
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Հ․Յ․Դ․ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան եւ Հ․Յ․Դ․ Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան անդամները այցելեցին Վայոց Ձորի սահմանապահ Արէնի եւ Խաչիկ գիւղերը եւ գրատախտակներ նուիրեցին դպրոցներոււն։
Նուիրատուութիւնն իրականացուել է ի յիշատակ 44-օրեայ պատերազմում զոհուած հարազատ ընկերոջ՝ Կիմ Խաչատրեանին։ Կիմը ծնուել է և միջնակարգ կրթութիւն էր ստացել Արենի գիւղում։ Նա ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամ էր, իսկ պատերազմի օրերին՝ ուսանողական միութեան ջոկատի հրամանատարը:
Հ․Յ․Դ․ Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ Նժդեհ Գարակաւորեանը, յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցեց զանազան շրագրերու մասին։ «Աշակերտ» ծրագրի հիմնական նպատակն ուսումնական կեանքի բարելաւում, յատկապէս սահմանամերձ բնակավայրերու շրձաններէն ներս։
«Կան Արցախէն տեղահանուած բազմաթիւ ընտանիքներ, որոնք կորսնցուցած են իրենց տունն ու այժմ աջակցութեան կարիք ունին։ Մենք կը փորձենք կազմել տեղահանուած եւ անապահով ընտանիքներու ցուցակները, որպէսզի հասկնանք՝ ինչպէս կրնանք մենք օժանդակել անոնց։ Ամենայն հաւանականութեամբ՝ յառաջիկայի իրականացուելիք ծրագիրներու ընթացքին կը կարողանանք այդ ընտանիքներուն մօտ ապրող աշակերտներուն տրամադրել նաեւ ուսումնական սարքեր։․․․Այս դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ ընդհանրապէս, պատերազմի հետքերը հնարաւորինս նուազեցնելու եւ երեխաներու մէջ պայքարի ոգին ամրացնելու համար, մենք ունինք դաստիարակչական ծրագիրներ, որոնք արդիւնաւէտ են», յայտնեց Նժդեհ Գարակաւորեանը։