Լրահոս

«Դէպի Սիւնիք» Ծրագիրի Արդիւնքները

ԵՐԵՒԱՆ․-  Նոյեմբեր 27-ին «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ հանդիսաւոր ձեռնարկով ամփոփուեցան «Դէպի Սիւնիք» ծրագիրի շրջագիծին մէջ իրականացուող ուսումնասիրութեան մրցումին արդիւնքները եւ յաղթողներուն յանձնուեցան խոստացուած կրթաթոշակները:

Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան կազմակերպած Սիւնիքի հիմնախնդիրներու ուսումնասիրութեան նուիրուած մրցումին մասնակցած էին Հայաստանէն, Սուրիայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Իրանէն հայ ուսանողներ:

Ընտրուած էին հետեւեալ երկու աշխատութիւնները.

Գագիկ Եկմալեան (Հայաստան)․- «Սիւնիքի աշխարհաքաղաքական տեղն ու դերը փանթուրանական ծրագրի իրագործումը կասեցնելու գործընթացին մէջ» խորագիրով: Ան Երեւանի պետական համալսարանի Միջազգային յարաբերութիւններ բաժանմունքի 4-րդ տարուան ուսանող է:

Շողակաթ Դեւրիկեան (Հայաստան)․- «Սիւնիքի պատմութիւնը եւ նկարները Մխիթարեաններու 18-19-րդ դարերու հրատարակութիւններուն մէջ» խորագիրով: Ան Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքի, Հայ արուեստի պատմութեան եւ տեսութեան ամպիոնի մագիստրոս է:

Հ․Յ․Դ․ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան ներկայացուցիչ Հայկազ Յարութիւնեան իր խօսքին մէջ նշեց Սիւնիքի կարեւորութիւնը աշխարհաքաղաքական զարգացումներու ծիրին մէջ` աւելցնելով, որ նման նախաձեռնութիւնները միտուած են երիտասարդութեան շրջանակին մէջ մեծցնելու հետաքրքրուածութիւնը Սիւնիքի, եւ անոր շուրջ ծառացող խնդիրներու վերաբերեալ` վստահեցնելով, որ շարունակական բնոյթ պիտի կրեն:

Ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ մրցութային յանձնախումբի կազմէն թրքագէտ Մելինէ Անումեան` յատուկ մատնանշելով, որ նման հարուստ գիտական աշխատութիւնները էական նշանակութիւն ունին պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ:

Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեանը, ամփոփելով միջոցառումը, ընդգծեց համազգային համախմբման կարեւորութիւնը, որուն հիմքը պէտք է ըլլայ Սիւնիքին սպառնացող ժամանակակից մարտահրաւէրներն ու վտանգները դիմագրաւելու տեսլականը:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button