
Գանատայի շաբաթաթերթ “Հորիզոն“էն կը տեղեկանանք թէ, Փետրուար 17-ին, Մոնրէալի Սուրբ Յակոբ առաջնորդարանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, թեմի բարեջան Առաջնորդ Խաժակ Արք. Յակոբեանի նախագահութեամբ եւ Հայոց Առաքելական եւ Հայ Աւետարանական հոգեւոր հայրերու ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ բազմավաստակ կրթական մշակ, Սուրէն Խանամիրեան ազգային գոլէճի երկարամեայ տնօրէն Եդուարդ Էլոյեանի ազգային յուղարկաւորութիւնը:
Արարողութեան ընթացքին իրենց խօսքերը փոխանցեցին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, տիար Յակոբ Ճանպազեան եւ հանգուցեալին դուստրը` Նուշիկ Էլոյեան: Սգակիրներուն իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Խաժակ Սրբազան Յակոբեան, որ յայտնեց, թէ Եդուարդ Էլոյեան երկար տարիներ անսակարկ նուիրումով ծառայեց հայ դպրութեան բագինին եւ կերտեց ազգային ոգիով տոգորուած նոր սերունդի փաղանգներ: Ստորեւ յապաւումով Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի խօսքը .-
Մեր Երէց ընկերը` Եդուարդ Էլոյեանն ուրիշ էր. իր շուքը ծանր ու տարբեր էր. իր հայերէնը` ոսկեղնիկ ու ճառագայթող. իր գրական, պատմական, մշակութային արժէքներու տիրապետումը` ամբողջական. իր համոզումները` խոր ու լուրջ գիտելիքներով խարսխուած. իր նուիրումը ազգին, եկեղեցւոյն եւ իր գաղափարական ընտանիքին` անսակարկելի: Շատերուն էր հայր, ուրիշներուն` մեծ եղբայր, իր անմիջական շրջանակին` խորհրդատու, իսկ բոլորին` առաքինի, անկեղծ եւ կարեկցող ընկեր:
Եդուարդ Էլոյեան փայլուն ներկայացուցիչն էր այն անհետացող սերունդին, որ Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած մնացորդացէն տակաւ առ տակաւ կազմուող սփիւռքին հայապահպանման եւ հայակերտման դաշտին մէջ թողուց իւրայատուկ դրոշմ: Հանդիսացաւ մէկը այն հազուագիւտ ղեկավարներէն, որ ինքզինք նոր վերագտնող հայուն մէջ ամրապնդեց իր ազգային դարաւոր արժէքներու պաշտամունքը, անոր գաղափարական հիմքը, նուիրումի գիտակցութիւնը եւ պայքարի վճռակամութիւնը: Եւ Հայրենիքէն աքսորուած մեծերուն շունչին տակ եւ անոնց որպէս անմիջական գործակից` իր կեանքը նուիրեց Միջին Արեւելքի մէջ տարտղնուած մեր ժողովուրդի դաստիարակութեան, անձեւ քաոսէն նոր եւ պահանջատէր հայութիւն ստեղծելու սուրբ գործին: Եւ նոյն թափով տարիներ ետք շարունակեց հայակերտման այդ գործը Գանատայի մէջ եւս:
Եդուարդ Էլոյեանի էութիւնը թրծուած էր Սուրիոյ ու Լիբանանի ազգային հնոցներուն մէջ: Ճակատագրի զուգադիպութեամբ իր ու հօրս կեանքի ճանապարհները ընդելուզուած էին այդ վայրերուն մէջ: Հօրս ճամբով իմացած եմ պարոն Էլոյեանի կեանքին ու արժանիքներուն մասին իրեն ծանօթանալէս դեռ շատ առաջ: Ինքն ու հայրս ծնած էին հայ գաղթաշխարհի նոյն երկրին մէջ, նոյն տարին, նոյն ամիսը: Երկուքն ալ հօրմէ որբ, երկուքն ալ շատ կանուխէն կորսնցուցած իրենց միակ եղբայրը, երկուքն ալ չարչարեալ բայց չարքաշ ու վճռակամ իրենց մայրերու խնամքով մեծցած, երկուքն ալ դառն աղքատութիւն ճաշակած, երկուքն ալ միաժամանակ դարձած ազգին զինուորագրեալ , երկուքն ալ Հալէպի նոյն վարժարաններուն փայլուն աշակերտներ եւ որպէս այդպիսին երկուքն ալ 1940-ական թուականներուն տեղափոխուած Անթիլիաս` Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, ուր մեծ գիտնական երջանկայիշատակ Գարեգին Յովսէփեան հայրապետին շունչին տակ թրծուեցան մեր մշակոյթի արժէքներով ու երիտասարդ տարիքէն նետուեցան ազգային ասպարէզ: Եւ Լիբանան տեղափոխուելէ ետք գործեցին Ս, Նշանի շրջափակի կողք կողքի գտնուող շէնքերուն մէջ:
*
* *
Բախտն ու պատիւը ունեցած եմ մօտէն ծանօթանալու Եդուարդ Էլոյեանի կեանքին ու գործունէութեան տարբեր երեսներուն … յատկապէս որպէս ազնիւ հայ մարդ, անզուգական դաստիարակ-տնօրէն եւ անշահախնդիր ազգային-կուսակցական գործիչ:
Եդուարդ Էլոյեանը ամէն բանէ առաջ կեանքով լեցուն եւ վարակիչ լաւատեսութեամբ համակուած բարեհամբոյր հայ մարդն էր` վաւերական մտաւորականի յատկութիւններով օժտուած: Պարագաներու բերմամբ կարգ մը մարդիկ միա’յն իր խիստ դէմքն ու սակաւախօսութիւնը կը նկատէին: Նոյնիսկ կը կարծէին որ անհաղորդ է ու ինքնակեդրոն: Բայց զինք լաւ ճանչցողները գիտէին որ իր զուսպ ու երբեմն նոյնիսկ ստոյիկ թուող արտաքինի ետին կը բաբախէր գերզգայուն սիրտ մը յագեցած ռոմանթիզմով ու իտէալիզմով:
Ան պրպտող միտք էր, շարունակաբար հետարքրքուած ոչ միայն իր հայ շրջապատով այլ համաշխարհային տարբեր բնագաւառներու շարժումներով ու զարգացումներով: Դաժան թշնամին էր միջակութեան, կաղապարուած գաղափարներու եւ մակերեսային վերլուծումներու. ինքնատիպ մտածողութեան, նորարարութեան եւ քննական մօտեցումներու ջատագովն էր: Անխոնջ ընթերցասէր` ինքնաշխատութեամբ ընդարձակած էր իր դպրեվանքէն ժառանգած գիտական ու գրական պաշարը. եւ յարատեւօրէն զարգացուցած` իր արուեստի ճաշակը: Լոկ մշակութասէրէն անդին` էր վաւերական գրականագէտ, զգայուն արուեստագէտ, նուրբ բանաստեղծ: Դժբախտաբար իր կուսակցական ու ազգային խճողուած կեանքը առիթ չէր տուած իրեն, որպէսզի առօրեայի մաշեցնող պահանջներէն անդին կարողանար կեդրոնանալ իր ներաշխարհը իրեն հարազատ ձեւով թուղթին կամ պաստառին յանձնելու գործին վրայ. կը զգար այդ բացը եւ կ’ընդունէր որ զոհն էր նաեւ իր ծայրայեղ բծախնդրութեան եւ ինքն իր հանդէպ ունեցած ահաւոր պահանջկոտութեան: Արդ` այսօր կ’ափսոսանք որ ազգային պարտաւորութիւններու հեւքին մէջ ան իր այդ միւս սէրերը ստիպուեցաւ “լքել“ ինչպէս իր սերունդի գործիչներէն շատերը:
Պարոն Էլոյեանը խստաբարոյ տնօրէնն էր եւ անզուգական դաստիարակը: Շուքը ծանր եւ երկիւղախառն յարգանք պարտադրող:
Գիտէինք որ իր ջանքերուն շնորհիւ Ս. Նշան ազգային փոքր վարժարանը վերածուած էր անգլիական թեքումով երկրորդական վարժարանի եւ բարերարին անունով մկրտուած` Սուրէն Խանամիրեան ազգային գոլէճ: Կը վայելէինք գոլեճի նորակառոյց շէնքը որ տարուէ տարի աճող աշակերտութեան համար ունէր բոլոր յարմարութիւնները: Հպարտ էինք որ պարոն տնօրէնը իր շուրջ համախմբած էր ուսուցչական որակաւոր կազմ բաղկացած փորձառու եւ լաւագոյն համալսարաններէ վկայեալ մասնագէտներէ: Ուրախ էինք որ բծախնդրութեամբ կը պարտադրէր ուսման բարձր մակարդակ համոզուած ըլլալով որ հայեցի կրթութեան կողքին այս վարժարանը պարտէր ջամբել նաեւ առաջնակարգ ուսում իր շրջանաւարտներուն ապահովելու համար պետական քննութիւններու լաւագոյն արդիւնքներ: Հպարտ էինք որ Խանամիրեան գոլէճը 1970-ականներուն հանդիսացաւ միակ ազգային երկրորդական վարժարանը որ օժտուեցաւ Երկրորդ Պաքալորիայի կարգով եւ սկսաւ ընդունիլ 12րդ դասարանի աշակերտներ ազգային վարժարաններու շրջանաւարտներու լրիւ հունձքէն:
Մեր նախակրթարանի տարիներուն հեռու էր մեզմէ եւ ուրախ էինք այդ հեռաւորութեամբ. ան պարզապէս մեր տնօրէնն էր որու հետ մեր շփումները սահմանափակուած էին: Միայն կ’իմանայինք թէ որքան խիստ ու պահանջկոտ ուսուցիչ էր. առասպելներ կը շրջէին թէ բարձրագոյն կարգերու լաւագոյն աշակերտներու արտադրութիւններն անգամ ցած նիշերու կ’արժանանային եւ թէ իր գրչի անողոք դատաստանին կ’ենթարկուէին պարտականութեան ու քննութեան բոլոր տետրակները, որոնց էջերը վերէն վար կարմիրով կը ներկուէին: Կը տեսնէինք զինք զբօսանքի պահերուն եւ դադարներուն միայն եւ կը փորձէինք խուսափիլ իրմէ: Միայն երբ տնօրէնութեան գրասենեակին մօտերէն կ’անցնէինք, աչքի ծայրով կը դիտէինք զինք աշխատանքի պահուն` հակած իր թղթածրարներուն վրայ, զորս փոքր մատիտներ օգտագործելով իր մանր ու իւրայատուկ ձեռագրով կը զարդարէր:
Երբ բարձրացանք երկրորդական բաժին անձկութեամբ կը սպասէինք հայ գրականութեան առաջին դասապահին. Հասաւ պահը երբ մեր առջեւ կանգնեցաւ պարոն Էլոյեանը եւ այնպիսի համոզումով, եռանդով ու հաղորդականութեամբ ներկայացուց հայ գրական գոհարներէն նմոյշներ որ ուղղակի շշմեցուց մեզ: Անդրադարձանք որ իր պահանջկոտութեան համբաւը հիմնաւորում ունէր, բայց սիրով ենթարկուեցանք իր նոյնիսկ անիրապաշտ թուող ակնկալութիւններուն, քաջ գիտակցելով որ հրամցուածը անկրկնելի պատեհութիւն էր գիտելիք ամբարելու եւ գրական ու մշակութային ճաշակ զարգացնելու: Իր դասերը եղան վայելքի պահեր որոնք հայ գրական ու մշակութային ժառանգին հանդէպ մեզի ներշնչեցին հիմնաւորուած սէր ու հպարտութիւն: Բերնէն կախուած կ’ըմբոշխնէինք իր դասախօսութիւնները, զորս հմուտ դերասանի իւրայատուկ առոգանութեամբ, պահուն յամարող շեշտադրումով եւ ունկնդիրը հմայող ճարտարութեամբ մեզի կը հրամցնէր որպէս մեր մատղաշ մտքերուն ու հոգիներուն սնունդ:
Մեր պատանեկութեան օրերուն պարոն տնօրէնը մեզի համար մարմնացումն էր պատմութեան գրքերու ընդմէջէն յայտնաբերուող հայ նուիրեալ եւ բազմակողմանի ղեկավարին: Իր մէջ կը տեսնէինք հաւատաւոր մատաւորականի, անզուգական դաստիարակի եւ անշեղ գաղափարախօսի իսկական կերպարը, որ կը յիշեցնէր խոնարհ ու լռակեաց հերոսներու փաղանգը` համեստ, նուիրեալ, անշահախնդիր, անբասիր: Կը փորձէինք օգտուիլ իր յորդորներէն. կու տայինք մեր լաւագոյնը երբեմն ակնկալելով դոյզն դրուատանք. բայց պարոն տնօրէնը ժլատ էր իր գնահատականներուն մէջ. անոր համար ալ իր կողմէ քաջալերական փոքր խօսքն իսկ աշխարհով մէկ գովասանքի համազօր կը նկատէինք:
Պարոն Էլոյեանը նոր սերունդներ դաստիարակելու գործը շարունակեց նաեւ Գանատայի մէջ, Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի բարձրագոյն կարգերէն ներս դասաւանդելով հայ լեզու, գրականութիւն եւ պատմութիւն: Այս նոր երկրին մէջ ալ յամառ աշխատանքով կարողացաւ սիրաշահիլ դժուարահաճ նոր սերունդները, յարմարելով նոր պայմաններուն բայց երբէք չզիջելով իր ուսուցման մակարդակէն ու հայ արժէքներուն հանդէպ տածած բծախնդրութենէն:
Հայեցի կրթութեան կողքին պարոն Էլոյեանը իր աշակերտներուն մղեց գիտական մտածողութեան ու հարցերու քննական մօտեցումի. ասոնց կողքին շեշտեց կարեւորութիւնը արուեստագէտի զգայնութեան եւ երեւակայութեան թռիչքի. սորվեցուց վերլուծութեան եւ համադրութեան մեթոտաբանութիւն. երիտասարդութեան մօտ քաջալերեց յեղափոխական ոգիի դրսեւորումները եւ քարոզեց համակերպումի դէմ պայքարելու անհրաժեշտութեան մասին: Եւսերմանած հունտերը ծլին ու ծաղկին:
Իսկ Ընկեր Էլոյեանը ազգային-կուսակցական ղեկավարն էր, ամրապինդ համոզումներով, յստակ տեսլականով եւ երկաթեայ կարգապահութեամբ: Ականատեսն էր իր ժողովուրդի յետեղեռնեան եւ յետ Հայաստանի անկախութեան ունեցած վերիվայրումներուն ու ձեռքբերումներուն որոնց մէջ ունեցաւ կարեւոր դերակատարութիւն. Ճակատագրական պահերուն իր կրթական մշակի հանգամանքէն անկախ մասնակից էր նաեւ որպէս գաղափարի զինուորագրեալ, քարոզչական պատասխանատու, երիտասարդութեան կապ եւ ՀՅԴ ղեկավար մարմիններու անդամ, սկսելով` սփիւռքի կազմակերպումէն, անցնելով հակահամայնավար պայքարի հանգրուաններէն, հայրենադարձութեան արկածախնդրութենէն, եկեղեցական տագնապէն ու ներազգային բախումներէն, Եղեռնի յիսնամեակի զարթօնքէն, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու վերահաստատումէն, Սուրիոյ ու Լիբանանի տագնապներէն, հայ դատի միջազգայնացումէն եւ հասնելով մինչեւ Արցախեան ազատամարտ ու Հայաստանի վերանկախացում:
Ան ազգային ու կուսակցական բեղուն գործունէութիւն ունեցաւ երեք երկիրներու մէջ:
Սուրիոյ մէջ եղած է Զաւարեան վարժարանի ու Քարէն Եփփէ ճեմարանի ուսուցիչ, Սահակեան ազգային վարժարանի տնօրէն ու ՀՅԴ կոմիտէներու անդամ. 1960-ական թուականներուն ՀՅԴի հանդէպ Սուրիական պետութեան շղթայազերծած հալածանքի օրերուն ձեռբակալուած ու բանտարկուած է, բայց վերջ ի վերջոյ ազատ արձակուած մասամբ իր արաբ բարեկամներու միջնորդութեան շնորհիւ:
Լիբանանի մէջ եղած է Ս. Խանամիրեան ազգային գոլէճի ուսուցիչ եւ տնօրէն: Ընտրուած է Հ.Յ.Դ. Լիբանան Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ եւ ատենադպրութեան կողքին ստանձնած է երիտասարդութեան հետ կապի պատասխանատուութիւնը: Դպրոցի առաքելութեան զուգահեռ իր հետաքրքրութեան ծիրը միշտ ընդգրկած է երիտասարդութիւնը որուն հանդէպ տածած է յատուկ գուրգուրանք: Լիբանանի մէջ փնտռուած բանախօս էր եւ երիտասարդութեան գաղափարական դաստիարակ:
Լիբանանի իր բնակութեան վերջին տարուան ընթացքին անարդար վերաբերմունքի արժանացած ընկեր Էլոյեանը Գանատա հասաւ 1981-ի Յունուարին` հիւծած, ընկճուած, իր ներաշխարհը ալեկոծած եւ արժանապատուութիւնը վիրաւորուած: Բայց դառնացած չէր ու իր հաւատքն ու համոզումները մնացած էին աներեր: Շրջապատուած էր հարազատներով ու լաւ ընկերներով որոնք օգնեցին իրեն վերագտնելու իր իւրայատուկ եռանդն ու լաւատեսութիւնը: Լծուեցաւ կրթական գործի Ս. Յակոբ ազգային վարժարանէն ներս, ստանձնեց հայ կազմակերպ կեանքէ ներս երիտասարդութեան ներգրաւման աշխատանքի պատասխանատուութիւն եւ վերադարձաւ կուսակցական աշխոյժ կեանքի: Եւ իր երբեմնի աշակերտին համար ինչպիսի հաճոյք էր ընկեր Էլոյեանը, պարոն տնօրէնը ունենալ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի նոյն կազմին մէջ ուր ան համեստաբար եւ վարակիչ նուիրումով ծառայեց` իրմէ սերունդ մը վար իր գործակիցներուն հետ վարուելով օրինակելի յարգանքով ու սիրով:
Իր կուսակցական գործունէութեան երկար տարիներուն ընթացքին ան եղաւ անվհատ գործիչ մշտապէս լաւատեսութեամբ համակուած: Ընկեր Էլոյեան մնաց միշտ համբերատար ու համախմբող. յարգուած բոլոր շրջանակներէ նոէնիսկ ընդդիմադիրներէ. այդ պատճառով ալ միջկուսակցական հանդիպումներու նախընտրուած բանագնացն էր:
Ընկեր էլոյեան Հայաստանի անկախ պետականութեան հաւատաւոր նուիրեալն էր, որ հոգեկան անխառն հրճուանքով դիմաւորեց Հայաստանի վերանկախացումը: Քաջ գիտակիցն էր պետականութեան արժէքին եւ զայն ձեռք բերելու համար ազգովին վճարուած սուղ գինին: Հակառակ հայրենիքի մէջ տերող քաղաքական մթնոլորտին, ՀՀ իշխանութիւններուն ընկերա-տնտեսական ձախաւեր քաղաքականութեան եւ Հայաստան-Թուրքիա տխրահռչակ արձանագրութիւններուն, ան կը պատգամէր իր շրջապատին ըլլալ զուսպ, դրական եւ կեդրոնանալ շինիչ լուծումներ որոնելու վրայ:
Իմաստալից ու բեղուն կեանք մը ունեցաւ ընկեր Էլոյեան. Մեկնեզաւ այս աշխարհէն իր հազարաւոր աշակերտներուն եւ գործի ու գաղափարի ընկերներուն կտակելով հայրենիքի ու հայութեան ծառայասիրութեան մեծ ժառանգ:
Այսօր երկրորդ հայր մը կորսնցնելու համազօր վիշտ է պատած զիս: Բայց կը մխիթարուիմ այն հանգամանքով որ անոր շունչն ու ջամբած արժէքները պիտի վերապրին իմ, իմ նմաններուն եւ մեզի յաջորդող սերունդներուն մէջ:
ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ Լիբանանի եւ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէներու եւ համայն Դաշնակցական ընտանիքի անունով կը յայտնեմ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները Տիկին Էլոյեանին, Նուշիկին, ընկեր Լորիսին, համայն Փափազեան եւ Մալոյեան ընտանիքներուն եւ իր բոլոր ընկերներուն:
Լոյս` իր յիշատակին ու յարգանք` իր պատկառելի վաստակին:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան
Փետրուար 17, 2014