
ԵՐԵՒԱՆ (“Արմթայմզ“).- Երկրաշարժէն քսանըհինգ տարի ետք, Գիւմրին կը մնայ ցնցուած: Այնքան մը, որ լուրջ մտահոգութիւնը կը ստեղծէ արտագաղթը: Ազգային վիճակագրական ծառայութեան պաշտօնական տուեալները, ցոյց կու տան թէ, Յուլիս 1, 2012-ի դրութեամբ Գիւմրիի մէջ կը բնակէր 145,700 մարդ, իսկ 2013-ին` 120,700, այսինքն` մէկ տարուան մէջ 25,000 գիւմրեցի լքած է քաղաքը:
Վերջին երեք տարուան ընթացքին մեծ թափով շարունակուող արտագաղթը դատարկած է քաղաքն ու մինչեւ իսկ քաղաքի այն հատուածները, որոնք պէտք է եռուն ըլլային: Տեղացիք, որոնք ծանօթ են իրենց կատակներով եւ սրամտութեամբ, սարսափով կը յայտնեն, որ քաղաքը դատարկուած է այն աստիճան, որ զգալի եւ տեսանելի է թէ նոյնիսկ փողոցներուն մէջ, հետզհետէ պակսած է երթեւեկը, թէ՛ անցորդներու եւ թէ՛ ինքնաշարժներու:
Միւս կողմէ, Հայաստանի հանրապետութեան ազգային վիճակագրական ծառայութեան Նոյեմբեր 19-ին հրապարակած “Հայաստանի հանրապետութեան մարզերը եւ Երեւան քաղաքը թիւերով“ հերթական զեկուցումին մէջ ներկայացուած է Հայաստանի հանրապետութեան մարզերու բնակչութեան թիւը: Մարզերուն մէջ բնակչութիւնը 1 տարուան ընթացքին նուազած է 13-17 առ հարիւրով:
Երեւանի բնակչութիւնը այդ ընթացքին նուազած է 61 հազարով կամ 5.4 առ հարիւրով: Ընդհանուր առմամբ, Հայաստանի բնակչութիւնը ըստ Ազգային վիճակագրութեան ծառայութեան հրապարակած պաշտօնական այդ տեղեկատուութեան, նուազած է 247 հազարով կամ 7.5%:
Արագածոտնի մարզի բնակչութիւն այս մէկ տարուան ընթացքին նուազած է 10 հազարով կամ 6.9 առ հարիւրով, Արարատինը` 20 հազարով կամ 7.2 առ հարիւրով, Արմաւիրինը` 20.3 հազարով կամ 7 առ հարիւրով, Գեղարքունիքինը` 7.5 հազարով կամ 3 առ հարիւրով, Լոռիի մարզինը` 47.5 հազարով կամ 17 առ հարիւրով, Կոտայքինը` 28 հազարով կամ 10 առ հարիւրով, Շիրաքինը` 31 հազարով կամ 11 առ հարիւրով, Սիւնիքինը` 11 հազարով կամ 7.3 առ հարիւրով, Վայոց Ձորինը` 4 հազարով կամ 6.9 առ հարիւրով, Տաւուշինը` 6.5 հազարով կամ 5 առ հարիւրով: