
Նիւ Եորքաբնակ ազգային գործիչ եւ “Հայրենիք“ օրաթերթի թղթակից Գրիգոր Գրիգորեան “Իրանը եւ Իրանահայութիւնը“ նիւթին նուիրուած դասախօսութեամբ` ընդհանուր պատկերը պարզեց հայութեան ամենահին գաղութներէն մէկուն, եթէ ոչ հնագոյնին: Նիւ Եորքի Իրանահայ Միութեան Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ հաւաքուած ներկաները ուշադրութեամբ հետեւեցան Պրն. Գրիգորեանի խիստ հետաքրքրական եւ շահեկան զեկոյցին, որ տեղի ունեցաւ Յունիս 14-ին:
“Իրանը Հայաստանէն 54 անգամ աւելի մեծ է եւ իր 80 միլիոն բնակչութիւնը Հայաստանի 23 անգամ է“, ըսաւ Գրիգորեան, բնիկ պարսկահայ, որ ծնած է Արատ գաւառի Սուլթանապատ քաղաքը: Գրիգորեան յիշեց, որ Իրանի մարդահամարին մէջ չէ յիշուած հայոց թուաքանակը:
Դասախօսը իրանահայութեան պատմութիւնը բաժնեց չորս հանգրուանի.
Ա. Սկզբնական շրջան, երբ այս երկու ազգերուն միջեւ կապը սկսած է, Ե-Է երկարող դարերուն վրայ: Բ. Շահ Ապպասի բռնագաղթը 1600-ականներուն: Գ. Եղեռնէն վերապրողներու տեղափոխումը Պարսկաստան: Դ. Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին շրջանի (1918-1920) անկումէն վերջ գաղթը:
Սկզբնական շրջանի մասին շատ քիչ տեղեկութիւններ կան: Պարսկահայութիւնը ընդհանրապէս Շահ Ապպասի բռնագաղթը կը նկատէ իր կազմաւորման վճռական իրադարձութիւնը, երբ 1603-ին, 300.000-400.000-ի չափ հայ Նախիջեւանէն կը ստիպուին փոխադրուիլ Պարսկաստան: Իրենց ճամբուն վրայ հազարաւորներ խեղթամահ կ՛ըլլան Արաքսի ջուրերուն մէջ:
Պարսկահայ գաղութի թիւի աճման երկրորդ ազդակը կ՛ըլլայ Մեծ Եղեռնէն յետոյ, մօտաւորապէս 50.000 հայերու գաղթով:
Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկումէն վերջ, 1921-ին շուրջ 10.000 հայեր կը գաղթեն Պարսկաստան: Մեծ համեմատութեամբ մտաւորական խաւ մը կը հաստատուի Թեհրան եւ այլուր, ու այդ տարածքին մէջ կը դաստիարակէ պարսկահայ սերունդները:
Թրքական դաժանութենէ չեն փրկուիր Պարսկահայերը: Թրքական բանակը երկու անգամ Պարսկաստան կը ներխուժէ Ա. Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին եւ հայեր կը ջարդէ: Թուրքերը, երբ Թաւրիզը կը գրաւեն, երեք դաշնակցական, երկու անկուսակցական, երկու սոցիալ դեմոկրատներ (պոլշեւիկներ) եւ մէկ հատ հնչակեան պատանդ կը բռնեն: Թէեւ զանգուածային կոտորած տեղի չունենար, այսուհանդերձ թուրքին վայրագութեան հայեր զոհ կ՛երթան, երբ Թադէի Վանքին մէջ թրքական զօրքը 75 հայ ընտանիք կը կոտորէ:
Հայրենադարձութեան ներգաղթի ցաւալի օրերուն, 1946-48-ին, գիւղացիները իրենց գոյքերը աժան գինով վաճառեցին, որպէսզի Հայաստան փոխադրուին, այս անգամ ալ զոհ երթալով խորհրդային կարգերու նենգամտութեան:
Պարսկահայութիւնը, ըսաւ դասախօսը, պատմական այլ նուաճումներու ալ դերակատար եղած է, առաջին հայկական պարբերաթերթի հիմնադրութեամբ` Պարսկահայ Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեանի կողմէ, Մատրասի մէջ 1794-ին:
Հակառակ ընդհանրացած տպաւորութեան, Պահլաւիները զգալի ձեւով հակահայ կեցուածք որդեգրած են: Շահ Ռեզան Աթաթուրքին այցելեց եւ վերադարձին հակահայկական որոշումներ կայացուց, ներառեալ հայկական դպրոցներու փակումը: Պահլաւիներու քաղաքական ճնշումի իբր հետեւանք, Իրանի Հայկական Եկեղեցին Էջմիածնի հետ կապերը խզեց եւ կապուեցաւ Կիլիկիոյ Մայր Աթոռին:
Պարսկահայ գաղութին համար դրական յատկութիւն մըն է միշտ սահմանակից ըլլալը Մայր Հայրենիքին: “Երեւան Ռատիօ“-ն միշտ ներկայ եղած է Պարսկահայերու տուներուն մէջ, ըսաւ Գրիգորեան:
Պահլաւի Շահը Աթաթուրքին բարեկամ ըլլալով, Ապրիլ 24-ի Եղեռնի ոգեկոչումը արգիլուած էր եւ հայերը գաղտնի օրէն կը նշէին այդ թուականը, մինչ Իրանի Իսլամական Կառավարութիւնը զայն կը թոյլատրէ: Առաւել` քանի որ ունինք 200.000 հայ Պարսկաստանի մէջ, այդ իրողութիւնը հայերուն իրաւունք կուտայ երկու պատգամաւորի ներկայութեան խորհրդարանին մէջ:
Ներկաները շատ գոհ եւ բաւարարուած մնացին յարգելի դասախօսին կողմէ տրուած լուսաբանութիւններէն Սփիւռքի մեր կարեւոր գաղութին մասին:
ԹՂԹԱԿԻՑ