
ՔՈՓԵՆՀԱԿԸՆ.- Դանիոյ խորհրդարանի Յունուար 26-ի լիագումար նիստին քուէարկութեան դրուեցաւ «Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին» երկու բանաձեւերէն մէկը: Փաստաթուղթը ընդունուեցաւ 89 թեր, 9 դէմ, 11 ձեռնպահ ձայներու յարաբերութեամբ:
Այս մէկը այն բանաձեւն է, ուր օգտագործուած էր «Արեւելեան Անատոլիա» (նախկին նախագիծին մէջ` «Օսմանեան կայսրութիւն» էր), եւ «ողբերգական եւ արիւնալի իրադարձութիւններ» բանաձեւումները (նախապէս նախագիծին մէջ` «ջարդեր եւ բռնի տեղահանութիւններ»):
Բնականաբար, նման ձեւակերպումներով՝ բանաձեւը բաւական զգուշաւոր փաստաթուղթ է, եւ դժուար է զայն համարել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ: Նաեւ, Դանիոյ խորհրդարանի այս քուէարկութիւնը կարելի է համարել իբրեւ առաջին քայլ: