Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
Պէյրութ
- Բարեւ, Պարոն Յակոբ, մեռելի սնտուկ մը կ’ուզեմ: Կրնա՞ք հատ մը տրամադրել:
- Մա՞հ ունիք, Պարոն:
- Ոչ:
- Հապա մեռելի սնտուկ ինչո՞ւ կ’ուզես:
- Պարոն Յակոբ, մէջը մեռել պիտի չտեղաւորեմ, ոչ ալ ես պիտի գործածեմ: Պարզապէս բեմին վրայ պիտի ցուցադրեմ:
- Մեռելի սնտո՞ւկը:
- Այո: «Հայ մօր կամքը» թատերախաղի վերջաւորութեան, հերոսին թաղումը պիտի ներկայացնեմ ժողովուրդին, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ:
- Քառասուն տարուայ մեռելաթաղ եմ, դեռ օր մը տրամայի համար սնտուկ ուզող չեղաւ ինձմէ…:
- Հիմա եղա՛ւ ուրեմն, Պարոն Յակոբ, կրնա՞ս հատ մը տրամադրել:
- Սիրով, բայց ուշադրութեամբ պիտի գործածէք, որովհետեւ եթէ սնտուկը գծուի՝ դժուար կը ծախուի:
- Աչքի լոյսի պէս կը պահեմ սնտուկդ, – ըսելս, սնտուկը Պարոն Յակոբին հետ ինքնաշարժին տանիքը տեղաւորելն ու ճամբայ ելլելս մէկ եղաւ:
Ճամբան մարդիկ կարեկցանքով կը դիտէին դագաղս, մինչեւ իսկ պատշգամներէն տիկիններ լալով կը հետեւէին ինքնաշարժիս տանիքը զետեղուած ճերմակ սնտուկին:
Ճամբու խճողումը պատճառ եղաւ որ շատեր տեսնեն զիս ու սնտուկը: Մինչեւ իսկ ծանօթ մէկը հետաքրքրութեամբ հարցուց.
- Յովհաննէս, ո՞վ մեռած է:
- Մարդ չէ մեռած: Ինծի համար է,- ըսի ու քշեցի:
Հասայ Տէր Մելքոնեան թատերասրահի մօտիկ թաղը, ինքնաշարժը շարեցի ու ծանօթ երիտասարդ մը կանչելով, ըսի.
- Կարօ՛, եկուր, օգնէ, սրահ տանինք:
Ծառայասէր ընկերս ընդառաջեց խնդրանքիս ու սնտուկի ետեւի մասէն ինք շալկած, իսկ առջեւի կողմէն ալ՝ ես, թեքուեցանք Տէր Մելքոնեանի թաղը:
Շարքի բոլոր խանութները մէկ-մէկ գոցելու սկսան իրենց դռներն ու փեղկերը ի յարգանս իմ թափուր դագաղին…:
Երբ հասանք Տէր Մելքոնեանի մուտքին ու բարձրացանք վեր, յստակ լսեցինք վաճառականներուն խնդուքը.
- Հելվաճեանը տրամայի համար սնտուկ կը տանի սրահ, Սիմո՛ն, բա՛ց խանութը. Ապրիլ 1 չեղած խաբուեցանք:
…Բոլոր խանութները ետ բացուեցան, մինչ մեր խնդուքի ախորժակը գոցուելիք չունէր: