Լրահոս
ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՐԵԿՈՅ
ԳԱՀԻՐԷ.- Եգիպտոսի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հայ մշակութային “Յուսաբեր“ կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Հոկտեմբեր 30-ին “Յուսաբեր“ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ եգիպտական-հայկական մշակութային երեկոյ մը:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան դեսպաններ, պետական անձնաւորութիւններ, Եգիպտոսի բանակի բանբեր գնդապետ-զօրավար Մոհամետ Սամիր, տեղեկատուութեան նախկին նախարար, Մարդու իրաւունքներու ազգային խորհուրդի նախագահ, դեսպան Մոհամետ Ֆայէք, եգիպտական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ եւ պաշտօնական հիւրեր։

