
Հոկտեմբեր 30-էն ի վեր հրապարակի վրայ է երիտասարդ դաշնակահար Տիգրան Համասեանի “The Poet“ (“Բանաստեղծը“) խտասալիկը, որ կը ներկայացնէ նոյնինքն արուեստագէտը, Հիւսիսային Ամերիկայի զանազան քաղաքներու մէջ: Քէպէքի (Գանատա) մէջ սկսած այս համոյթները պիտի շարունակուեցան Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Փորթլընտի մէջ: Այս շաբաթավերջին, Տիգրան պիտի նուագէ Գալիֆորնիոյ (Սան Տիեկօ, Սանթա Պարպարա եւ Լոս Անճելըս) եւ ապա, Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 14-ին, ան ելոյթ պիտի ունենայ Պոսթընի Քէյմպրիճ թաղամասի հանրածանօթ “Ռեկաթապար“ (“Չարլզ“ պանդոկ, տեսնել որմազդ-ծանուցումը) սրահին մէջ:
Այս խտասալիկին յատկութիւններէն մէկը այն է թէ, ան միեւնոյն ժամանակ կ՛երգէ, այդ ալ հայերէնով:
Ապա, ան պիտի մեկնի եւրոպա, ուր ելոյթներ պիտի ունենայ Բրիտանիոյ, Պելճիքայի, Սպանիոյ, Ֆրանսայի, Նորվեկիոյ եւ այլ քաղաքներու մէջ: Յատկապէս Ֆրանսայի մէջ, Համասեան մէկ հռչակ կը սփռէ: Իր նախավերջին խտասալիկին` “Fable“ (“Առակ“) նման, հայկական երանգներ կը ներկայացնէ Համասեանը, յատկապէս ներշնչուած Կոմիտասէն:
2006 թուականին, Համասեան առաջին հանդիսացած էր, հռչակաւոր “Թիոլոնիուս Մոնք“ի (Ուաշինկթըն) դաշնակի մրցանքին: Միեւնոյն տարին, ան նաեւ երկրորդ հանդիսացած էր “Մարսիալ Սօլալ“ մրցանքին: Նախքան այս յաջողութիւնները, ան տարի մը առաջ, Մոսկուայի եւ Մոնաքոյի մէջ մասնակցած էր մրցանքներու եւ յաջորդաբար երրորդ եւ առաջին հանդիսացած էր: Տիգրան Համասեանի անդրանիկ խտասալիկը` “ World Passion“, տուտուկահար Ռուբէն Յարութիւնեանի, բամբ ջութակահար Ֆրանսուա Մութէնի, թմբկահար Արի Հէօնիկի եւ փողահար Պէն Ուէնտըլի հետ պատրաստուած է: Իսկ “New Era“ խտասալիկին մէջ, ան տաս վայրկեանէ աւելի կը ներկայացնէ չազ կշռոյթով “Ապառանի Պար“ը:
Համասեան ծնած է Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքին` Գիւմրիի մէջ, երկրաշարժէն տարի մը առաջ` 1987-ին: Հազիւ երկու տարեկան, ան յատուկ սէր ունեցած է երաժշտութեան հանդէպ: Փոքր տարիքէն Միացեալ Նահանգներ հաստատուած, ան երբեք չէ մոռցած իր հայրենիքը, ուր շարունակ հետեւողական դրութեամբ կ՛այցելէ եւ համոյթներ կը կատարէ: Հետեւաբար, ան բազմիցս նուագած է Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ: Հայաստանի անկախութեան քսանամեակի սեմին, բերնէ բերան լեցուն սրահներու մէջ, ելոյթ ունեցաւ:
Հազիւ երկու-երեք գարուններ բոլորած, ան դաշնակին կողքին նստած կը նուագէր կտորներ` արդի ռոք երաժշտական խումբերէն: Հըրպի Հենքոքի եւ Չիք Քորէայի նման դաշնակահարներ ակնածանքով կ՛արտայայտուին հայ երաժշտութեան “Մեծն Տիգրան“ի մասին:
Հիւսիսային Ամերիկայի համոյթներուն, ան իր կողքին պիտի ունենայ բամբ ջութակահար (double bass) Քրիս Թորտինին եւ զուիցերիացի թմբկահար Արթուր Հնաթէքը: