուն դառնայ:

            Կեդրոնականցիին միտքերը կը յիշեցնեն Պուտտայի ուսուցումը:

            – Արմենա՛կ, խելքիդ բերի՞ր, պարզ հայերէնն անգամ մոռցողները բան գործ չունի՞ն, որ գրաբար սորվին:

            – Չե՞ս նկատեր, որ մեծ ըլլալու համաճարակ կայ: Աթոռախտ: Հիները կ’ըսէին՝ բարձ: Այնքա՜ն նախագահներ ունինք, նախարարներ եւ նախարարութեան թեկնածուներ, բեմի վրայ շորարալ ցանկացողներ, որ ազգը վերածուած է թատրոնի: Մարդիկ ուրիշի գրած ճառը բեմէն կը կարդան, կ’արձանագրեն, յաճախ իրենց ձայնը մտիկ կ’ընեն եւ կ’երջանկանան: Քանի որ բեմէն խօսած են, ուր որ երթան առաջին շարքի աթոռներէն մէկը կը պատուեն իրենց անձով:

            – Մի՛ անհանգստանար: Ունեցած ենք եւ ունինք ջոջեր, սովետի օրերուն անոնք նոմանկլատուրա էին, իսկ արդիականացող եւ եւրոպականացող սփիւռքները կ’ըսեն էսթէպլիշմընթ, տարբեր շապիկով բայց Պարոնեանի ջոջերը:

            – Մակա՛ր, նոր ջոջերը ժողովներու, համաժողովներու, խորհրդաժողովներու կ’երթան, սրահ մուտքին թղթապանակներ կը տրուին: Ինչո՞ւ հայելի մըն ալ չեն տար, որպէսզի իրենք զիրենք եւ սրահը դիտեն, հասկնալու համար, թէ սխալ տեղ չե՞ն եկած:

            – Ի՞նչ պէտք է ընել, Արմենակ:

            – Բոլորին գրաբար սորվեցնել, որպէսզի Քրիստոսի ուսուցումը հասկնան:

            – Ի՞նչ կարդալու համար:

            Արմենակ գրպանէն թղթիկ մը հանեց ու կարդաց. Յորժամ կոչիցէ ոք զքեզ ի հարսանիս՝ կամ ի կոչունս, մի բազմիցիս յառաջին բարձին. գուցէ պատուականագոյն եւս քան զքեզ իցէ կոչեցեալն ի նմանէ: Եւ եկեալ՝ որ զքեզն եւ զնա կոչեաց. ասիցէ ցքեզ՝ տուր սմա տեղի. եւ ապա սկսան իցիս ամօթով զյետին տեղին ունել: Այլ յորժամ կոչիցիս, երթիջիր՝ բազմիջիր ի յետին տեղւոջ. զի յորժամ գայցէ որ կոչեացն զքեզ, ասիցէ ցքեզ. բարեկամ ի վեր մատիր. յայնժամ եղիցին քեզ փառք առաջի բարձակացն քոց:

            Եւ աւելցուց.   «Անոնք գրաբար պիտի չսորվին, ընդհանրապէս սորվելիք չունին: Աթոռ-աթոռակի համար բաւարար գիտելիք ունին, նաեւ քսակ կամ քոմպինացիա: Մենք չունինք մեծ, որ ըսէ. տուր սմա տեղի. եւ ապա իցիս ամօթով զյետին տեղին ունել… Զյետին տեղն ընդունելու համար առաքինի պէտք է ըլլալ, ինչ որ գրաբար սորվելէն աւելի դժուար է: Հայելի կարելի է տալ, թերեւս իրենք զիրենք կը դիտեն, եթէ հաւկուրութենէ  չեն տառապիր,- եզրակացուց Արմենակ:

            Նկատի ունենալով, որ հայելիի մեծ պահանջ կայ, հիմնադրամ մը չստեղծե՞նք:

            Իսկ Յիսուսի խօսքը աշխարհաբարով ըսելու կարիք չկայ: Ո՞վ պիտի լսէ:

           

Մակար ի Գաղիա, 25 հոկտեմբեր 2018

 

* Գիտուն

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles