Դիմաւորել 100-ամեակը.- ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՎԵՐԱԲԵՐԻԼ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱԶԳԻ ՄԷԿՈՒԹԵԱՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 45 Second

 

 Յ. Պալեան

            Պատմութիւնը յստակացումներու կարիք ունի, իր թուականներով եւ խորհրդանիշներով, իրադարձութիւններու ճշգրիտ վերծանումով:

            Մեր պատմութիւնը՝ մանաւանդ մեզի համար

            Յայտարարութիւններու եւ արտայատութիւններու հետեւողը յաճախ շուարումի կը մատնուի, եթէ ընթացիկէն հեռանայ: Այս օրերուն, երբ համազգային տարողութեամբ կ’ուզենք նշել անդրանիկ անկախ հանրապետութեան 100-ամեակը, եւ մերժումներէ ետք տիրութիւն ընել մեր պատմութեան, ինչո՞ւ ճիգ մը չընել մեր հանրապետութիւններու թուագրման ճշդման եւ ազգային տօնի սահմանման հարցերով:

            Ազգային տօն մը օրացոյցի վրայ թուական մըն չէ միայն, այլ նաեւ պատմութեան ափոփում, յիշեցում,  ինքնութեան, ցանկութիւններու եւ ազգային քաղաքականութեան հայելի, կնքելով անցեալը:

            Հայ ժողովուրդի Առաջին Անկախ Հանրապետութիւնը գոյութիւն ունեցած է որպէս այդպիսին, հարիւրամեակ մը առաջ, այն պահուն երբ կը գտնուէինք որպէս ազգ եւ հայրենիք ոչնչացման շեմին: Անուանումը ճիշդ է: Հարց կը ծագի խորհրդային շրջանին համար:

            Ճիշդ է, որ Խորհրդային Հայաստանի համար ընդունուած էր Հանրապետութիւն բառը, բայց ոչ մէկ ատեն չէր նշուեր, որ ան Երկրորդ Հանրապետութիւն էր, ինքզինք այդպէս չէր կոչեր: Այժմ հարց կը ծագի: Ինչո՞ւ այսօր ըսել Երկրորդ Հանրապետութիւն: Նկատի ունենալով, որ Խորհրդային Միութիւնը ՄԷԿ պետութիւն էր, ի՞նչ կը նշանակէր այդ ամբողջին մէջ Հայաստանի, Վրաստանի, Իւզպէքիստանի եւ միւսներուն համար գործածուող Հանրապետութիւն բառը: Ան սոսկ վարչական նշանակութիւն ունէր, ոչ քաղաքական:

            Հանրապետութիւնը քաղաքական ուրոյն միաւոր է, իսկ խորհրդային հանրապետութիւններու պարագային բառը չէ՞ր այլասերած եւ չէ՞ր գործածուեր նահանգի իմաստով, ինչպէս որ են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ներքին բաժանումները՝ երկրի կառոյցի բերումով:

            Արդ հարց է, թէ Խորհրդային Հայաստանը Հանրապետութի՞ւն էր, թէ ոչ, ճի՞շդ է զայն կոչել Երկրորդ Հանրապետութիւն, եզր՝ որ ծնունդ առաւ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք: Առաջին Հանրապետութիւնը կը սահմանուէր ամէն կարգի վարկաբեկիչ բառերով, որոնց անդրադառնալ աւելորդ է:

            Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին պարտուած Ֆրանսան ունէր պետութիւն, նախագահ, կառավարութիւն, բայց այդ ժամանակաշրջանին համար երբեք չգործածուեցաւ եւ չի գործածուիր Հանրապետութիւն բառը, կ’ըսեն՝ Վիշիի Կառավարութիւն (պետութեան կեդրոնը այդ քաղաքը փոխադրուած ըլլալով, Ֆրանսայի Պետութիւն): Երկիրը ունեցած է Հինգ Հանրապետութիւններ, բայց այդ շարքին մէջ տեղ չունին Ֆրանսայի Պետութիւն կամ Վիշիի Կառավարութիւն բնորոշումները: Լաւ պիտի ըլլար խորհրդային ժամանակի Հայաստանի պետութիւնը չկոչել Երկրորդ Հանրապետութիւն, որպէսզի յղացքի շփոթ չստեղծուի Առաջին եւ Այսօրուան Հանրապետութիւններու հետ բաղդատութեան ըմբռնումներուն միջեւ:

            Կրնանք համաձայն ըլլալ խորհրդային շրջանի դրական երեւոյթներուն մասին, չուրանալ ինչ որ օգտակար եղած էր, բայց այդ բաւարար պատճառ չէ յղացքի (concept)ի շփոթ ստեղծելու համար: Հանրապետութիւնը հանրութեան իշխանութիւն է, որ ինքզինք կ’արդարացնէ ժողովուրդի կամքով, այսինքն՝ ժովրդավարական ընտրութեամբ: Նշանակումները եւ կամ ժողովուրդի փոքրիկ հայրերը ժխտումն իսկ են հանրապետութեան եւ ժողովրդավարութեան ըմբռնումներուն:

            Լաւ պիտի ըլլար որ քաղաքական տեսաբաններ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական խորհուրդը քննէին եւ եզրակացնէին, թէ Հայաստանի Խորհրդային Պետութիւնը Հանրապետութի՞ւն էր, թէ ոչ:

            Հանրապետութիւնը կը բնորոշուի Սահմանադրութեամբ, որուն հիման վրայ կը ստեղծուի պետական համակարգ, կը գործեն իշխանութեան օղակները: Երբ կ’ըսենք, թէ ներկայիս Ֆրանսայի պետութիւնը Հինգերորդ Հանրապետութիւն է, պարզ է, որ այդ անուանումը չի վերաբերիր ոչ երկրի սահմաններուն եւ ոչ ալ բնակչութեան, այլ Սահմանադրութեան, որ կը ճշդէ Կառավարման-Իշխանութեան ոճը: Ֆրանսան Չորրորդ Հանրապետութեան խորհրդարանական կառավարման ձեւէն անցաւ Հինգերորդ Հանրապետութեան նախագահական վարչաձեւին, անուան փոփոխութիւնը եղաւ այդ հիման վրայ:

            Այս տարի Հայաստանի Երկրորդ (կամ Երրո՞րդ) Հանրապետութիւնը, նախագահական վարչաձեւէն պիտի անցի խորհրդարականի:  Պիտի շարունակեն՞նք գործածել Երրորդ Հանրապետութիւն եզրը, թէ պիտի փոխենք դասական թուական ածականը: Այս անուանակոչումը եւս պէտք է յստականայ Սահմանադրական Խորհուրդի որոշումով:

            Կայ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Տօնի օրուան ճշդման հարցը: Ֆրանսական յեղափոխութենէն ի վեր եւ իրարայաջորդ Հանրապետութիւններու ընթացքին, Ֆրանսան ունեցաւ մէկ եւ նոյն ազգային տօնը, 14 ՅՈՒԼԻՍ-ը, որ խորհրդանիշ է: Առաջին Հանրապետութիւնը որպէս Ազգային Տօն ընդունած էր ՄԱՅԻՍ 28-ը: Ներկայիս, ՄԱՅԻՍ 28-ը ընդունուած է որպէս ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՕՐ, իսկ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 21-ը՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆ:

            Հարց է, թէ ինչո՞վ կը տարբերին այդ զոյգ տօները: Ի՞նչ բանի համար է այս անտեղի կրկնութիւնը: Կարելի չէ՞ տօնական շատախօսութեան պերճանքէն հրաժարիլ, եւ ընդունուած կարգով մէկի վերածել այդ նոյնիմաստ երկու տօները: Այս ալ նպաստ մը կ’ըլլայ ներազգային միասնութեան: Վարչաձեւերը կը փոխուին, բայց Ազգային Տօնը կը մնայ նոյնը:

            Երկուութիւն ստեղծող եւ բաժանում պատճառող բոլոր հարցերը մէկ առ մէկ պէտք է յստակացնել, ի հարկէ այսօրուան համար, բայց մանաւանդ՝ գալիքի: Երկու Ազգային Տօն ունենալու հարցը այսօր մեզ կը զարմացնէ, բայց յաջորդ սերունդները ի՞նչ պիտի ըսեն դար մը ետք, ի՞նչ պիտի հասկնան: Տեւաբար պէտք է մտածել միացման եւ միասնութեան մասին, որ վաղուան երաշխիքն է:

            Նման խնդիրներուն պէտք չէ մօտենալ այսօրուան մսկոտութիւններով, այլ ճիգ ընել յստակացումներ ընելու, որպէսզի այսօր եւ դար մը ետք նոյն բանի մասին երբ խօսինք, խօսուի, նոյն բանը հասկնանք:

            Պարզ է, որ եզրերու յստակացումը եւ ճիշդ գործածութիւնը կը յառաջացնեն միտքերու եւ վերաբերումներու յստակացում, նոյն բառով նոյն բանը կը հասկնանք: Այդպէս կ’ըլլան քաղաքական հասունութիւն ձեռք բերած ժողովուրդները:

            Քաղաքական կեանքի մէջ ամէն ոք նոյն բառը նոյն ձեւով եթէ չըմբռնէ, կը ծնին անհասկացողութիւններ, որոնց վրայ կը պատուաստուին այլ շահեր, մրցակցութիւններ եւ հակամարտութիւններ:

            Յստակացումներով կրնանք խուսափիլ անբաղձալի վիճակներէ եւ հոգեվիճակներէ, որոնք այսօր եւ վաղը վնասակար պերճանքներ են:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles