
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Լոս Անճելըս, 2018
Մեր դասընկերներէն մէկուն կանխահաս մահուան առիթով, տարիներ առաջ մահախօսական մը գրած էր Յակոբ: Այդ տարիներուն չկար համացանցի դրութիւն եւ բնականաբար կարդալու առիթը չէի ունեցած: Տարիները անցան, եւ շնորհիւ արհեստագիտութեան բարիքներուն, վերագտանք մեր «կորսուած» ընկերներէն շատերը, որոնց կարգին Յակոբ Եափուճեանը, որուն հետ դասընկերներ եղած էինք մանկապարտէզի օրերէն ի վեր: Երկար տարիներու բացակայութեան պակասը լեցնելու միտումով էր կարծես, որ գրեթէ ամէնօրեայ կապի մէջ էինք: Իրարու շահեկան գրութիւններ կը փոխանակէինք, եւ օր մը ուղարկեց մեր հանգուցեալ դասըներոջ՝ Նազարէթ Մուսքաճեանի մասին իր գրած մահախօսականը: Յուզիչ եւ տպաւորիչ էր, սակայն սովորութեանս համաձայն, տխուր վիճակէս դուրս ելլելու միտումով, կատակելով գրեցի Յակոբին:
«-Շատ լաւ գրութիւն է: Օր մը եթէ մեռնիմ, իմ մասին ալ քանի մը տող գրելու մի՛ մոռնար, եւ ես՝ հանգիստ սրտով կը հեռանամ այս աշխարհէն, վստահ՝ որ գէթ մէկ հոգի պիտի անդրադառնայ իմ մասիս»:
Խնդացինք, սակայն հարցը հոն չվերջացաւ:
-«Միտքդ հանգիստ «ճամբորդէ»,- ինքն ալ իր կարգին կատակեց: Քանի այնքան հաւնեցար գրութիւնս, կը խոստանամ քանի մը տող ալ քու մասիդ գրել, սակայն մէկ պայմանով: Եթէ ե՛ս քեզմէ առաջ մահանամ, դուն ալ իմ մասին մահախօսականով մը անդրադառնալու չմոռնաս:
«Կէս կատակ, կէս շիտակ», մեր խոստումը չմոռցանք, թէպէտեւ ոչ ոք կրնայ կռահել թէ ո՞վ պիտի ըլլայ առաջին «մեկնողը» եւ ո՞վ պիտի ըլլայ գրողը: Ներկայիս՝ մէկ բան յստակ է: Սիրելի ընկերս՝ Յակոբը, ինձմէ աւելի արագ շարժեցաւ, դժուար պարտականութիւն մը ձգելով ուսերուս վրայ:
Ամենադժուար բանն է մօտիկ ընկերոջ մը մասին մահախօսական գրելը: Եթէ իրարու խոստացած ըլլայինք հին օրերու յուշերէն քանի մը հատը վերյիշել, շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլար այդ դժուար պարտականութիւնը իրագործելը:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենաահեղ տարիներուն, Յակոբ պատնէշի վրայ էր, իսկ ես՝ լքելով ծննդավայրս, հաստատուեցայ Լոս Անճելըս: Երկար տարիներ մեր կապը կտրուեցաւ, մինչեւ համացանցի գիւտը, որու միջոցաւ վերագտանք մեր «կորսուած» ընկերները:
Յակոբին հետ, ամէնօրեայ սովորութիւն դարձաւ իրարու նամակագրութիւնը, իսկ շաբաթ օրերը, իմ քովս առաւօտ, իր քով երեկոյ՝ հեռաձայնային զրոյց:
«Բարի լոյս»իս կը պատասխանէր «Բարի իրիկուն»ով, իսկ երբ ի՛նք ըլլար հեռաձայնողը, իմ կարգիս, կարծես որպէս «հակառակութիւն», իր «բարի իրիկուն»ին կը պատասխանէի «բարի լոյս»ով: Իրարու հետ միշտ «անհամաձայն» կը թուէինք ըլլալ, սակայն խորքին մէջ՝ այնքա՜ն համակարծիք էինք:
Դասընկերներով կազմած ենք Ենամակի խմբակ մը: Յակոբ՝ Պէյրութի մեր ներկայացուցիչն էր: Բոլորիս տեղեակ կը պահէր մեր ծննդավայրի հայկական բոլոր անցուդարձերու մասին: Մշակութային, գրական, թատերական, մարզական, Համազգային, Ճեմարան, ո՞ր մէկը յիշեմ: Կ’ուղարկէր Ազդակի «50 Տարի Առաջ» սիւնակէն մեզի հետաքրքրող դէպքերէն վերյիշումներ, նաեւ՝ մեզ կը «փոխադրէր» մեր մանկութեան ու պատանեկութեան տարիները:
«Քիչ առաջ Սուրբ Նշան յուղարկաւորութեան գացի: Կրնաք երեւակայել,
ամբողջութեամբ մահմետական քաղաքի մը տպաւորութիւնը ունի, սեւ երկար հագուստներով լաչակաւոր կիներ, մարդիկ փողոցները նստած` կլկլակ կը ծխեն, մանուկները կը վազեն:
Մեր «ֆուլճին», ուր երբեմն երբ դրամ չունենայինք, ճերմակ ֆասուլիա կ՛ուտէինք, տակաւին տեղն է:
Պարոն Սագոյէն առաջ կարծեմ տիսք կամ ռատիօ ծախող մը կար, երբ Ատոմենց տունէն դէպի մզկիթ գայիր ու աջ դառնայիր, այդ մէկը չկայ, սակայն քովի «վերմակճին» տակաւին հոն է:
Մուսթաֆան, շատոնց մահացած է:
Ահա ձեզի մինչեւ Զոքաք էլ Պլաթ տարի»:
Յակոբ:
* * *
Յակոբ կը սիրէր անձի մը թաքնուած արժէքները յայտնաբերել:
Մեր «խմբակի» նամակագրութիւններով, յաճախ կը յիշէինք մեր դպրոցական երջանիկ տարիներէն դէպքեր, դրուագներ եւ օր մը գրած էի «Ճեմարանի Փոստա»ին մասին, որ ամէն օր մեզի կը հասցնէր մեր սիրելի դպրոցը:
Յակոբին սրտին խօսած էր գրութիւնս, եւ ներկայացուցած էր Ազդակի գլխաւոր խմբագրին: Վերջինս՝ հետաքրքրական գտած էր, եւ առաջարկեց հրատարակել: Նաեւ քաջալերեց, որ ուղարկեմ տարբեր գրութիւններ: Անշուշտ ուրախութեամբ ընդունեցի առաջարկը եւ շնորհիւ Յակոբին եւ Ազդակի խմբագրին քաջալերանքին, «Ճեմարանի Փոստա»ն պատճառ դարձաւ, որ դառնամ յօդուածագիր:
Երկուքիս գրութիւնները, նախքան հայկական թերթերու մէջ հրատարակուիլը, յաճախ իրարու կարծիքներ կը փոխանակէինք: Իրեն գրած էի, որ թրքերէն եւ թրքաբարոյ երգերու մասին յօդուած մը գրած եմ եւ շուտով պիտի ուղարկեմ:
Իր սրտին խօսող նիւթ մըն էր:
-«Հէչ մի՛ կենար, շուտ ղրկէ»: Բառացիօրէն ճիշդ այսպէս եղաւ իր պատասխանը:
Գրութիւնս լոյս տեսաւ … իր մահուընէ շաբաթ մը ետք:
* * *
Գերերջանիկ էր երէց տղուն՝ Վարանդին հայ ընտանիք կազմելուն: Անբացատրելի հրճուանքի մէջ էր իր առաջին թոռնիկին՝ Արմէնին ծնունդով:
-«Մէյ մը Հայկս ալ հայ ընտանիք կազմէր, ուրիշ բան չեմ ուզեր», կը կրկնէր յաճախ:
Թոռնիկին ծնունդը շատ բան փոխեց իր կեանքի ընթացքին մէջ: Երկու մտքէ էր: Մոնթրէա՞լ հաստատուիլ, թէ մնալ Պէյրութ: Երկու քաղաքներու մէջ ալ ընելիք շատ ունէր: Ազգային, կուսակցական, մշակութային: Շատ բան տուած էր ազգին, եւ պատրաստ էր շարունակելու իր «սուրբ գործը», սակայն …
Հրայր Մարուխեանի եւ Սարգիս Զէյթլեանի յօդուածներով սկսած հիանալի գործը պիտի շարունակէր Սագօ Սարգիսեանով ինչպէս նաեւ այլ դաշնակցական նուիրեալներով:
Աւա՜ղ: Իր շատ մը ծրագիրներուն նման, այս մէկն ալ չկրցաւ իրականացնել:
«Զաւարեան» Ուսանողական Միութիւն, Համազգային, Ն. Փալանճեան Ճեմարան, Լ.Ե.Մ, Հ.Յ. Դաշնակցութիւն եղած են իր կեանքի հիմնական մտահոգութիւնները:
Գործէն վերադարձին, ազատ ժամերը տունէն աւելի կ’անցընէր ազգային գործերով: Իր կրտսեր տղուն մակութեան տարիներուն, երբ ընկերներէն մէկը կը հետաքրքրուի իր հօրը զբաղումով, Հայկ կը պատասխանէ:
-«Պապաս ակումբ կ’աշխատի»:
Կարելի՞ է երեւակայել անձ մը, որ իր կեանքի ու մահուան ճակատամարտի վերջին հանգրուանին, «մոռցած» իր անհատական կամ ընտանեկան մտահոգութիւնները, աւելի առաջնահերթ կը նկատէ Համազգայինն ու Ճեմարանը: Իր եղբօր՝ Մկոյին, հազիւ լսելի, մարած ձայնով կը փսփսայ: -«Ճեմարան», ու յաւերժ կը փակէ իր աչքերը: Այո՛,Այսպիսի անձնաւորութիւն մըն էր մեր սիրելի Յակոբը:
Յակոբին հետ, մանկապարտէզի նստարաններէն դասընկերներ եղած ենք եւ մեր երկար տարիներու անկեղծ բարեկամութեան շարունակութիւնը վերջ գտաւ միայն … իր կորուստով:
Վերջնական հանգիստը գտաւ այնքա՜ն սիրելի ծննդավայրին մէջ, սիրելի ծնողքին կողքին:
Ննջէ հանգիստ սիրելի դասընկերս, գաղափարակից ընկերս, գրչեղբայրս, նոյնիսկ չեմ վարանիր ըսելու՝ հարազատ եղբայրս: