
Հարցումներ եւ Պատասխաններ. Հեղինակ՝ Վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան. հրատարակիչ՝ Հայկական Ժառանգութեան Յանձնախումբ. 3922 Yorba Linda blvd. Royal Oak, MI 48073. Էջեր 160. գին՝ $30 ներառեալ առաքման ծախսով:
Գրախօսեց՝ Վեր. Դոկտ. Փիթըր Տողրամճի
2017-ի վերջաւորութեան լոյս տեսաւ հանրածանօթ մտաւորական՝ Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանի երկլեզուեան գիրքը՝ «Հարցումներ եւ Պատասխաններ» վերտառութեամբ: Ասիկա 40-րդ հատորն է բազմավաստակ հեղինակին, որ իր ոճով եւ բովանդակութեամբ կը տարբերի իր նախորդ աշխատասիրութիւններէն:
Սոյն հատորին 36 անգլերէն եւ 16 հայերէն յօդուածներուն ոճը կը նմանի հին յոյն իմաստասէր Սոկրատի «Հարցում եւ Պատասխան մեթոտին», ինչպէս, «Դուն իրօք կը հաւատա՞ս Աստուածաշունչին», կամ «Մահուընէ կը Վախնա՞ս», կամ «Ինչո՞ւ կը տօնենք Վարդանանցը» կամ «Դու՞ն ալ յիմար հարուստ մըն ես»: Նման հարցումներու շարք մը, եւ այդ հարցումներէն ծնող հարցումներ, որոնց կ՚աշխատի պատասխանել հեղինակը:
Հեղինակին համոզումն ու առաջադրութիւնը այն է, թէ սորվելու ամենէն ազդեցիկ կերպը «հարց-պատասխան»ի մեթոտն է: Մարդիկ շատ աւելի կը սորվին երբ հարցումներ կը հարցնեն եւ անոնց պատասխանները կ՚իւրացնեն քան երբ իրենց «պատասխաններ» կը հայթայթուին նիւթերու մասին, որոնց նկատմամբ իրենք «հարցում»ներ չեն ըրած: Այլ խօսքով, մենախօսութենէն շատ աւելի երկխօսութիւնն է որ կը սատարէ ուսման եւ զարգացման: Եւ Յիսուսի ուսուցման գլխաւոր կերպը երկխօսութիւնն էր:
Հարցումներ եւ Պատասխաններ հատորը կը բաղկանայ 160 էջերէ, որոնք աղերս ունին մեր եկեղեցական, ազգային, մշակութային եւ հոգեւոր կեանքի առնչակից նիւթերու հետ: Գիրքը դիւր ընթեռնելի է: Լեզուին ոճը յստակ եւ գեղեցիկ են: Բովանդակութիւնը՝ օգտաշատ եւ հաղորդական է: Թելադրական են նաեւ հատորին մէջի գաղափարները, զորս հեղինակը կը փոխանցէ զգայնութեամբ եւ ապրումներով:
Սոյն հատորը կարդալէ ետք, անձնապէս ափսոսանք մը ունեցայ, որ երանի թէ ան գրուած ըլլար 70 տարիներ առաջ երբ որպէս ուսանող կ՚արձանագրուէի Աստուածաբանական Ճեմարան: Վստահաբար, պիտի օգտուէի անոր հաղորդած դասերէն:
Կը հիանամ Վեր. Դոկտ. Թութիկեանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մասին ըրած աշխատասիրութեանց վրայ, ուր հեղինակը արդարօրէն կը նկարագրէ իր Եկեղեցին, ոչ թէ միայն որպէս հոգեւոր Շարժում, այլ նաեւ որպէս Եկեղեցական Մարմին: Հեղինակը, ի պաշտօնէ Գործադիր Տնօրէնն է Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդին, եւ այդ իմաստով նշանակալից տեսակէտը ունի Եկեղեցւոյ բնոյթին մասին:
Հաճոյքով կը յանձնարարեմ այս գիրքը անգլիախօս եւ հայախօս ընթերցասէր հասարակութեան: