
Մակար, ի Գաղիա, 21 Դեկտեմբեր 2017
Դեկտեմբերի անարեւ թուխպ երկինք մը նստած էր մեծ քաղաքին վրայ: Համեստ հայու մը յուղարկաւորութեան գացի Կեդրոնականցի Արմենակին հետ:
Երբ համեստ բառը գործածեցի, Արմենակ ընդվզած ըսաւ.
– Մակա՛ր, դո՞ւն ալ դրամի մեքենային մէջ մտած ես: Ինչո՞ւ կ’ըսես համեստ մարդու մը համար, որ աւելի քան կէս դար միութեան մը անդամ եղած է, հաւատալով որ իր ներկայութեամբ, աշխատանքով եւ սենթերով օգտակար կ’ըլլայ: Ոչ շքանշան ուզած է եւ ոչ աթոռ-աթոռակ:
– Ճիշդ ես: Համեստութիւնը գէշ բան չէ,- ըսի:
Թաղման արարողութիւնը եղաւ մէկ քահանայ եւ երկու դպիրով: Քահանան մխիթարութեան համար երկինքը խոստացաւ: Ոչ սրբազան, ոչ բազմութիւն, ոչ հոգեհաց:
Գլխիկոր կը քալէինք:
Գետնուղիի մուտքին առջեւ կանգ առինք, քանի որ տարբեր ճամբաներով պիտի վերադառնայինք:
Պիտի զարմանայի, եթէ Արմենակ լռիկ-մնջիկ մնար համեստի մը թաղումէն ետք:
– Մակա՛ր, գիտես, հայ մեծ մարդ մը եղած է անցեալին, անբասիր յեղափոխական, քու ըսածիդ պէս համեստ, բայց մեծ: Անոր յուշերուն մէջ կարդացած էի զինուոր Մոսոյի թաղման առիթով իր գրած խօսքը:
Հետաքրքրուած, պատին կռթնած, սպասեցի որ Կեդրոնականցին խօսի:
– Զինուոր Մոսոյի թաղումը եղած է անշուք, ճիշդ այսօրուան պէս, մինչ զինուոր Մոսոներու քամակին նստածներու թաղումը կ’ըլլայ փառաշուք: Համեստնենրն ալ կու գան յարգանքի տուրք տալու, բայց իրենց քամակի անհամեստները շալկած Մոսոներուն վերջին հրաժեշտին համար չեն տեղափոխուիր, անհամեստ կերպով միշտ զբաղած կ’ըլլան:
– Արմենա՛կ, կարծես առաջին անգամն է որ կը հանդիպիս նման վերաբերումի:
Չըսի, որ պատահած է որ բանաստեղծ մը թաղուի քսան հոգիով, ուրիշ բանաստեղծ մը, նոյն եկեղեցիին մէջ, երեսուն հոգիով:
– Մակա՛ր, համեստները կոյր չեն, խուլ չեն, կը տեսնեն կը լսեն: Երբ ներկայ չեն ըսեր Մոսոներու քամակը նստածներու թամթամային կոչերուն, զո՞վ պէտք քննադատել:
Ըսաւ եւ գետնուղի իջաւ-գնաց ինքզինք տխրեցնող Կեդրոնականցին:
Մտածեցի. հայրենահանուած գաղթականի զաւակ եւ թոռ ենք: Ե՞րբ կրցանք զարգացնել այսքան հոգեկան-ոգեկան անհաւասարութիւն եւ քարոզել հաւասարութիւն: