Լրահոս

“ՀԱՅԱՍՏԱՆ“ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ.- ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔԻ ԱԶԴԱՆՇԱՆԸ ՏՐՈՒԵՑԱՒ

teleton  ՓԱՐԻԶ.- Նոյեմբեր 21-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, ազդանշանը տուաւ դրամահաւքին, որուն այս տարուայ հովանաւորութիւնը ստանձնած է հանրածանօթ Մարսէյաբնակ բեմադրիչ Ռոպէր Կէտիկեան (ձախին) եւ իր կողակիցը` Արիան Ասքարիտ:

Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնեց “Հայաստան“ Համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի գրասենեակի անձնակազմին եւ բոլոր կամաւորներուն,  որոնք անմիջական մասնակցութիւն կը բերեն հեռախօսով կատարուած այս դրամահաւաքին` ընդգծելով, որ Եւրոպայի հայութիւնը միշտ եղած է Արցախի կողքին, ըստ ամենայնի սատարելով Արցախի հանրապետութեան:

Հակառակ տնտեսական դժուարութիւններուն, Եւրոպայէն հաւաքուած գումարը նախորդ տարուան գումարէն չորս տոկոսով աւելի եղած է:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button