Գիւմրիի Մէջ.- Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Կեդրոնի Բացում

0 0
Read Time:51 Second

gyumri2

ԳԻՒՄՐԻ.- Յուլիս 11-ին, բացումը կատարուեցաւ քաղաքին կեդրոնը գտնուող Հ.Յ.Դ. երիտասարդական նոր կեդրոնին: Կեդրոնը` 18-րդ դարուն կառուցուած եւ Ալեքսանտրապոլի մեծահարուստ Ղունկի աղային տունը եղած կառոյցին մէջ կը գտնուի:
Հանդիսաւոր բացման արարողութեան ներկայ էին սփիւռքէն հարիւրաւոր հիւրեր, Շիրակի մարզպետը, Գիւմրիի քաղաքապետը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչներ, 2016 թուականի Հ.Յ.Դ. տարեկան ճամբարին մասնակից պատանիներ, Հ.Յ.Դ. երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու անդամներ:gyumri1gyumri3
Այս առթիւ, խօսք առին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդութեան հետ հարցերու բաժինի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեանը եւ Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանը:
«Շիրվանեան Երիտասարդական Կեդրոն»ը վերանորոգուած է Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան շրջանի Հ.Յ.Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ: Շէնքի վերանորոգման աշխատանքները հովանաւորած են բարերարներ՝ Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեանները, այդ պատճառով ալ հաստատութիւնը կը կրէ «Շիրվանեան երիտասարդական կեդրոն» անունը:
Միւս կողմէ, նշենք թէ Յուլիս 10-ին, Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութեան միացան 14 նոր անդամներ: Երեւանի Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդներու երդման հանդիսաւոր արարողութիւն: Երիտասարդներու կնքահայրը Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, պատգամաւոր Աղուան Վարդանեանն էր

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles