
Յ. Պալեան
Վեց տարիներ առաջ սփիւռքի տեւող ոգեկանութեան արտակարգ դէմքերէն մին հրաժեշտ տուաւ կեանքին:
Մտաւորական մը, որուն սենեակներ գրաւող գրադարանը շարունակեց յիշեցնել իր անցքը:
Արիս Սեւակի շնչառութիւնը պահած գիրքերը կը վկայէին, որ հայկական կացութեան բացասականութեան դէմ պայքարած էր ան, մերժելով նահանջ եւ պարտութիւն:
Հայերէն գիրքը, հին եւ նոր, վերջին մոհիկաններուն սիրոյ տուրքն է, որ կը տրուի արմատներուն: Իր աննշան տպաքանակով, ան կարծէք լոյս կը տեսնէ մեր մեղսակցութեամբ գաղտնի մնալու համար:
Կարգախօս կրկնողներ, աղմկարարներ եւ բիզնեսով ազգի փրկութեան համար ճամբայ ինկածներ հայերէն գիրքը, բախտաւոր պարագային, կը համարեն թանգարանային իր:
Հետեւանքը՝ տան հայերէն գիրքով գրադարաններ, երբեմն ալ միութենական, կը դատապարտուին «հեռացման», ինչպէս կ’ըսեն վիրաբուժական միջամտութեան մը պարագային: Գրադարանները, աւելորդ բեռ կը համարուին, տեղ կը գրաւեն:
Հայերէն գիրքը ընթերցող չունենալով, անօգուտ իր է:
Հայերէն գիրք չընթերցողը ի՞նչ բանի շարունակութիւն է:
Հայերէն գիրքերու դէզեր երբեմն գտնուած են մայթին վրայ, սպասելով աղբահաւաքի անցքը:
Միութենական կեդրոններու գրադարաններու ապակեփեղկերը չեն բացուիր: Զարդարանք են:
Սրտցաւ մտաւորական մը, Նիւ Եորքի մէջ, խօսելով միութենական գրադարանի մը մասին, դիպուկ խօսք ըսաւ, որ ան «հայերէն գիրքի գերեզման է», ուր գիրքերը կը ղրկուին, աղբահաւաքի յանձնելու խղճահարութենէն զերծ մնալու համար:
Երբեմն ալ անհատական կամ միութենական գրադարաններ նուէր կը ղրկուին Հայաստան: Մխիթարութիւն: Պարտութեան մը խոստովանութիւնը, ողջմտութեան գիտակցութիւն, գիտնալով որ հայ կեանքը Հայաստանի մէջ պիտի շարունակուի:
Մամուլը անդրադարձաւ միութեան մը գրադարանին Հայաստան առաքման:
Հայը, այսօրուան երէցներ եւ նորեր՝ որոնք հասակ կ’առնեն մոլորակի հեռու եւ մօտ անկիւնները, ինչպէ՞ս ինքնութիւն պիտի պահեն: Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) այս գոյութենական (existentiel) հարցումին պատասխանելու ճիգ չենք ըներ:
Արիս Սեւակի մահուան առիթով, տիպարը բնորոշելով, ըսած էի՝ «Ծագումով հայու հակափաստը»: Սովորութիւն է ըսել «ամերիկածին»: Արիս Սեւակ, ամերիկեան միջավայրի մէջ, ամերիկեան ուսում ստանալով հանդերձ, ոչ միայն ինքնութիւն պահած էր, այլ յանձնառութեամբ ծառայած հայ մշակոյթին: Ինքնատիպ ներդրում. ան հայոց գրականութիւնը եւ պատմութիւնը թարգմանութիւններու ճամբով ծանօթացուց օտար շրջանակներու, ափսոսալով՝ որ մայրենի հայերէնէ հեռացածներ կային:
Արիս Սեւակ ապրեցաւ իր գիրքերու աշխարհին մէջ, հայերէն եւ հայութեան վերաբերող գիրքեր: Գրադարան՝ հայերէն եւ անգլերէն հատորներ, բառարաններ, համայնագիտարաններ, որոնց հետ՝ կեանք մը նուիրում: Արիս Սեւակ չեղաւ տխրեցնող «ծագումով հայ», մարդատեսակ մը՝ որ կ’աճի սպառողական ընկերութեան մէջ, ուր որ ան կայք հաստատէ:
Ուրիշներու գիրքերը թարգմանել փառք չ’ապահովեր, ապերախտ բայց միաժամանակ օգտակար գործ: Բեմի լոյսերը հեղինակին համար են, ոչ թարգմանողին, մինչդեռ երկրորդը ինքզինք կը տրամադրէ տկարացածները ոտքի պահելու ճիգին:
Վարչականներ եւ ղեկավարներ աւելի դիւրին կը փոխարինուին, քան մեր իրականութեան մէջ հայերէնի եւ միաժամանակ օտար լեզուի տիրապետելով, նուիրուիլ թարգմանչական որակաւոր աշխատանքի:
Վեց տարիներ անցած են, բայց Արիս Սեւակը յիշողները եւ բարեկամները կը զգան իր բացակայութիւնը: Անսեթեւեթ հայ էր, երբ կրնար «ծագումով հայ» դառնալ եւ յաջողութիւններու հասնիլ: Ամերիկեան հալոցին (melting pot) դիմացած էր: Օրինակելի: Բայց այլեւս չենք յիշեր օրինակելիները եւ չենք զբաղիր անոնցմով:
Արիս Սեւակի մահէն ետք, ամէն անգամ որ գտնուած եմ խիտ անտառի նմանող իր գրադարանին մէջ, կարծէք գիրքերը կը խօսէին իրենց որբութեան մասին: Բարեբախտաբար այդ գիրքերը չբռնեցին միութեան մը «գերեզման գրադարանի պահարաններու ճամբան»: Անոնք յանձնուեցան Ամերիկայի ամենէն ուշագրաւ եւ յուսատու կազմակերպութիւններէն մէկուն, Լոս Անճելըսի ԼԱՐՔ երաժշտական ընկերակցութեան, որ հայ որակաւոր արուեստի եւ մշակոյթի ապրումի եւ վերապրումի առաքելութիւն տուած է ինքնիրեն:
«ԿԵԴՐՈՆ» դառնալու իր ազնիւ փառասիրութիւնը քայլ առ քայլ հետապնդելով, ԼԱՐՔը ինքզինք արդէն օժտած է թանգարանով, անաղմուկ կը փորձէ «հայագիտական» մարզէն ներս ալ ինքզինք իրականացնել: Արիս Սեւակի գրադարանի գիրքերը, թերթերու հաւաքածոները, վաւերաթուղթերը իջեւանած են ԼԱՐՔի մօտ:
Հիմա պէտք է յուսալ, որ ԼԱՐՔի շուրջ հաւաքուած նորերը, այսինքն վաղուան շարունակութիւն ըլլալու կոչուած սերունդը, հոգեկան իրենց սնունդը կը ստանան այդ գրադարանէն:
Հայերէն գիրքերը կը փրկուին անպէտք իր դառնալու եւ տխուր «գերեզման»ի ճակատագրէն եւ կ’ըլլան ներդրում՝ որպէսզի սերունդը չըլլայ սոսկ «ծագումով հայ», ինչպէս որ չեղաւ այդ գիրքերու մտերմութեան մէջ ապրած եւ անոնց հետ զրուցած Արիս Սեւակը:
Գրադարան մը գիրքեր, թերթեր, բառարաններ: Անոնք «Պերմուտայի Եռանկիւն»ին մէջ ծովամոյն չեղան: Անոնք կ’ուզեն ապրիլ եւ ապրեցնել:
Հայու հպարտութեան վերականգնումին համար՝ աւանդ:
Հայերէն գիրքի ընթերցումը, տարածումը եւ պաշտպանութիւնը ազգային իրաւ քաղաքականութեան օղակներ են, առանց խժալուր աղմուկի:
Այս մտմտուքը ազնիւ քննադատութիւն է, առաջքը առնելու համար «ծագումով հայ» դառնալու անվերադարձ նահանջին: