
Read Time:15 Second
Ղափանի, Սիսիանի, Բարգուշատի, եւ Արեւիկի շրջաններուն մէջ, հայ-թաթարական կռիւներուն ատեն, բազմաթիւ հայ գիւղեր ԳՈՄՍԱՅ ԿՈՐԻՒՆին կը պարտին իրենց կեանքը: Կորիւն ոչ թէ պաշտպանողական միջոցներով, այլ շեշտակի յարձակումներով կ՛ապահովէ հայ գիւղերը, թաթարները եւ քիւրտերը պահելով սարսափի մէջ: Իբր երախտագիտութիւն, այդ լեռնային ժողովուրդը իր նորածին մանուկները կ՛անուանէր Հարօ կամ Կորիւն: