
Յ. Պալեան
Օրը օրինի կրպակայինը ո՛չ աոողջութիւն է, ո՛չ ազգային , ո՛չ ալ քաղաքական:
Պսակաձեւ ժահրը,- գիտական բառը ՔՈՎԻՏ-19 է,- մեր կենցաղի աշխարհագրութիւնը փոքրացուց: Թոռան, զաւակի, կնոջ եւ դրացուհիի կամ քարտուղարուհիի հետ չենք կրնար ողջագուրուիլ: Կեանքի աղը կորսուած է: Հեռախօսի եւ ելեկտրոնային նամակի եթերին մէջ ենք:
Հաշտուած ենք ճգնաւորի կեանքին հետ: Քիչ կը խօսինք, քիչ կը սպառենք: Ըսին, որ խնայողութիւնները միլեառներով աւելցած են: Երեւոյթ՝ որ ուշադրութեան չարժանացաւ: Ֆրանսայի մէջ, առողջապահական պատճառներով՝ գրատուներու փակման դէմ մարդիկ բողոքեցին:
Ըստ հարցախոյզներու, տնարգելութեան պայմաններուն մէջ, երկու ֆրանսացիէն մէկը առնուազն մէկ լրիւ գիրք մը կարդացած է: Գիրքերու սպառումը 2,5 անգամով աւելցած է: Հաւանօրէն հայերն ալ գիրք կը կարդան, բայց այդ ընթերցումը նպաստա՞ծ է հայերէն գիրքին:
Պիտի սպասենք, որ ժահրը առանց լուր տալու փախչի ինչպէս որ եկած էր, կամ մենք դիմակները նետելով դուրս պիտի գանք, ըսելով՝ «թող պատահի ինչ որ պիտի պատահի»: Մինչ այդ ստիպուեցանք աւելի ամփոփուիլ եւ մտածել:
Ժահրին ընկերացան հայոց բնաջնջման եւ հայրենիքի քարտէսէն անհետացման միտող մեր անկուշտ թշնամիին նախայարձակումը եւ մեր անփառունակ պարտութիւնը: Դեռ զիջումները կրնան բազմապատկուիլ, տնտեսական աւեր եւ աղէտ նոր արտագաղթ, որ է թշնամիին առարկայական դաշնակիցը:
Տնարգելութիւնը այս բոլոր հարցերով միաժամանակ տագնապեցուց:
Ֆրանսացի իմաստուն Պլէզ Փասքալ (ԺԷ․ դար) կ’ըսէր. «Իրերը տարբեր որակներ ունին եւ հոգին տարբեր հակումներ, քանի որ հոգիին տրուող ոչինչ պարզ է: Եւ հոգին երբեք պարզ չի տրուիր ոչ մէկ հարցի: Ուրկէ կը հետեւի, որ կը խնդանք եւ կու լանք նոյն բանին համար»:
Ընթացիկէն դուրս պիտի գամ եւ խօսիմ ոչ անհրաժեշտ հարցի մը մասին: Գործնապաշտներ պիտի ըսեն, թէ թեթեւամտութիւն է խօսիլ Ֆրանսայի գրատուներու, գիրքի սպառման, տնարգելութեան պայմաններու մէջ ընթերցողներու թիւի մասին: Կ’ուզեմ խօսիլ ոչ թէ ֆրանսացիներու, այլ՝ մեր մասին:
Պատերազմ, տնարգելութիւն, քովիտ 19…
Տնարգելութեան պայմաններուն մէջ մեր թերթերու սպառումը եւ ընթերցողները աւելցա՞ն, թէ գոհացանք համացանցով, ֆէյսպուքեան ցնցիչ շատախօսութեամբ, հաշուեյարդարներով եւ հեռաձայնային ասէկոսէներով:
Հայերէն գիրքը մեր ինքնութիւնը կը կերտէ, հայելի է, որուն մէջ մենք մեզ կը տեսնենք (եթէ չվախնանք մեր ինքնաճանաչման պատկերէն): Հայերէն գիրքի ընթերցումը, մեծին եւ պզտիկին, գրողին եւ հրատարակիչին, հայրենասէրի քաղաքական վերաբերում է: Նորահնար բառով՝ չափորոշիչը:
Գիտուն մարդիկ, համավարակի մեկուսացման յառաջացուցած հոգեբանական անհանգստութեան դարման համարեցին գիրքը: Ըսին՝ bibliothérapie (խմբ․ , bibliotherapy): Ըսենք՝ գիրքով դարմանում, գրադարման:
Գիրքի եւ թերթի ընթերցումը մասնակցութիւն կը պահանջէ: Երբ անշարժ հեռատեսիլին կամ համակարգիչին առջեւ ենք, կ’ընդարմանանք, որ այդքան է միայն, ճիգ չի պահանջեր, կրաւորականութիւն է:
Անցնող ամիսներու ընթացքին շատ կարդացի, մասնաւորաբար օտար լեզուներով նոր գիրքեր: Երբեմն ալ խառնշտկեցի գրադարանս, հոն գտայ կարդացուած, մոռցուած, տեսադաշտէս հեռացած գիրքեր:
Կէս ոսկեգոյն կէս կապոտ կողքով գեղակազմ հատոր մը հանեցի շարքէն:
Յակոբ Կարապենց, «Ածանօթ Հոգիներ»: Ուաշինկթըն 1970: Տպարան Ատլաս: Պէյրութ: 380 էջ: 13 պատմուածքներ: Կէս դար առաջ դիտուած հայ կեանքի պատկերներ: Ապրելու, պատշաճելու ոճեր, անոնցմէ անդին մէկ եւ ազգ ըլլալու, զիրար գտնելու բնազդական դրսեւորումներ:
Զարմացայ, թէ ինչո՞ւ, ներկայի խառնակ կացութեան մէջ, չեմ ուզեր ըսել ճակատագրական, գրեթէ մէկ շունչով աւարտեցի գիրքին ընթերցումը:
Յակոբ Կարապենց տեսութիւն եւ կարգախօս չի կրկներ, իր հերոսներու ցաւը, երազը, զառանցանքը եւ կատարուած իրողութիւններուն դէմ անոնց համակերպումը կը նկարահանէ:
Եթէ սփիւռքահայը Յակոբ Կարապենցի էջերը կարդացած ըլլար ոչ միայն որպէս սոսկ գեղարուեստական երկեր կամ ժամանց, դրոշմուած ըլլար անոնցմով, մեր կեանքը տարբեր կ’ըլլար:
Յիսուն տարի առաջ գրուած էջերը քանի հայեր կարդացին եւ զգացին անհայրենիք ըլլալու դողը, հոգիներու նոյնիսկ չգիտակցուող թրթռացումը:
Այսօր, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), տասնըհինգ միլիոն, ուժ եւ միաժամանակ յուսալքում պատճառող իրադրութեան մէջ գտնուող զանգուածներէն քանիներ կարդացած են «Անածանօթ Հոգիներ»-ը, մեր բոլորի հոգիները. մարդիկ՝ տառապած եւ դեռ տառապող, յուսալքուող եւ այդ չտեսնող անգամ, օտարացող՝ որ այլասերում է:
Այլասերում՝ որուն հետեւանքը հայրենատէրի բացակայութիւնն է:
Լաւ ապրելու իրաւունքի համար հայրենիք լքել, երթալ հեռու, արտագաղթել, հեռու աշխարհներու մէջ երգն ու պարը քաղաքականութիւն համարել, հայրենատիրութեան ոչ հեռուէն եւ ոչ ալ մօտէն կ’առնչուին:
Մեր կորուստներուն պատճառը բացակայութիւնն է:
Հայրենիք-հողը պաշտպան ներկայ բնակիչ կ’ուզէ: Պեվըրլի Հիլզէն, Էմփայր Սթէյթ պիլտիկի տանիքէն, Մոնաքոյէն, Էյֆէլի Աշտարակէն նայելով եւ Արարատ երազող հայրենասիրութիւնը ձանձրոյթ փարատող խաղ է, ինքնախաբէութիւն, ո՛չ քաղաքականութիւն է, ո՛չ ալ պայքար:
Գիրքը փակեցի: Հայերէն գիրքը պէտք է մտցնել մեր կեանքին մէջ որպէսզի առողջ մնայ հայրենատիրական ոգին, որ խրախճանքներու հայրենասիրական երգը չէ: Բնակուած երկիրը իր բնակիչներով կ’ըլլայ հայրենիք:
Գիտակից հայերը համակած դառն պարտութեան զգացումը հայրենիքի վաղուան երաշխիքը կ’ըլլայ, եթէ անոնք իրապէս տէր եւ ծառայ ըլլան հայրենիքին: Սպառնացող վտանգներուն դէմ կենսական օրակարգ ըլլայ հայրենադարձութիւնը:
Յակոբ Կարապենցի գիրքը փակեցի: Օտար լեզուով հրատարակութիւններու կողքի վերջընթեռ էջին վրայ կը գրուի տպաքանակը: Չեմ գիտեր թէ ի՞նչ եղած է յիսուն տարի առաջ տպուած գիրքին տպաքանակը: Տեղ մը օրինակներ մնացա՞ծ են:
Մեր տասնըհինգ միլիոնէն քանի՞ հոգի այսօր կը յիշէ Յակոբ Կարապենցը եւ անոր գիրքերը կը կարդայ:
Գիրքը ոգի կը բերէ: Առանց ոգեկանութեան ազգ չի պահուիր: Հարկ է կառչիլ գիրքին որպէս հայու մարտի դաշտի զէնք:
Տնարգելութիւն. յիշողութիւն, զգացումներ, գաղափարներ եւ երազներ կ’ողողեն միտքերը, որոնք կը սուզուին ընդարմացման մէջ:
Բռնագրաւուող մեծ ու պզտիկ բեկորներ Հայաստանէն: Հողի համար զոհուած երիտասարդներ: Մեր ապիկարութիւնները:
Գիրքը առաջին քայլն է վերականգնումի: Գիրք գնել քաղաքական արարք է: Գիրք կարդալ՝ քաղաքական ընտրանք:
Հայերէն գիրք գնել եւ կարդալ՝ արմատներու հաւատարմութիւն է, իրաւ քաղաքականութիւն:
Ինչո՞ւ կրկին չկարդալ, մեր զաւակներուն եւ թոռներուն հետ, «ԿԱՅԾԵՐ»ը, «ԽԵՆԹԸ», որպէսզի վառ պահենք հայրենիք պահելու եւ վերականգնելու կամքը:
Ի դէպ, հարցուցէ՛ք ձեր շուրջ, թէ ո՞վ գրած է այդ գիրքերը:
Հարցուցէ՛ք թէ ո՞վ է Ռաֆֆի: Պիտի ըսեն դրացի Էտիի տղան:
Ո՞ւր կը գտնուինք հիմա, ներսը եւ դուրսը: