“ԵԹԷ“… Ե-ԹԷ

0 0
Read Time:3 Minute, 34 Second

yete vaheberberian-

Զ.Թ.

Պոսթըն – Մասաչուսէց

Յստակացնելու համար վերնագիրը, Վահէ Պէրպէրեանի “Եթէ“ն ելեկտրականացած “թէ“ մըն է, ելեկտրաթէ, կամ պարզումեկին` եթէ քայլ պահելու համար արդի առօրեային, ելեկտրականացած ու համակարգչային առօրեային հետ, ուր մարդ էակը ժամեր կը տրամադրէ ե-նամակը ստուգելու, դիմատետրին հետեւելու կամ դայլայլիչով կարծիքներ յայտնելու եւ այլ ե-ութիւններ:

“Եթէ“ն բաւական մը կը տարբերի Վահէի նախկին մենախօսութիւններէն:

Ո՛չ…զուարճացնելու փոխարէն տխրութիւն չէ որ կը հրամցուի:

Ընդհակառակը, կուշտ ու կուռ կը խնդայ հանդիսատեսը: Ո՛չ ալ ոճի կամ պատրաստութեան գծով  տարբերութիւն գոյութիւն ունի: Այլ նիւթն է որ իւրայատուկ է, եւ այդ նիւթին ընդմէջէն է որ մենախօսը, գրեթէ երկու ժամ կը տրամադրէ բեմին վրայ մերթ խօսելով, մերթ զրուցելով…եւ միշտ ալ շարժուն վիճակի մէջ:

Եթէ այս մէկը հանդիսատեսը չնկատէ, այդ ալ հաւանաբար նոյնինքն բանախօսին ներկայութեան պատճառաւ է: Երկար ու հիւսուած մազեր, ազատամիտ կամ նոյնիսկ “անիշխանական“ հագուացք եւ այս անգամ առանց իր մանկութեան հեծիկին…այսպէս է Վահէ Պէրպէրեան մենախօս տիպարը:

“Եթէ“ին նիւթը` անձկութիւնն է, որուն պատմականը կարճ մուտքով մը կը ներկայացուի: Դիւրացնելու համար հանդիսատեսին ունկնդրութիւնը, Վահէ անգլերէն թարգմանութեամբ կը ներկայացնէ բազմաթիւ հայորդիներու համար, այս համեմատաբար քիչ լսուած ու գործածուած բառը` “Anxiety“ն, որ այս գրութեամբ արդէն իսկ ինքզինք կը բացատրէ: Եօթանասունականներու աւարտին, Հոլիվուտի իւրայատուկ տիպարներէն` Մէլ Պրուքս պատրաստած էր ծիծաղաշարժ “High Anxiety“ ժապաւէնը: Բառախաղ մը կատարելով, առանց “High“ութեան, սակայն իր “հայ“ութեամբ` Վահէ կը ներկայացնէ  “Anxiety“ն` անձկութիւնը:

“Եթէ“ն յատուկ նիւթ մը արծարծելով, երբեք չմնար սահմանափակ, մանաւանդ որ հանդիսատեսը, մենախօսութեան աւարտին կ՛ենթագիտակցի թէ ներկայացուած նիւթը` անձկութիւն համաճարակը, որքան աւերներ գործած է եւ դեռ ալ կը գործէ:

“Եթէ“ին մէջ, հանդիսատեսը կը զգայ անձկութիւնը ամենայն հարազատութեամբ, յատկապէս երբ մենախօսը կը նկարագրէ թէ կորսուած երկրորդական ճամբու մը վրայ, կը փորձէ տեղեկութիւններ ստանալ անցորդէ մը, որ ամենայն ինքնավստահութեամբ ու հարազատութեամբ կը բացատրէ, սակայն ինք իրար անցած է …բառին բուն իմաստով անձկութեան մէջ է, չկրնար կեդրոնանալ եւ լաւապէս ըմբռնել գէթ ամէն գնով օժանդակելու տրամադրութիւն ցուցաբերող այդ օտարին, որուն նմանները, ի միջի այլոց, հետզհետէ սկսած են անհետանալ աշխարհ կոչեցեալ բնագաւառէն, եւ ձախն ու աջը, կամ հիւսիսն ու հարաւը կորսնցուցած են իրենց կողմնացոյցի դերը: Նոյնիսկ արդիականացած GPS դրութիւնն անգամ չէ լուծած այս հարցը: Նմանօրինակ տեսարան մը կը ներկայացնէ շատ աւելի աժան եւ անհեթեթ մենախօսական պահեր ստեղծող հանրածանօթ ֆրանսացի Կատ Էլ Մալէհ (ծագումով Մարոքցի):

“Եթէ“ն հազիւ քանի մը անգամ կը գործածուի ամբողջ մենախօսութեան ընթացքին, նոյնինքն մենախօսն ալ այդ մէկը կը հաստատէ, սակայն միշտ ալ շաղկապելով հանդիսատեսը իր մտքին մէջ, այն տպաւորութիւնը կ՛ունենայ թէ բազմիցս գործածուած է այս կարճ շաղկապը:

“Եթէ“ին ընդմէջէն, հանդիսատեսը կը պեղէ իր անմիջական միջավայրի անձկութիւնը` անձնական անձկութիւնը, բաղդատելով երբեմնի դրախտային օրերուն:

“Եթէ“ն նաեւ կը յատկանշուի բառախաղերով: Բառախաղեր, ուր հայագէտ մը հաւանաբար զայրանայ թէ կարելի չէ տարբեր ուղղագրութեամբ գրուող բառեր բաղդատել ու շաղկապել, սակայն հոս տեղին է հարց տալ միթէ աղաւաղուած չէ՞ մեր ուղղագրութիւնը, եւ այդ “Պլէք Հիւմըր“եան ոճով հետեւիլ պատառին, պատառաքաղին ու պատարագին եւ …բաց պատարագին շաղկապման եւ այսպէս, հաւաքաբար անհաւատալի հաւաքոյթ մը կազմակերպել, հնդկահաւի շուրջ, Հաւանայի մէջ:

Այսպէս, “Եթէ“ն նաեւ ելեկտրականացած “թէ“ մըն է, ելեկտրաթէ, կամ եթէ, եւ այդ ալ կարելի է բացատրել Վահէին նկարագրած անցեալ դարաշրջանի Առաքելին տիպարով, որ կէս գիշերուան ժամերուն ամենայն համարձակութեամբ կը հնչեցնէ զանգը, իր բարեկամներուն կամ նոյնիսկ անծանօթներուն, որոնք գրկաբաց կ՛ընդունին ու ծխախոտին եւ սուրճին շուրջ կը զրուցեն, սկսելով այսինչ կամ այնինչ դրացիի առօրեայէն մինչեւ այսինչ կամ այնինչ երկրին նախագահական ընտրութիւնները: Այսօր, գոյութիւն չունին նմանօրինակ տիպարներ: Երեկոյեան ժամերուն զանգ մը…եւ կ՛ելեկտրականանայ մթնոլորտը տունէն ներս: Անապահովութեան եւ անվստահութեան նշանները ցոյց տուող արտայայտութիւններ…եւ տասնեակ մը տարիներ առաջ այդ տան բաց դուռը կը մնայ փակ: Այսպէս, բազմիցս կատարուած բառախաղերը շարունակելով, Առաքելն ալ վերածուած է Առաքեալի…եւ այդ ալ առաքինօրէն, առանձ առաքման, անվերադարձ արագիլի մը նման: Նոյնիսկ Վահէին նկարագրած այդ տեսակաւոր վաճառանիշներով ծխախոտները, իրենց յիշատակելի ու տարօրինակ ծրարումներով վերացուած (…բարեբախտաբար) են: Առ հասարակ վերցուելու ընթացքի մէջ են, նոյնինքն ծխախոտները, որոնք փոխարինուած են ե-ծխախոտներով: Դեռ աւելին, ծուխն ու գոլորշին ալ ելեկտրականացած են ստեղծելով ե-ապականութիւն:

“Եթէ“ այդ բեմահարթակի խնդացող եւ տխրող դիմակն է, որ վար առնուած է, եւ նոյնիսկ սուգն ու գոյժը` անդենականը…մահը, ժպիտով մը կը դիմաւորուի Վահէի առաջնորդութեամբ:

“Եթէ“ն թէական է…գուցէ նաեւ թէյական: Բազմիցս վիճակագրական տեղեկութիւններու վրայ հիմնուելով մեկնաբանութիւններ կը կատարէ Վահէ Պէրպէրեան, մերկացնելով անընդունելի սովորութիւններ եւ յոռի բարքեր, որոնք ոչ թէ միայն Կլենտէյլի (Գալիֆորնիա) մէջ կը կատարուին, այլ ամենուրեք եւ դժբախտաբար ազգային բոլոր բնագաւառներէն ներս:

“Եթէ“ կարելի ըլլար դարմանել այս ախտը, այդ ժամանակ, այլ շաղկապով մը կրնար Վահէն պատրաստել իր յաջորդ մենախօսութիւնը: “Սակայն“…ե-թէ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles