
Յ. Պալեան
Լիբանանի գեղանկարչական աշխարհին մէջ յայտնի դէմք էր Յարութիւն Թորոսեան:
Երէկ, փարիզեան շրջանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ մահացած է Յարութիւն Թորոսեան:
Ծնած էր 1933ին, Պէյրութ: Մաս կը կազմէր հայ արուեստագէտներու սերունդի մը: Բազմաշնորհ արուեստագէտ էր: Միաժամանակ կը սիրէր գրել: Հետաքրքրական է իր «Անկարելի սէր» գիրքը: Իր գեղանկարչական ուսումը ստացած էր Լիբանանի Գեղարուեստից վարժարանը, ապա Փարիզի Գեղարուեստից Ազգային Բարձրագոյն դպրոցը, նկարչութիւն, փորագրութիւն (gravure) եւ որմնանկարչութիւն (fresque):
Ունի հայերէնով հրատարակութիւններ եւ իր գեղանկարներու ներկայացման գիրքեր:
Անդամ էր Լիբանանի գեղանկարիչներու եւ քանդակագործներու միութեան եւ Ֆրանսայի Արուեստագէտներու Պալատին:
Յարութիւն Թորոսեանի ստեղծագործական ներշնչման ենթահողը երրեակ է. ծննդավայր Լիբանանը, արմատներու եւ սիրոյ հայրենիք Հայաստանը, եւ Ֆրանսան՝ իր արուեստի մեծութիւններով:
Վերջին տարիներուն քանի մը անգամ միասին գտնուեցանք Պէյրութի ցուցահանդէսներուն եւ նուագահանդէսներուն: Ֆրանսա, յաճախ իրարու հանդիպեցանք Մոնթրէօյի իր տունը եւ արձակուրի օրերուն՝ Նորմանտի, Վիլլէր-սիւր-մէր կամ Տովիլ ծովափնեայ քաղաքները: Կարօտով կը խօսէր Լիբանանի եռուն կեանքին մասին, ինչպէս՝ իր ընկերներուն:
Յարութիւն Թորոսեանէն որպէս յիշատակ կը պահեմ երեք մերկուհիներու գեղանկարներ, որոնք գեղեցիկի եւ կեանքի մասին կը վկայեն:
Անոնք մնայուն ներկայութիւն պիտի ըլլան գիրքերուս կողքին, շարունակելով Նորմանտիի մեր զրոյցները, որոնք կը մեղմէին կարօտներ եւ աքսորի տխրութիւնները:
Արուեստ, գրականութիւն, բանաստեղծութիւն ԲԱՆՆ իսկ են, մեզմէ առաջ սկսած, մեզմով շարունակուող եւ դէպի գալիքները ընթացող: Ինչե՜ր ըսած է գեղեցիկը: Յարութիւն Թորոսեանի մերկուհիները ի՞նչ կ’ըսէին իրեն, ի՞նչ կ’ըսեն արուեստասէրին, ի՞նչ պիտի ըսեն վաղը:
Կը դիտեմ: Ինք կը խօսի իր զգացումներով:
Կը մնայ ներկայութիւն:
Այդպէս է Բանի եւ Արուեստի բաց պատուհանը:
Լիբանանի արուեստի կեանքին եւ անոր զարգացման մէջ իր տեղը ունէր Յարութիւն Թորոսեան, ինչպէս իրմէ առաջ շիջած Զաւէն Խտըշեանը, Լիւսի Թիւթիւնճեանը, եւ շատեր: Իր սերունդէն ուրիշներ, հակառակ Լիբանանի եւ լիբանահայութեան ապրած խոր տագնապին, կը շարունակեն ստեղծագործել եւ կենդանութեան շունչ տալ հայ կեանքին:
Իր ետին տաղանդաւոր արուեստագէտի պայծառ յիշատակ կը թողու Յարութիւն Թորոսեան:
Օր մը, յաղթահարելէ ետք ներկայի բարդութիւնները, սփիւռքի հայ արուեստագէտներու թանգարան կը ստեղծուի՞ Հայաստանի մէջ, որպէսզի հայկական ժառանգութիւնը պահուի: Այդ կ’ըլլայ օտար երկինքներու տակ տարածուած հայ միտքի լոյսին հայրենիքի տուած տիրութեան եւ սիրոյ տուրքը:
Յարութիւն Թորոսեանի հետ արուեստասէրներ իրենց անաւարտ զրոյցները պիտի շարունակեն իր նկարներուն հետ: