ԳՐԱ­ԳԷՏ, ՄԱՆ­ԿԱ­ՎԱՐԺ ՊԵՏ­ՐՈՍ ՀԱՃ­ԵԱ­ՆԻՆ ՆՈՒԻՐ­ՈՒԱԾ ՅՈՒՇ ԵՐԵ­ԿՈՅ

0 0
Read Time:8 Minute, 39 Second

BEDROS HADJIAN 1  ԳՐԻ­ԳՈՐ Ա. ԳՐԻ­ԳՈՐ­ԵԱՆ

 

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Ս. Լու­սա­ւո­րիչ Մայր եկե­ղեց­ւոյ եւ Նիւ Եոր­քի Հա­մազ­գա­յի­նի մաս­նա­ճիւ­ղի, Կի­րա­կի, Սեպտ. 29ին Սուրբ Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեց­ւոյ հան­դի­սաս­րա­հում տե­ղի ու­նե­ցաւ յուշ երե­կոյ նուիր­ուած գրա­գէտ, ման­կա­վարժ` Պետ­րոս Հաճ­եա­նի յի­շա­տա­կին:

Ս. Լու­սա­ւո­րիչ Եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ, արժ. Տ. Մես­րոպ քհնյ. Լա­գիս­եա­նի, բաց­ման աղօթ­քով, սկսուեց ծրա­գի­րը: Բեմ բարձ­րա­ցաւ օր­ուան հան­դի­սա­վար, Հաճ­եա­նի վա­ղե­մի բա­րե­կամ ըն­կեր եւ գոր­ծա­կից Ռու­բէն Պար­սում­եա­նը:

Պրն. Պար­սում­եա­նը իր խօս­քի մէջ նշեց` “Հա­ւաք­ուած ենք, ոգե­կո­չե­լու, վա­ւե­րա­կան եւ վաս­տա­կա­շատ կրթա­կան մշա­կի մը, որ տա­րի մը առաջ Սեպտ. 4, 2012ին իր աչ­քե­րը փա­կեց Պո­ւէ­նոս Այ­րէ­սի մէջ: Իր 60 տար­ուան պատ­կա­ռե­լի վաս­տա­կով Պետ­րոս Հաճ­եան, ար­ժա­նի էր հա­մա­գա­ղու­թա­յին յար­գան­քի ու յո­բել­եա­նի: Պետ­րոս Հաճ­եա­նը, խո­նարհ, հա­մեստ ու պարզ անձ մըն էր ու այդ պատ­ճա­ռով թե­րեւս Սփիւռ­քի մէջ բա­ւա­րար ճա­նաչ­ուած չէր, թէ­եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ գնա­հատ­ուած էր ու ար­ժա­նա­ցած շքան­շա­նի: Ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին սա­կայն իր դէմ­քը առա­ւել եւս պի­տի պայ­ծա­ռա­նայ ու իր գոր­ծը պի­տի գնա­հատ­ուի ­ըստ ար­ժան­ւոյն: Այ­սօր ես իմ անձ­նա­կան վկա­յու­թիւնը պիտի բե­րեմ Պետ­րոս Հաճ­եա­նի ան­ձին մա­սին, որուն մտեր­մու­թիւնը վա­յե­լե­լու բախ­տը ու­նե­ցած եմ, իմ երի­տա­սար­դա­կան տա­րի­նե­րուն, որ­պէս ըն­կեր եւ պաշ­տօ­նա­կից ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէ­զին մէջ, տաս­նամ­եակ­ներ առաջ Հա­լէ­պում, ծնած էր 1933-ին Սուր­իա, ու­սուց­չու­թիւնը իր տա­րերքն էր: Տաս­նամ­եակ­ներ ու­սուց­չա­կան պաշ­տօն­ներ վա­րած է, Տէր Զօր, Հա­լէպ եւ Ար­ժան­թին: Պետ­րոս Հաճ­եան սե­րունդ­ներ դաս­տիա­րա­կած է հայ ոգով, իր հան­րա­յին ու կու­սակ­ցա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեամբ:

Իր գրա­կան ժա­ռան­գու­թիւնը ծով մըն է, որ ար­ժա­նի է առան­ձին ու­սում­նա­սի­րու­թեան, “Պատմ­ուածք­ներ“, լեզ­ուա­կան եւ քե­րա­կա­նա­կան դա­սագր­քեր, ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ եւ այլն“, եզ­րա­կաց­րեց պրն. Պար­սում­եա­նը:

p7 a.jpeg  Բեմ հրա­ւիր­ուեց պրն. Վար­դան Մատ­թէ­ոս­եան, որը անդ­րա­դար­ձաւ Պետ­րոս Հաճ­եա­նի գրա­կան ու կրթա­կան վաս­տա­կի մա­սին:

Պրն. Մատ­թէ­ոս­եա­նը, իր խօս­քի մէջ, ի մի­ջի այ­լոց նշեց` “Գա­ղու­թի մէջ, իր աշա­կերտ­նե­րէն եւ ոչ աշա­կերտ­նե­րէն կը յի­շէ­ին, գրող, խմբա­գիր, ու­սու­ցիչ եւ ճա­ռա­խօս` Պետ­րոս Հաճ­եա­նը, աւե­լի քան 40 տար­ուայ վաս­տա­կով, Ար­ժան­թի­նի մէջ եւ մօտ 20 տար­ուայ վաս­տա­կով Սուր­իոյ մէջ ար­ժա­նի էր եւ ար­ժա­նի է, տեղ մը գրա­ւե­լու, սփիւռ­քա­հայ իրա­կա­նու­թեան մէջ, ոչ միայն տա­րի­նե­րի աշ­խա­տան­քով, այլ տա­րի­նե­րի բե­րած որա­կով:

Այս­տեղ պի­տի բե­րել, շատ մաշ­ուած բառ մը, որ “մտա­ւո­րա­կան“ բառն է: Ամէն մարդ մտա­ւո­րա­կան կը կոչ­ուի, տե­ղի եւ ան­տե­ղի ձե­ւե­րով, բայց պի­տի ըն­դու­նենք, մտա­ւո­րա­կան պի­տի կոչ­ուի, առա­ւե­լա­բար այն ան­ձը, որ կը մտա­ծէ եւ մտա­ծել կու տայ, եւ ես կա­րող եմ վկա­յել, որ Պետ­րոս Հաճ­եա­նը հա­ւա­տա­րիմ մնաց այդ գա­ղա­փա­րին, մին­չեւ իր կեան­քի վեր­ջին օրը“:

Պրն. Մատ­թէ­ոս­եան իր խօս­քը շա­րու­նա­կե­լով նշեց` “1984 թուին, Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կոս Վազ­գէն Վե­հա­փա­ռի, վեր­ջին այցե­լու­թեան առի­թով, Ար­ժան­թին, Վե­հա­փա­ռի ձե­ռամբ, շքան­շա­նի ար­ժա­նա­ցաւ, (Սուրբ Մես­րոպ շքան­շան) իսկ 2010 թուին ար­ժա­նա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան “Մով­սէս Խո­րե­նա­ցու շքան­շա­նին““:

Պրն. Մատ­թէ­ոս­եա­նը անդ­րա­դար­ձաւ Հաճ­եա­նի կա­րե­ւոր ազ­դե­ցու­թեան մա­սին, իր ապա­գայ գրա­կան բա­նա­սի­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րի մա­սին եւ Հաճ­եա­նին ան­ուա­նեց իր “Մտա­ւո­րա­կան հայ­րե­րից մէ­կը“:

Պետ­րոս Հաճ­եա­նի ոճը, “յստակ“ տե­ղին եւ մէ­կին ար­տա­յայ­տու­թեան ձեւ է, որ խու­սա­փում է ման­ուա­ծա­պատ նա­խա­դա­սու­թիւն­ներ, ստեղ­ծե­լուց կամ ու­ռու­ցիկ ածա­կան­ներ շռայ­լե­լուց:

“Հաճ­եա­նը իր խօս­քը պարզ եւ մէ­կին կը փո­խան­ցէր ըն­թեր­ցո­ղին“ նշեց Մատ­թէ­ոս­եա­նը.և “Կ՛ու­զէի այս­տեղ նշել, որ “Հայ­րե­նիք“ Շա­բա­թա­թեր­թի սուղ էջե­րը թոյլ չտան, այս թղթակ­ցու­թեամբ ամ­բող­ջո­վին փո­խան­ցել, Մատ­թէ­ոս­եա­նի լուրջ եւ մշակ­ուած խօս­քը:

Պետ­րոս  Հաճ­եա­նի գրա­կան, ման­կա­վար­ժա­կան վաս­տա­կի մա­սին տե­ղին կը լի­նի առան­ձին յօդ­ուա­ծով յանձ­նել տպագ­րու­թեան“:

Բեմ հրա­ւիր­ուեց Լի­զա Եսայ­եա­նը, որը ըն­թեր­ցեց Պետ­րոս Հաճ­եա­նի “Կար­կե­միշ“ վէ­պից մի հատ­ուած:7 4

Պրն. Պար­սում­եա­նը բեմ հրա­ւի­րեց, “Բա­գին“ գրա­կան պար­բե­րա­թեր­թի վա­րիչ-խմբա­գիր Յա­կոբ Պալ­եա­նին, որը հիւ­րա­բար Նիւ Եորք կը գտնուէր:7

Պալ­եա­նը իր խօս­քի մէջ մի­ա­ժա­մա­նակ անդ­րա­դար­ձաւ Հաճ­եա­նի շրջա­նի ու­սու­ցիչ­նե­րի եւ դաստ­ի­ա­րակ­նե­րի մա­սին, որոն­ցից շա­տե­րը, նոյ­նիսկ պէտք եղած կրթու­թիւնը չու­նէ­ին, բայց իրենց աշա­կերտ­նե­րի մէջ ոգի ներշն­չե­ցին, որը մենք հի­մա չենք կա­րո­ղա­նում անել:

Պետ­րո­սը եւ իր սերն­դա­կից­նե­րը, եղան այն տղա­քը, որ այդ ժա­ռան­գու­թիւնը ստանձ­նե­ցին:

“Ես ու­սու­ցիչ­ներ ու­նե­ցած եմ“, նշեց Պալ­եա­նը, “որոնք միայն նա­խակր­թա­րան աւար­տած են, որոնք բախ­տա­ւոր պարա­գա­յին Դպրե­վանք գա­ցած էին, մեծ վկա­յա­կան­ներ չու­նէ­ին, բայց հա­յե­րէն սոր­վե­ցու­ցին պատ­մու­թիւն սոր­վե­ցու­ցին, պատ­մու­թեան խոր­հուր­դը փո­խան­ցե­ցին եւ եթէ Պետ­րո­սը եղաւ ան ինչ որ էր, մենք կը պար­տինք, այ­սօր­ուան ըմբռ­նու­մով, այդ ոչ գրա­գէտ մար­դոց“:

Պրն. Պալ­եան իր խօս­քի մէջ անդ­րա­դար­ձաւ նա­եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան “սկզբնա­կան տա­րի­նե­րում, երբ մեր կեան­քի մէջ եղան դժուա­րու­թիւն­ներ, ինչ­պէս կող­մե­րի հա­րե­լու հար­ցեր, եւ Պետ­րո­սը այն ատեն էր որ իր պատ­կա­նած եւ սի­րած կազ­մա­կեր­պու­թեան հետ խնդիր ու­նե­ցաւ, առա­ջի­նը չէ վեր­ջինն ալ չէ: Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան մէջ մար­դիկ մտած են, մար­դիկ ելած են, բայց այդ ելլող­ներն ան­գամ, իրենց հոգիին մէջ պա­հած են, այն կրա­կը որ ստա­ցած էին: Պետ­րո­սը նրան­ցից էր, որ այդ  ներ­քին կրա­կը պա­հեց մին­չեւ իր կեան­քի վեր­ջը“:

7³  Հաճ­եան ըն­տա­նի­քից, վեր­ջին խօ­սո­ղը եղաւ Աւօ Հաճ­եա­նը, հան­գուց­եալ Պետ­րոս Հաճ­եա­նի զա­ւա­կը, որը ներ­կա­յիս Հա­մազ­գա­յի­նի միու­թեան Նիւ Եոր­քի մաս­նա­ճիւ­ղի ատե­նա­պետն է:

Աւօն իր սրտա­քին շնոր­հա­կա­լու­թիւնը յայտ­նեց Սուրբ Լու­սա­ւո­րիչ Մայր Եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տէր Մես­րոպ քհնյ. Լա­գիս­եա­նին, ընդ­հան­րա­պէս Հա­մազ­գա­յի­նի հետ սերտ գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար:7 5

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Հա­մազ­գա­յի­նի նախ­կին վար­չու­թեան կազ­մին, որոնք եկե­ղեց­ւոյ հետ մի­աս­նա­բար ծրագ­րե­ցին եւ գոր­ծադ­րե­ցին այս յուշ երե­կոն: Աւե­տիս Հաճ­եա­նը, ըն­թեր­ցեց մի հատ­ուած, իր մօր, տի­կին Հաճ­եա­նի նա­մա­կից, որ­տեղ շնոր­հա­կա­լու­թիւն է յայտ­նում Տ. Մես­րոպ քհնյ. Լա­գիս­եա­նին, Հա­մազ­գա­յի­նի վար­չու­թեա­նը, իր ամուս­նու ըն­կեր­նե­րից եւ գոր­ծա­կից­նե­րից, Ռու­բէն Պար­սում­եա­նից, Յա­կոբ Պալ­եա­նից եւ Վար­դան Մատ­թէ­ոս­եա­նից, եւ բո­լոր նրան­ցից, որոնք իրենց գոր­ծակ­ցու­թիւնն են բե­րել յուշ երե­կո­յի իրա­գործ­ման:

Փակ­ման խօս­քով ելոյթ ու­նե­ցաւ Տ. Մես­րոպ քնհյ. Լա­գիս­եա­նը, որ նշեց.և “Եկե­ղե­ցու այս սրա­հը, իր­պէս “մշա­կոյ­թի տուն“ եղաւ, ամէն շա­բաթ մենք այս­տեղ, դա­սա­խօ­սու­թիւն ու­նենք, մշա­կու­թա­յին եւ այլ ձեռ­նարկ­ներ ու­նենք, եկէք եւ քա­ջա­լե­րե­ցէք“ նշեց Տէր Հայ­րը:

Վեր­ջում տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

2 thoughts on “ԳՐԱ­ԳԷՏ, ՄԱՆ­ԿԱ­ՎԱՐԺ ՊԵՏ­ՐՈՍ ՀԱՃ­ԵԱ­ՆԻՆ ՆՈՒԻՐ­ՈՒԱԾ ՅՈՒՇ ԵՐԵ­ԿՈՅ

  1. Jisht e tzer kraznere ies pajd unetza grj djamangov ir ashaguerduhin ellal.u hianali kraked , mart iev usutzich, kianke chi tner poloris archev aispisi harkeli baron, vor jisht e aveli sht knahadvaz er arjentiani turs ,kante hos. hai josk ga vor sht ankam lsetzi u ais barakain jisht e krelu, tjpajtapar guesen KNA MERRIR IEGUR SIREMbaron hadjian tuk chgak arten paitz tzer polor kirkere ,hotvaznere ,joskere ,serunte serunt bidi antznin, tzer hedovoghneru michotzov inchpes ashaguerdneren u tzer endaniken, ASDVAZ HOKIT LUSAVORE

  2. 2008-ին Պիքֆայայի վանքին մէջ համասփիւռքեան համագումար տեղի կ’ունենար՝ նուիրուած Հայոց լեզուին:Նիստի մը, դասախօսին խօսքէն ետք, խօսք տրուեցաւ ժողովականներուն՝ երեքական վայրկեան: Պետրոս Հաճեան սկսաւ խօսիլ, երեք վայրկեանը անցաւ, եւ ինք տակաւին նիւթին մէջ մտած չէր ու կը շարունակէր: Նիստը վարող ընկերը յիշեցուց ու վերյիշեցուց, թէ ժամանակը սպառած էր…:
    Հաճեան ա՛լ չդիմացաւ ու պայթեցաւ.«Եղբա՛յր, 28 ժամ թռած եմ այս համագումարին հասնելու համար, չէ՞ք կրնար քանի մը վայրեան աւելի տալ ինծի բացառութեան կարգով…»:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles