
Հայաստանի երկրորդ քաղաքը` Գիւմրին, պաշտօնապէս հռչակուեցաւ 2013-ի Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան. մշակութային մայրաքաղաք: Որոշումը ընդունուած էր տարի մը առաջ` Աշխապատի մէջ կայացած Ա.Պ.Հ. պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին:
Հ.Հ. մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը հաւաստիացուց, որ այս ծրագիրը պիտի դառնայ Ա.Պ.Հ. երկիրներու մշտական գործող հարթակ: Նախարարը տեղեկացուց նաեւ, որ ծրագրի իրագործման համար գումարներ պիտի յատկացնէ մշակոյթի նախարարութիւնը (53 միլիոն դրամ), Գիւմրիի քաղաքապետարանը (17 միլիոն դրամ), “Հումանիտար համագործակցութեան միջպետական հիմնադրամը“ (200 միլիոն դրամ) եւ Հ.Հ. կառավարութիւնը (193 միլիոն դրամ):
Գիւմրին Շիրակի մարզի մայրաքաղաքն է, եւ կը նկատուի Հայաստանի մշակութային մայրաքաղաքը: Ան կը գտնուի Երեւանէն 120-130 ք.մ. հիւսիս-արեւմուտք` Հայաստան-Թուրքիա ներկայ սահմանէն մօտաւորապէս 13 ք.մ. դէպի արեւելք: Բնակչութեան թուաքանակի տեսանկիւնէն` ըստ 2008ի մարդահամարի տուեալներուն (168.918 բնակիչ)` այն Հայաստանի երկրորդ քաղաքն է:
Գյումրի՞ թէ Գիւմրի` արեւմտահայերէնով, կամ Կիւմայրի` մեզի ծանօթ իր հնագոյն անուանումով, եւ տակաւին` 1837 թուականին` Ալեքսանդրապոլ` ի պատիւ Նիկողայոս ցարի տիկնոջ` ցարուհի Ալեքսանտրային, կամ ինչո՞ւ չէ` Լենինական, Հայաստանի սովետականացումէն եւ Լենինի մահէն ետք, 1924 թուականին: Եւ ի վերջոյ` Հայաստանի անկախացումէն ետք` կրկին Գիւմրի:
Միւս կողմէ, Շիրակի մարզպետ Ֆելիքս Ցոլակեանը նշեց, որ պատահական չէ Գիւմրիի ընտրութիւնը որպէս մշակութային մայրաքաղաք. “Գիւմրին հայրաքաղաք էր, դարձաւ մայրաքաղաք եւ առայժմ` մշակութային: Ծրագրի ծիրէն ներս պիտի իրականացուին գիւմրեցիներուն վայել իրադարձութիւններ“ ըսած է ան:
Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Պալասանեանն ալ նշեց, որ Գիւմրին բազմաթիւ փորձութիւններու ընդմէջէն անցած ճանապարհ ունի, եւ այսօր իր վէրքերը պէտք է ամոքէ` մշակոյթի միջոցով: