ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 98-ԱՄԵԱԿԸ

0 0
Read Time:46 Second

dam1
ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Մայիս 26-ին, Դամասկոսի մէջ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ, հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 98-ամեակը:
Հանդիսութեան ներկայ էին Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արշակ Փոլատեանը, հիւպատոս Արշակ Յարութիւնեանը, դեսպանատան խորհրդական Վարդան Յովհաննիսեանը, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, եւ Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար՝ Դաւիթ Իշխանեանը, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ՝ դոկտ. Նորա Արիսեանը, Հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Տէր Գէորգ Պահին, հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Աննա Տէր Յակոբեանը եւ ուրիշներ: dam2
Դեսպան Արշակ Փոլատեանն իր խօսքին մէջ ներկայացուց անկախութեան խորհուրդը: Օրուայ բանախօսն էր Արցախէն ժամանած՝ Դաւիթ Իշխանեանը, որ անդրադարձաւ Մայիս 28-ի խորհուրդին եւ անկախութեան արժէքին, այնուհետեւ շեշտեց սուրիահայ համայնքի կարեւորութիւնը, պատերազմի դժուարութիւններու յաղթահարման նրա կամքը եւ Արցախահայութեան զօրակցութիւնը յայտնեց սուրիահայ համայնքին:
Իշխանեանը նաեւ անդրադարձաւ Արցախի հիմնախնդրին, Արցախեան ազատամարտին, Արցախի Հանրապետութեան հռչակման, եւ բանակի կազմաւորման, արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի դրսեւորումներուն եւ վերջերս Ատրպէյճանի կատարած յարձակումներուն մասին: Ան շեշտեց թէ անհրաժեշտութիւն է Արցախ-Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան կարեւորութիւնը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles