ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱԶՈՒԿԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԱՄՈՒԼ

0 0
Read Time:3 Minute, 33 Second

ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն

Խմբագրական

 

«Երբեք վախով չբանակցի՛նք։ Բայց երբեք չվախնա՛նք բանակցելէ»:

Ճոն Քենետի (1917-1963)

Դիւանագիտական ռազմադաշտը տարբեր է, թէ՛ իր ոլորտով եւ թէ՛ իր ստեղծած պայմաններով։ Հոն ալ զինամթերք գոյութիւն ունի, ամէնափոքր փամփուշտէն մինչեւ ամենածանր հրետանին եւ նոյնիսկ… անօդաչու սարքը, հոն ալ կարելի է անակնկալ կացութիւններ ստեղծել եւ նոյնիսկ դիրքեր գրաւել։ Այդ ընելու համար պէտք է ունենալ տեսլական, շրջահայեացութիւն, գիտելիք, նոյնքան մըն ալ արիութիւն:
44-օրեայ պատերազմի աղէտալի աւարտն ու չարաչար պարտութիւնը, յատկապէս այդ պարտութիւնը կերտած ղեկավարութեան կուրօրէն կառչած մնալը ծանր հարուած տուած է նա՛եւ Հայաստանի դիւանագիտական բազուկին: Միայն կամաւոր կոյրերն է որ չեն տեսներ, թէ վարչապետ Փաշինեանի հովանաւորութեան տակ գտնուող «պայմանագրեալ քաղաքացիներ», այսինքն «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ի անդամ երիտասարդ նորելուկներ հետեւողական կերպով թափանցած են պետական վարչամեքենայէն ներս եւ յափշտակած՝ բանալի պաշտօններ, սկսելով արտաքին գործոց նախարարութէնէն մինչեւ Սպիտակ Տան երկրին մէջ դեսպան նշանակուածը, անցնելով գրեթէ բոլոր ոլորտներէն: Նոյնքան ակներեւ է, որ նման պաշտօններու կոչուելու համար, փորձառութիւն, իմացութիւն անկարեւոր են, միակ նախապայմանը՝ վարչապետին (եւ զայն ներսէն ու դուրսէն հովանաւորողներուն) հաւատարիմ ճանչցուիլն է:
Բնականաբար զարմանալի չէ արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս ստեղծուած կացութիւնը՝ Նոյեմբեր 9, 2020-էն ետք, երբ բանալի դիրքեր ունեցող եւ համեմատաբար աւելի փորձառու անձնաւորութիւններ «շնչահեղձ» եղան, ստիպուեցան հրաժարիլ եւ հեռանալ իրենց պաշտօններէն։
Նոյն հայեցակէտով ալ, երբեք զարմանալի եւ անսպասելի չէ Արցախի ղեկավարութենէն հնչած ահազանգերը։ Արդարեւ, փոխանակ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանն է, որ լաւապէս «դիտելով» կացութիւնը (չմոռնանք, որ ան տեսողութիւնը զոհ տուած է ազերիական ռումբի մը), ամէնայն յանդգնութեամբ պատասխանեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մէկ պոռոտախօս արտայայտութեան, ըստ որուն՝ «Լեռնային Ղարաբաղ գոյութիւն չունի» եւ թէ՝ «հարցը փակուած կը համարուի»։
Բեգլարեան դիւանագիտական իւրայատուկ բառամթերքով եւ բառախաղով պատասխանեց․
«Այո՛, Լեռնային Ղարաբաղ գոյութիւն չունի, որովհետեւ գոյութիւն ունի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, որ թէեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած չէ պաշտօնապէս, բայց ենթակայ է միջազգային իրաւունքի»։
Աւելին, կարկինը լայնցնել եւ ներատրպէյճանական դիտարկում մը կատարելով, Բեգլարեան նշեց, թէ հայերու կողքին, կան թալիշներ, աւարներ, թաթարներ, լեզգիներ եւ այլ փոքրամասնութիւններ, եւ Ալիեւի համար առաջնահերթութիւն մը պէտք է ըլլայ այս գծով նոյնչափ լիազօրութիւն վստահիլ։ Այս խօսքերը բնականաբար պէտք չէ ընկալել իբրեւ պատրաստակամութիւն՝ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ որեւէ գոյավիճակով տեսնելու պատրաստակամութեան, որուն քարոզիչներն են ՔՊ-ականներու պետն եւ «ուսապարկեր»-ը:
Այլ խօսքով՝ Բեգլարեանի պատասխանը յստակ է. Արցախի տագնապը պիտի չլուծուի՝ այնքան ատեն որ Պաքու հաշուի չէ առած Արցախի բնիկ ժողովուրդին ինքնորոշման արդար եւ անբեկանելի, անվիճելի՛ իրաւունքը: Իսկ ոեւէ հայ (բացի փաշինեանական խաղաղասիրութեամբ տարուող միամիտներէ) գիտէ, որ սա կը նշանակէ Ատրպէյճանի հակակշիռէն դուրս կարգավիճակ, սկսելով անկախ հանրապետութեան հաստատումէն մինչեւ միացում Հայաստանին: Քանզի միւս ընտրանքը Արցախի շուտափոյթ հայաթափումը պիտի ըլլայ, ինչպէս անցեալին պատահեցաւ Նախիջեւանին, Գետաշէն-Շահումեանին, հիմա արդէն պատահած է Շուշիէն Հատրութ եւ նորոգ խլուած-նուիրուած շրջաններուն:
Բեգլարեանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութենէն հնչող արագ եւ տեղին յայտարարութիւններուն դիմաց, վարանումի եւ տատամսումի մէջ են Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու աշխարհի չորս ծագերուն գործող դեսպանատուները, եթէ հաշուի չառնենք կիսկատար մէկ քանի արտայայտութիւն։ ՔՊ-ական տատամսումի, երկչոտութեան եւ իբրե՜ւ թէ խաղաղասիրութեան նորագոյն արտայայտութիւնը հնչեց եւրոպայէն, երբ իշխանութեան ներկայացուցիչները փորձեցին փարատել եւրոպացի պաշտօնակիցներու վախերը, ըսելով, որ պիտի չխօսին… Արցախի հարցին մասին, այլ կը բաւականանան մարդկային իրաւունքներու եւ խաղաղասիրութեան մասին քարոզախօսութեամբ: Բարեբախտաբար, ընդդիմադիր ճակատի ներկայացուցիչները եղան աւելի՛ պահանջկոտ եւ մատները դրին վէրքին վրայ:
Յստակ է, թէ որքա՜ն կտրուկ, եւ նոյնինքն Բեգլարեանի ոճո՛վ կարելի է պատասխանել, երբ Ալիեւ ամէնայն ինքնավստահութեամբ եւ յոխորտանքով կը պնդէ, թէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը ամէն գնով պէտք է բանալ, որովհետեւ Հայաստան ստորագրած է համապատասխան յայտարարութիւնը, աւելի՛ն, թէ՝ Ե․Ա․Հ․Կ․-ի Մինսքի խմբակի հետագայ գործունէութեան կարիքը չկայ։ Անդին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Քէրըն Տանֆրիտ վերջերս յստակօրէն նշեց, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ Ուքրայինայի դէմ պատերազմին պատճառով, Միացեալ Նահանգներ խզած են Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները, սակայն Արցախի հարցին մէջ պատրաստ են շարունակելու Ե․Ա․Հ․Կ․-ի Մինսքի խմբակին մէջ համագործակութիւնը` ի շահ խաղաղութեան եւ հիմնահարցի խաղաղ եւ տեւական լուծման:
Մենք մեզ չխաբենք. Հ․Հ․ դիւանագիտական բեմահարթակը ինքզինք մատնած է իրողական ամլութեան։ Յստակ են պատճառները։
Երբ պարտեալ ղեկավարը կը շարունակէ ղեկավարել երկիրը, երբ նոյն այդ ղեկավարին ճպոտէն կախեալ են հլու կամակատար դիւանագէտներու (չ)ընելիքը, երբ պարտուող անձը դէմ առ դէմ կը տեսակցի յաղթականին հետ եւ կը յամառի խօսիլ անոր լեզուով, իր ժողովուրդին շահերէն աւելի՝ մտահոգ է թշնամիին իրաւունքներով, պատրաստ է անոր նուիրելու Հայաստանէն նոր հողամասեր, կը ջանայ հայութիւնն ալ համոզել, որ ցնորական խաղաղութեան համար պէտք է շարունակել զիջումէ զիջում արշաւը, արդէն ասֆալթին կը փռուի Ճոն Քենետիի վերոյիշեալ մտածումը: Հետեւանքը կ’ըլլայ այն, որ թէ՛ վախով կը բանակցինք, թէ՛ կը վախնանք բանակցելու։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
100 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles