

ԳԱՀԻՐԷ.- Եգիպտոսի խորհրդարանի մշակոյթի եւ տեղեկատուութեան յանձնախումբի անդամ Մուսթաֆա Պաքրի խորհրդարանին ներկայացուցած է բանաձեւ մը, որ խորհրդարանէն կը պահանջէ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Մ.Ա.Կ.-ի եւ այլ պետութեանց կոչ կ՛ուղղէ իրաւական անհրաժեշտ միջոցառումները որդեգրելու` միջազգային ընտանիքին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար:
Այս բանաձեւը ստորագրուած է 337 երեսփոխաններու կողմէ:
Պաքրի անհրաժեշտ նկատած է դատապարտումը հայերուն դէմ 1915էն 1922 կատարուած օսմանեան կոտորածներուն, որոնք խլեցին մէկուկէս միլիոն անմեղ քաղաքացիներու կեանք, նկատելով, որ այս ոճիրը անզէն ժողովուրդի մը դէմ Ցեղասպանութիւն է:
Պատգամաւոր Ֆայէզ Պարաքաթ յայտարարեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման խորհրդարանական որոշման նախագիծի ստորագրութիւնները եգիպտական պետականութեան դէմ, թրքական իշխանութիւններու ներքին գործերուն միջամտելու հետեւողական փորձերուն հակադարձելու փորձ մըն են:
Հանրապետական ժողովուրդ կուսակցութեան Խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ պատգամաւոր Մոհամմէտ Սալահ Ապու Հըմելա իր աջակցութիւնը յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Պաքրիի փաստաթուղթին, պարզելով, որ Թուրքիա էութեամբ գաղթատիրական պետութիւն մըն է, որ կատարած է բազմաթիւ ոճիրներ:
Խորհրդարանի անդամ Սիւզի Նաշետ յայտնեց թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը խորհրդարանին կողմէ մեծապէս պիտի ազդէ միջազգային համայնքին առջեւ Թուրքիոյ դիրքին, հաւաստելով Թուրքիոյ ոճիրները այս ժողովուրդին հանդէպ: