
Պատերազմը վերջ չէ գտած տակաւին հակառակ յայտարարուած մարդասիրական զինադուլին։ Նոյնիսկ զինադուլը զուրկ է բովանդակութենէ, երբ թշնամին շնաբար կ՚օգտագործէ վերջին րոպէները աւելի եւս սփռելու իր աւերածութիւնը գործածելով միջազգայնօրէն արգիլուած քլասթըր ռումբեր։ Գործ ունինք ոչ թէ պատերազմիկ կողմի հետ, այլ ոճրագործի։ Այս պարագային՝ երկո՛ւ ոճրագործներու յանձինս Էրտողանի եւ Ալիեւի եւ իրենց վարչակարգերո՛ւն՝ որոնց հետ կարելի չէ այլեւս խօսիլ քաղաքակիրթ աշխարհի լեզուով եւ չափանիշներով։
Իսկ քաղաքակիրթ աշխարհը պիտի կրնա՞յ իր իսկ հաստատած օրինակարգը արժեցնել այս օրերու դիւանագիտութեան հողին վրայ…Պիտի կրնա՞յ հաշուի նստիլ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ֆաշիստ տիրակալութիւններուն հետ մարդավայել խստապահանջութեամբ։ Պիտի կրնա՞յ ըստ արժանւոյն տէր կանգնիլ այն յաղթանակին, որ հայ զինուորը հոյակերտեց մեր ժողովուրդի ծով արեան գնով։
Արտաքին գործոց Նախարար Լաւրովի ամփոփագրին վերջին նախադասութիւնը երբեք լաւ բան չի խոստանար։ Ան կ՚ըսէ, թէ բանակցային գործընթացի ձեւաչափը պիտի մնայ անփոփոխ…Պարզ խօսքով, ի՞նչ հասկնալ այս «անփոփոխ»-ելիութենէն։ Դեռ չկշտացա՞նք տարիներ շարունակ ջուր ծեծելէ եւ ցեղասպան այս ուժերը անամօթաբար զինելէ։ Տասնըհինգ օրերու արհաւիրքը մեր ժողովուրդին պարտադրելէ ետք, այս ի՞նչ թանկագին ձեւաչափ է, որ կը պահուի անփոփոխ եւ business as usual…Այսինքն վերադարձած ենք մեր առօրեայ առուտուրին եւ վե՞րջ։
Կ՚իմանամ, որ Նախարար Մնացականեան ամուր կանգնած է երէկ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման պահանջի դիրքերուն վրայ։ Ասիկա կարեւոր սկիզբ մըն է։ Կարեւոր քա՛յլ մը խաղատախտակը շուռ տալու եւ Պր. Լաւրովի յիշած «անփոփոխ»-ը հաստատակամօրէն փոխելու։
Դիւանագիտութեան կողմերը պէտք է գործեն այն յստակ գիտակցութեամբ, որ մենք այսօր տարբեր ազգ մըն ենք այլեւս։ Պատերազմը կողմնակի պատահար մը չէ մարդուս կեանքին մէջ, զոր իրաւունք ունիս ծալլելու եւ մէկդի դնելու։ Գոյութենական այս կենսավիճակէն բխող տարբեր ինքնագիտակցութիւն մըն է, որ կը բնորոշէ եւ կ՚առաջնորդէ մեզ այլեւս։ Պատերազմը դաժան դպրոց մըն էր, որ բիւրեղացուց ամէն բան։ Մենք հիմա շատ աւելի յստակօրէն գիտենք, թէ ո՞վ էք դուք եւ ո՞վ ենք մենք։ եւ յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան, թէ ո՞ւր քաշուած են, այս կէտին վրայ, մեզ անցեալի անպտուղ դիւանագիտութենէն բաժնող գիծերը։