«ԳՈՐՇ ԳԱՅԼԵՐ»-Ը, ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ԹՐՔԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՔԱՅԻՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 47 Second

Ա.Ա.

Թուրքիոյ մէջ ոչ ոք կրնայ նախագահ Էրտողանը հրապարակաւ քննադատել, առանց դատուելու եւ բանտարկուելու։ Միայն մէկ բացառութեամբ՝ Ալաէտտին Չեքիճին։
Մտաւորականներ, լրագրողներ, գրողներ, նոյնիսկ դերասանուհի մը դատուած են բանտարկութեան վճիռներ ստացած՝ Էրտողանը քննադատելու յանցանքով։ Բայց Ալաաէտտին Չեքիճի մնաց անպատիժ եւ ոչ ոք համարձակեցաւ զայն պատասխանատուութեան կանչել, կամ նոյնիսկ անդրադառնալ անոր Ֆէյսպուքեան գրառման, որովհետեւ կան կարմիր գիծեր, զորս նոյնիսկ Էրտողան չի կրնար շրջանցել։
«Գորշ Գայլեր» կազմակերպութիւնը այդ կարմիր գիծերուն մէջ իսկ ունի իր առաջին դիրքը եւ ոչինչ կրնայ այս իրողութիւնը փոխել։ Չեքիճի, որ իբրեւ մաՖիա-աւազակախումբի մը հիմնադիրը եւ գլխաւորը քանի մը ամբաստանութիւններու հիմամբ բանտարկուած է, Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ սուր կերպով քննադատեց Էրտողանը, որովհետեւ ան յաղթանակի իր ճառին մէջ ամբողջութեամբ անտեսեց ծայրայեղ ազգայնական Ազգային Շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլէթ Պահչելին՝ անգիտանալով ծայրայեղ ազգայնականներուն բերած օժանդակութիւնը, խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ անկէ առաջ սահմանադրական փոփոխութեան հանրաքուէին։
Էրտողանը անցորդ մը, եւ ազգայնականները տանտէր համարելով՝ Չեքիճի հարցականի տակ առաւ Էրտողանի հայրենասիրութիւնը, որ բնաւ Պահչելիի հայրենասիրութեան հետ կարելի չէր բաղդատել։ «Պէտք է գիտնաս, որ Իւլքիւճիները Թուրքիոյ հիմնաքարն են», կը գրէր Չեքիճի իր գրառման մէջ։
Իւլքիւճի բառացիօրէն կը նշանակէ գաղափարապաշտ։Ազգային Շարժում կուսակցութեան փողոցային շարժման անունն ալ՝ Իւլքիւ Օճաքլարի, այսինքն՝ Գաղափարապաշտներու Տուն։Սակայն այս շարժումը Եւրոպայի մէջ առաւել ծանօթ է «Գորշ Գայլեր»-ու կազմակերպութիւն անունով։ Կառոյց մը, որ թրքական պետութեան խորքային համակարգին հիմնաքարերէն մին է եւ ոչինչ կրնայ զայն արմատախիլ ընել։ Ոչ ոք կը համարձակի այս կազմակերպութեան ծալքերը թափանցել։ Նոյնիսկ՝ Էրտողան։
Բայց կ՛արժէ ակնարկ մը նետել Ալաէտտին Չեքիճիի անցեալին վրայ, որպէսզի առաւել յստականայ «Գորշ Գայլեր»-ու դերակատարութիւնը Թուրքիոյ պետական համակարգին մութ քուլիսներուն մէջ։
Չեքիճի առաջին անգամ ձերբակալուեցաւ 1980ի պետական հարուածէն ետք, եւ սարքուեցաւ անոր դատավարութիւնը՝ աւելի քան քառասուն անձերու սպանութեան յանցանքով։Սպանեալները ձախակողմեան շարժումներու անդամներ էին։Չեքիճի սակայն յանկարծ յայտնուեցաւ Թուրքիայէն դուրս, կեղծ անցագրով մը Ֆրանսա խոյս տալով։ Ապա 1999ին դարձեալ վերադարձուեցաւ Թուրքիա, ուր բանտարկուեցաւ։2002ին ազատ արձակուելէն ետք, ան դարձեալ յաջողեցաւ խոյս տալ Թուրքիայէն, անգամ մը եւս կեղծ անցագիր մը գործածելով։ Երկու տարի ետք՝ 2004ին Չեքիճի յայտնաբերուեցաւ Աւստրիոյ մէջ,ուր այս անգամ կը կրէր Յատուկ Ծառայութեան Անցագիր մը։Եւ ահա մամուլին մէջ սկսաւ սպրդիլ ցնցիչ տեղեկութիւններ՝ Չեքիճիի ծաւալած գործունէութեան մասին։
Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնները Չեքիճին օգտագործած էին բազմաթիւ սպանութիւններու համար՝ մաքրագործելով այսպէս կոչուած ահաբեկիչներ։ Քիւրտեր էին անոր զոհերը։Ան նաեւ կատարած էր գործեր, որոնք կարելի չէր գլուխ հանել՝ պետական սպասարկութիւններու միջոցով։1990ական թուականներուն Չեքիճի սպանութիւններ կատարած էր Եւրոպայի տարածքին եւ Լիբանանի մէջ։ Բոլոր գործողութիւններն ալ յանձնառարուած էին Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան կողմէ։
Չեքիճի ապա սկսած էր անհակակշռելի տարր մը դառնալ՝ «Գորշ Գայլեր»-ու կազմակերպութեան ղեկավար դիրքերու հասնելով եւ վերածուելով պետութեան մէջ խորքային կառոյցի մը միահեծան ղեկավարը։Այս կացութիւնը գլխացաւ կը պատճառէր գաղտնի սպասարկութեան եւ ահա ան դարձեալ բանտ առաջնորդուեցաւ՝ այս անգամ իբրեւ աւազակախումբի մը ղեկավարը։
Ուրեմն տեսականօրէն Չեքիճի ոչ մէկ սպառնալիք էր։ Բայց ահա 12 Մայիսին Տեւլէթ Պահչելի, որուն կուսակցութեան անդամ քառասուն ինը երեսփոխանները Էրտողանի 290 երեսփոխաններուն հետ կազմեցին խորհրդարանին մեծամասնութիւնը, Թուիթըրի իր էջին վրայ գրառում կատարելով՝ պահանջեց Չեքիճիի եւ Քուրսատ Եըլմազի ազատ արձակումը։Եըլմազ եւս Իւլքիւ Օճաքի ղեկավարներէն է, որ նաեւ բանտարկուած է։ Պահչելի նոյնիսկ բանտին մէջ այցելեց Չեքիճիի եւ զայն ու Եըլմազը «Թուրքիան պաշտող եղբայրներս» կոչեց։
Տրամաբանականօրէն Չեքիճի եւ Եըլմազ սովորական աւազակներ եւ յանցագործներ են։ Երեւոյթը ատիկա ցոյց կու տայ, որովհետեւ երկուքն ալ բանտարկուած են։
Բայց։Էրտողանի թիկունք կանգնող եւ խորհրդարանին մէջ ալ անոր կուսակցութեան երեսփոխաններուն հետ մեծամասնութիւն կազմող՝ Ազգային Շարժում կուսակցութեան ղեկավարին Չեքիճիի եւ Եըլմազի նկատմամբ զօրակցական հրապարակային կեցուածքները այլ իրողութիւն մը կը պարզեն։ Մանաւանդ երբ Էրտողանի բացարձակ լռութիւնը՝ Չեքիճիի կողմէ իր հասցէին կատարուած սուր քննադատութեան դիմաց։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles