
Անկախութիւնը ներհայաստանեան հարց չէ միայն, ան համահայկական խնդիր է:
Սփիւռք(ներ)ը անկախութեան պէտք է կառչի երկու պատճառներով: Նախ ընթացիկ հայապահպանման համար, քանի որ անկախ հայրենիքը զգացական-քաղաքական հպարտութիւն կը ներշնչէ, հոգեկան ուժ, երկրորդ՝ նաեւ վառ պահելու համար միացում-վերադարձի նոյնիսկ երազային յոյսը,- թերեւս ալ՝ յանձնառութիւնը,- առանց որուն սփիւռք(ներ)ը պիտի չտեւէ:
7 դեկտեմբեր 1919-ին, Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունի, տպաւորիչ պատուիրակութեամբ մը, գտնուած է Միացեալ Նահանգներ, եւ Նիւ Եորք տեղի ունեցած հանրաժողովին խօսած է ճառ մը: Այդ ճառը ամբողջութեամբ տեղ գտած է Սիմոն Վրացեանի Կեանքի Ուղիներով երկի Ե հատորին մէջ, էջ 310-315 (Տպ. Համազգային, 1966): Ճառի էջերուն հետ կայ նաեւ պատուիրակութեան խմբանկարը, որ ինչե՜ր կը պատմէ, Անդրանիկ եւ Արմէն Գարօ… եւ ուրիշներ…
Յովհաննէս Քաջազնունիի ճառը, այսօր ալ կարելի է կրկնել, ուղղուած սփիւռք(ներ)ին. Երազե՞լ էիք երբ եւ իցէ, որ ձեզ, ձեր կեանքի ընթացքում, վիճակուել էր լսել այդ անունները – Հայկական Պարլամենտ, Կառավարութիւն, զօրք – ոչ իբրեւ բաղձանք կամ հեռաւոր յոյս, այլ իբրեւ կատարուած փաստ, գոյութիւն ունեցող իրականութիւն:… Զգո՞ւմ էք արդեօք այս իրողութեան ամբողջ վեհութիւնը:
Այս խօսքերը քաղաքական գիտակցութեան բարձրանալու կոչ են, ոչ բարեսիրութեան ոչ զբօսաշրջութեան: Քաղաքացիական գիտակցութեան կոչ, նկատի ունենալով, որ հայը ուր որ ալ գտնուի, ինչ ալ ըլլան օրէնքները, իր երկրին տէր քաղաքացի է: Երէկ եւ այսօր այս տրամաբանութիւնը պէտք է որ հասնի իր եզրայանգումին, ինչ ալ խոչնդոտները, հոգեբանական, տնտեսական, ակնկալութիւններու: Յովհաննէս Քաջազնունի գիտէ, թէ մարդկային տկարութիւններ կան,- կան նաեւ այսօր: Կը խօսի այնպէս, որ կարծէք հիմա կը գտնուի գերաճող սփիւռք(ներ)ի այս կամ այն քաղաքը:
Յովհաննէս Քաջազնունի, կամ ժամանակակից մը երբ խօսի, պէտք ունի նաեւ լսողի: Կ’ըսէ. Պատմութեան մեծ դէպքերը ունին մի առանձնայատկութիւն. նրանք չեն հասկացուում, չեն գնահատուում ըստ արժանիքի ժամանակակիցների կողմից: Պատմութիւնը մեծ է, լայն ու խոր, իսկ մարդկային միտքը՝ թոյլ ու սահմանափակ: Ժամանակ պէտք է անցի, որ յանկարծակիի բերուած միտքերը կարողանան մարսել եւ իւրացնել անցած եղելութիւնը: Անմիջական մանրամասնութիւնները՝ յաճախ տգեղ ու վրդովեցուցիչ եւ միշտ չնչին՝ ամբողջութիւնը որակելու համար՝ առօրեայ մանր-մունր փոխ-յարաբերութիւնները, անհատական, խմբային կամ կուսակցական համակրութիւնները կուրացնում եմ ժամանակակիցների կարճատես աչքերը, սխալ գաղափար են տալիս կատարուած իրողութեան մեծութեան մասին (էջ 311):
Այդ օրերուն ալ, ինչպէս այսօր, տգեղ ու վրդովեցուցիչ իրողութիւններ կան, բայց յանձնառու քաղաքացին, հայը ընդհանրապէս, փոխանակ պատասխանատուութենէ խուսափելու համար զանոնք պատճառ-պատրուակ համարելու, տիրութիւն կ’ընէ: Հայրենիք լքելու եւ հայրենիք չվերադառնալու համար այնքա՜ն համոզիչ պատճառներ կարելի է ներկայացնել, ինչպէս ապրուելիք տեղ չէ, ի՞նչ պիտի տայ ինծի Հայաստանը, կաշառակերութիւն կայ, աշխատանք չկայ… Բայց ո՞ւր գրուած է, որ հայրենիք կը ստեղծուի եւ կը պահուի առանց տքնելու: Հայաստան Խաղաղականի արեւադարձային այս կամ այն կղզին չէ, ինչպէս կ’ըսեն՝ պանանային հանրապետութիւն չէ, որ այդպէս, առանց պայքարելու անկախանայ: Այդ երկիրներուն տիրած գաղութարարները գացին, անոնք թշնամի դրացիներ չունին, իրենց ետին չունին աւերածութեան հետք ձգած ներխուժողներու պատմութիւն:
Յովհաննէս Քաջազնունի կը խօսի պատմական մեծ իրադարձութիւններու մասին, որոնք անմիջապէս չեն հասկցուիր ժամանակակիցներու կողմէ: Իսկ մեր պատմութեան հանգուցային պահերու ժամանակակիցները մենք ենք: Ինչպէ՞ս ակնկալութիւններ ունենալ՝ բացակայ ըլլալով: Երէկ եւ այսօր, Հայաստանի վերականգնումին համար, ոչ միայն այսօրուան Հանրապետութեան, համազգային վերաբերում պէտք է: Այդ վերականգնումը ամբողջացումն է հայրենիքի:
Ո՞վ կրնար երեւակայել որ հայկական Արցախը պիտի ազատագրուէր:
Այդպէս կրնայ ըլլալ Միացեալ Հայաստանի իրականացումը… եթէ պատմութեան բանալի պահուն մենք ներկայ ըլլանք, ոչ միայն սրտով, երգով, ծափով, այլ մեր համրանքով, բազուկով, աշխատանքով, գիտութեամբ, որպէսզի Հայաստան-Արցախի իւրաքանչիւր թիզ հողը ծաղկի, բնակուի, զարգանայ, ըլլայ Երեւանի պատկերով: Ինչպէ՞ս. մարդոցմով, քրտինքով, ներդրումով, գիտութեամբ:
Եթէ միայն համոզուինք, ինչպէս կ’ըսէ Յովհաննէս Քաջազնունի, համակրութիւնները կուրացնում եմ ժամանակակիցների կարճատես աչքերը, սխալ գաղափար են տալիս կատարուած իրողութեան մեծութեան մասին… Անհատներու ճիշդէն եւ սխալէն անդին, պէտք է գիտակցիլ նշուած կատարուած իրողութեան մեծութեան: Եթէ դար մը առաջ այդ գիտակցութիւնը ցուցաբերած ըլլայինք, հրաժարելով անհատական եսերէ եւ հարուստ երկիրներու յատուկ տեսաբանական մարզանքներէ, թերեւս այլ կ’ըլլար պատմութեան ընթացքը:
Յովհաննէս Քաջազնունիի խօսքին մէջ կայ խիստ կարեւոր պատգամ մը նաեւ: Կ’ըսէ. Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, ուր մենք պէտք է որոնենք մեր փրկութիւնը, մեր դարաւոր տենչերի իրագործումը: Այստեղ է, որ հայ ցեղը պէտք է կեդրոնացնէ այսօր իր ամբողջ ուշադրութիւնը, իր միտքն ու հոգին, իր ստեղծագործական բոլոր կորովը,- որովհետեւ այստեղից է որ նա պէտք է լայնացնէ սահմանները, վերաշինէ ամբողջ Հայաստանը (ընդգծ. Յ.Պ.):
Այլ պատգամ կրնա՞ն ունենալ Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի իրաւ ղեկավարութիւնները:
Սահմաններու լայնացումը մանանայի պէս երկինքէն պիտի չգայ, հէքիաթներու թզուկները պիտի չվերաշինեն ամբողջ Հայաստանը… Պարզ է, խօսքը չի վերաբերիր միայն Հանրապետութեան: Երազները կարեւոր են, մեզ դուրս կը բերեն անհատական եւ հաւաքական հոգեկան ընկճուածութենէ, բայց անբաւաւար են Հանրապետութիւնը եւ ամբողջ Հայաստանը վերաշինելու:
Պէտք է յաճախել մեծերու դպրոցը, մանաւանդ անոնց՝ որոնք մեր պատմութեան աստեղային պահերուն գտնուած են ազգի ճակատագիր տնօրինողի դիրքերուն վրայ:
Եթէ Յովհաննէս Քաջազնունիի 1919ին Նիւ Եորքի մէջ արտասանած ճառը այսօր կրկնէր ժամանակակից մը, ոչ ոք պիտի խորհէր, որ այդ խօսքերը դար մը առաջ ըսուածի արձագանգ են:
1919ին կամ այսօր, ազգովին պէտք է գիտակցիլ, որ Հայաստանները միացնելու եւ վերաշինելու աշխատանքը ոչ ոք պիտի կատարէ մեր փոխարէն: Իսկ այս մերը չի լքուիր եւ չի կիսուիր:
Սփիւռք(ներ)ի համար անկախութիւնը գիտակցութեան ոսկի առիթ է, մասնակցութեան եւ յանձնառութեան առիթ, փաստելու համար որ ինք ազգին մէջ է, ազգի իրաւ հատուած է: Ոսկի առիթ նաեւ հայրենի հողի վրայ ինքնիրականացման, գիտնալով որ հողի վրայ միայն շարունակութիւն կարելի է ըլլալ:
Առանց ազգին մէջ սեփական ճակատագրի տիրութեան կը մնան սկիզբ եւ վերջ չունեցող շատախօսութիւնները, բարեսիրական խիղճի հանդարտեցումները, որոնք գոյն կու տան զբօսաշրջային արշաւներուն:
Դար մը առաջի մասին երբ կը խօսինք, ի մտի պէտք է ունենանք, որ դար մը վերջը այսօր սկսած է վերաշինութեամբ՝ սահմաններու լայնացման հեռանկարով:
Դար մը վերջ մեր յետնորդները եւ պատմութիւնը ինչպէ՞ս պիտի դատեն մեր սերունդը:
Պատասխանը այսօր պէտք է խմբագրել. հայրենիք լքող եւ ծագումով հայու ինքնագոհ սփիւռք: