Լրահոս

ԳՈՀԱՐԻ ԱՄԱՆՈՐԵԱՅ ՆՈՒԷՐՆԵՐԸ

 KOHAR ԳՈՀԱՐ Սիմֆոնիք Նուագախումբի եւ Երգչախումբի հարաւ-ամերիկեան համերգներէն գոյացած հասոյթէն մօտաւորապէս 150,000 տոլար կը յատկացնէ տեղւոյն մէջ գործող հայկական զանազան վարժարաններու, մշակութային եւ հասարակական ծրագիրներու, ուսուցիչներու եւ անհատներու, որոնք մշակոյթ եւ երգ-երաժշտութիւն ջամբած են տարիներ շարունակ:

ԳՈՀԱՐ, անսալով իր տարիներու սկզբունքին եւ հաւատալով, որ հայութիւնը պիտի շարունակէ գոյատեւել իր մշակոյթով, անգամ մը եւս իր համերգներէն գոյացած ընդհանուր գումարը նուիրեց Հայ ինքնութեան պահպանման եւ գոյատեւման ճիգերուն:

ԳՈՀԱՐ, անդրադառնալով նաեւ Սուրիոյ մէջ տիրող ճգնաժամին, այս տօնական օրերուն, հարաւ-ամերիկեան համերգային շրջագայութենէն զգալի գումար մը` 50,000 տոլար կը նուիրէ սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներու, որպէսզի շարունակեն իրենց տարիներու հայապահպանման երթը այս տագնապալի օրերուն:

ԳՈՀԱՐ կը շարունակէ իր նուիրաբերումը Հայ ազգային արժէքներու պահպանումին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button