

Յ. Պալեան
Հայկական ընկերութեան մէջ եղած են կացութիւններէն դժգոհներ, օգտուողներ եւ ծափահարողներ: Այդպէս են բոլոր ժողովուրդները:
Դժգոհները կ’աղմկեն հրապարակին վրայ, բանաւոր եւ գրաւոր, բայց անոնց աղմուկը կը լսուի՞, բանի մը կը ծառայէ, թէ՞ կ’անտեսուի: Միամիտ չըլլանք. դարը յայտարարած է խօսքի եւ կարծիքի ազատութիւն, բայց դեռ լուծուած չէ այդ ազատութեան ընձեռած խօսքը բազմագոյն իշխանութիւններէն լսելի դարձնելու ձեւը: Անոնք, կարծէք կ’ըսեն. «Դժգոհեցէ՛ք, աղմկեցէ՛ք, թուղթ մրոտեցէ՛ք, ընկերային ցանցերը խճողեցէ՛ք, ազատ էք, բայց ձեր ձայնը բուրգին գագաթը չի հասնիր»:
Այսպէս է իշխանութեան յարաբերութիւնը ժողովուրդին հետ, ինչ պիտակ ալ ունենայ ան: Իսկ քուէատէրը կը խորհի, որ ինք է իշխանութիւն: Խաբկանք՝ զոր կ’ապրի քուէատուփին առջեւ:
Նոր իշխանութիւնը կը ներկայանայ այնպէս, որ կարծէք ունի ճշմարտութեան մենաշնորհը եւ կախարդական ճիպոտը հարցերը լուծելու, դրախտը ներկայ դարձնելու: Յոյս: Խոստում: Ֆրանսացին կ’ըսէ, որ խոստումը յանձնառու կը դարձնէ անոր հաւատացողը: Այս եթէ հասկնանք, կը զինուինք յուսախաբութիւններու դէմ, զոհը չենք ըլլար մեքենայութիւններու, մանիպուլացիայի, կոմպինացիայի:
Հեռու չեն այն օրերը, երբ Խորհրդային Միութիւնը ինքզինք կը յայտարարէր աշխատաւորութեան դրախտը՝ հաւասարութեան գլխարկին տակ, բայց պատմութիւնը ցոյց տուաւ, որ հոն քիչեր երջանիկ էին, եւ անհաւասարութիւնները կանոն էին, խոստանալով երջանկութեան Նոր Աշխարհ: Արդիւնքները նկարագրութեան կարիք չունին: Ժողովուրդները ապրեցան ճնշման տակ:
Իշխանութիւնները անհակակշռելի են, ունին իրենց աշխատանքի համակարգը (système), ժողովրդավարութիւնը թմրեցուցիչ է միամտացնելու համար զանգուածները, որ իշխանութիւնը իրենք են, որ ան իրենցմէ կը բխի, իրենց կը ծառայէ: Իր անունը չըսող մենատիրութիւնը, անահատական, խմբական կամ հաւաքական, հասարակաց կամքը կ’իւրացնէ, ըլլայ հարուստ եւ զարգացած, թէ աղքատ եւ քաղաքակրթական յառաջընթացէն ետ մնացած երկիրներու մէջ :
Աշխարհի մէջ իշխանութիւններուն դէմ գրուած յօդուածները եւ գիրքերը եթէ հաւաքենք, ամէն տարի Աղեքսանդրիոյ առասպելական մատենադարանը կրնանք լեցնել: Ոչ միայն գիրքերը, այլ նաեւ անոնց մասին գրուած մեկնաբանութիւնները, հեռատեսիլի պզտիկ պատուհանը խճող վիճարկումները: Խօսքեր, խօսքեր: Դեռ չեմ խօսիր սրճարանային անվերջանալի թեր ու դէմ կարծիքներու մասին: Աւելցնենք նաեւ թեր եւ մանաւանդ դէմ ցոյցերը, անոնց ընթացքին խօսուած ճառերը, կրկնուած կարգախօսները եւ պարզուած պաստառները: Համագումար, հրաշք լուծումներ պիտի գտնուէին: Բայց նոյն թատրոնը կը վերսկսի նոր մարդոց հետ, քուէատուփի նոր վճիռէն ետք, որ կը հաստատէ կէսէն մէկ աւելիին իշխանութիւնը կէսէն մէկ պակասին դէմ:
Տպուած էջերը, բեմերէ եւ հեռատեսիլի պատուհանէն լսուած վերլուծումները այնքան առատ են, որ համեստ քաղաքացին, որուն օր մը պիտի դիմեն իր քուէին համար, շատ բաներ-բաներ կը լսէ, որ պէտք է իմաստուն դառնայ եւ ճիշդ ընտրութիւն կատարէ: Եւ համոզուած՝ ճիշդ ընտրութիւն կը կատարէ: Բայց ընտրուած հին կամ նոր իշխանութիւնը կրկին չի բաւարարեր, նորերը դրախտ չեն բերեր, բուրգին գագաթը գտնուողները կը դառնան անհասանելի, աւելի ճիշդ, կարգախօսի եւ խոստումի հաւատացած քաղաքացին, ինքզինք կը գտնէ դժգոհութեան նախկին ալիքին վրայ: Եւ կ’եզրակացնէ, որ զիրենք վարողները անկարողներ են, եթէ շահագործողներ չեն, կամ՝ փառասէրներ, եւ կը նախատեսեն, որ երկիրը, քաղաքը, կուսակցութիւնը կամ միութիւնը կ’երթան դէպի փլուզում, եւ ոմանք ալ կը մարգարէանան շեփորելու համար մեծ աղէտներու սպառնալիքը:
Զանազան ձեւերով արտայայտուող դժգոհութիւնները երբեմն կը յանգին մեծ կամ պզտիկ ցոյցերու, ապակի ջարդելու, խրտուիլակներ այրելու: Յետո՞յ… Իշխանութիւնը կը շարունակէ հետեւիլ իր տրամաբանութեան եւ իր ծրագրին, եթէ ունի, շպարելով նախկինը, քանի որ ժողովուրդին ակնկալութիւնները նոյնն են, երկրին կարելիութիւնները նոյնն են, եւ հեռուի եւ մօտի դրացիներու շահերուն եւ մրցակցութիւններուն հետ պէտք է ապրիլ:
Եւ բոլոր մակարդակներու ընտրողին համար, քուէատուփ երթալ եւ իր ուժը ցուցադրել կը դառնայ ընթացիկ եւ ձանձրացուցիչ հանդէս, որուն արդիւնքը երբեմն իշխանափոխութեան կը յանգի, մէկ խմբաւորումէ միւսը անցնելով, միշտ աւելի լաւին յոյսով, բայց փոխանցման յաջորդ օրն իսկ տարբերի առաջադրանքը կը վերսկսի, նոյն դիպաշարներով, նոյնատեսակ ճառերով, քննադատութիւններով եւ խոստումներով:
Ժամանակակից ժողովրդավարական ընկերութիւնները արգելք չեն քննադատութեան, աւելի լաւին ձգտումին, բիրտ ուժի սպառնալիքի եւ գրաքննութեան ենթակայ չեն, չկայ խորհրդային պետական պաշտօնական-իշխանական մամուլը: Բայց կայ ընդունուած անուղղակի ճնշումը, որ կ’արտայայտուի կրկին մամուլով, լրատուամիջոցներով, մարդոցմով՝ որոնք կը ջամբեն քննադատութիւնները, արդարացումները, պաշտպանողականները, անոնք տիրապետելով տուեալներուն եւ քարոզչական ճարտարութեան: Ճիշդ է, խօսքի ազատութիւնը սկզբունք է, բայց ան կը հպատակի որոշ արժեչափերու, սահմանափակումներու, օրէնքներու: Եւ կը պատահի, որ մարդիկ դատական հետապնդումի ենթարկուին իրենց կարծիքներուն համար:
Խօսքի ազատութեամբ յատկանշուող հանրային կարծիքը չէ իշխանութեան վերահսկողը, այլ իշխանութիւնը ինք կը վերահսկէ զայն, կը խօսի յանուն ժողովուրդին, յաճախ դիմելով անոր դառնութիւններուն եւ կիրքերուն: Այսինքն, իշխանութիւնները իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող կարելիութիւններով կ’առաջնորդեն հանրային կարծիքը: Ի հարկին, քայլ մը ետ կը կենան, բաւարարութիւն կու տան անոր, ընդհանրապէս նիւթական գետնի վրայ, քաղաքացիին գնողական կարողութիւնը կ’աւելցնեն, առանց իրենց քաղաքական ընթացքը հիմնովին փոխելու: Եւ քաղաքացին բաւարարութիւն ստանալով, իր ազատութեամբ յաղթանակածի գինովութեամբ, կ’ընդունի իշխանութիւններու հիմնական որոշումները:
Իշխանութիւնները միշտ ալ փորձած են եւ յաջողած, ժողովրդավարութիւնը հունաւորել: Քաղաքացիական իսկապէս բարձր գիտակցութիւն անհրաժեշտ է, նոյնիսկ յառաջադէմ երկիրներու մէջ, չենթարկուելու համար այն թաքուն ուժին, որ կը կոչուի պետական անհրաժեշտութիւն կամ տրամաբանութիւն, եւ երբեմն յանդգնիլ Ո՛Չ ըսել, խօսիլ այլընտրանքի մասին:
Կը զարմանա՞ք որ չանդրադարձայ հայկական կացութիւններուն, ներսը եւ դուրսը: Ոչ մէկ ժողովուրդէ տարբեր ենք, իշխանութիւնները կը նմանին իրարու, ինչպէս՝ հանրային կարծիքները եւ անոնց դժգոհութիւնները:
Յառաջդիմութիւն, յաջողութիւն եւ արդարութիւն կը պայմանաւորուին քաղա-քացիական գիտակցութեան որակով: