Գիր­քե­րու Հետ.- ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱ­ՀԱՆ ԹՈՒ­ԹԻԿ­ԵԱ­ՆԻ ՆՈ­ՐԱ­ԳՈՅՆ ՀՐԱ­ՏԱ­ՐԱ­ԿՈՒ­ԹԻՒՆԸ` “ԿԵԱՆ­ՔԻՍ ՃԱՆԱՊԱՐ­ՀԸ“ (MY LIFE JOURNEY)

0 0
Read Time:15 Minute, 0 Second

p12                                                                         Գրա­խօ­սեց` ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ

 

Ժա­մա­նա­կա­կից Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան եկե­ղեց­ւոյ ծա­ռա­յող­նե­րու փա­ղան­գին մէջ ստուար է թիւը այն հո­գե­ւոր գոր­ծիչ­նե­րուն, որոնք իրենց հով­ուա­կան աս­պա­րէ­զի կող­քին, մշա­կած ըլ­լան գիր ու գրա­կա­նու­թիւն, եւ սպի­տակ թուղ­թին յանձ­նած ըլ­լան միտք եւ կար­ծիք, բան ու բա­նիւ, գիր եւ դպրու­թիւն, յուշ եւ պատ­մու­թիւն:

Հիւ­սի­սա­յին Ամե­րի­կա­յի տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ այդ փա­ղան­գի ռահ­վի­րան կը հան­դի­սա­նայ Վեր. դոկտ. Վա­հան Թու­թիկ­եա­նը, որ վեր­ջերս լոյս ըն­ծա­յեց իր 36-րդ հա­տո­րը, անգ­լե­րէն լե­զուով, խո­րագր­ուած “My Life Journey“ – “Կեան­քիս Ճա­նա­պար­հը:

Թիւե­րու խաղ չէ այս ան­շուշտ: 36 հա­տոր­նե­րու հե­ղի­նակ մը կեն­դա­նի վկան է Յա­կոբ Առաք­եա­լի հա­ւատ­քը ողջ պա­հող գոր­ծո՛ղ ծա­ռա­յին: Ար­դա­րեւ` քա­րո­զիչ, դա­սա­խօս, պատ­մա­գէտ, հո­վիւ, աստ­ուա­ծա­բան եւ հրա­պա­րա­կա­խօս Վե­րա­պատ­ուելի­ին, բազ­մա­բե­ղուն աշ­խա­տան­քի եւ առատ ար­գա­սի­քի հունձ­քի վեր­ջին օղակն է իր գի­տա­կից կեան­քի օղակ­նե­րու շա­րա­նին պատ­մու­թիւնը հիւ­սող եւ աշ­խա­տան­քի հո­լո­վոյ­թը ներ­կա­յաց­նող, պատ­կե­րա­լից եւ ար­դիւ­նա­բեր կեան­քի մը խօ­սուն վկան հան­դի­սա­ցող այս վեր­ջին հա­տո­րը:

Գե­ղա­տիպ հա­տո­րի մը 400 էջե­րու մէջ խտա­ցած կեան­քի պատ­մու­թեան բա­ցատ­րա­կա­նը տա­լով, Վեր. Թու­թիկ­եան կ՛ը­սէ իր նե­րա­ծա­կա­նին մէջ.  Սոյն հա­տո­րը, կեան­քի պատ­մա­կան մը ըլ­լա­լու կող­քին, ար­ձա­նագ­րու­թիւնն է իմ հով­ուա­կան, կրթա­կան, եւ հան­րա­յին ծա­ռա­յու­թեան անց­նող 55 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին եւ կը շա­րու­նա­կէ, Այս հա­տո­րով ջա­նա­ցած եմ ժա­մա­նա­կագ­րա­կան կար­գով նկա­րագ­րել իմ ան­հա­տա­կան եւ հան­րա­յին կեան­քի, ինչ­պէս նա­եւ գա­ղու­թա­յին եւ մաս­նա­գի­տա­կան կեան­քի զա­նա­զան երես­նե­րը, որ­պէս հո­վիւ, կրթա­կան գոր­ծիչ, գրող, վա­րիչղե­կա­վար եւ հա­մայն­քա­յին առաջ­նորդ“:

Ար­դա­րեւ, Դա­մաս­կոս, Սուր­իա­յէն սկսած ծա­ռա­յու­թեան դաշ­տէն մին­չեւ Գա­հի­րէ եւ Աղեք­սանդր­իա, Եգիպ­տոս ապա Պոս­թըն եւ Տիթ­րոյթ, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ եր­կա­րած ամ­բողջ ճա­նա­պար­հին, Վե­րա­պատ­ուե­լին մեղ­ուա­ջան աշ­խա­տան­քով նուիր­ուած է իր հօ­տին, հա­մայն­քին եւ ժո­ղո­վուր­դի ծա­ռա­յու­թեան եւ առաջ­նոր­դու­թեան, հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով Աս­տու­ծոյ ծա­ռա­յու­թեան դաշ­տին մէջ գոր­ծե­լու իր ուխ­տին եւ կո­չու­մին:

Գե­րա­զան­ցօ­րէն հե­զա­սահ ըն­թեր­ցու­մի սահ­ման­ուած այս հա­տո­րը բաղ­կա­ցած է 13 գլուխ­նե­րէ որոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը ինք­նին բաժն­ուած է են­թա­խո­րագր­ուած եւ թուագր­ուած մաս­նա­բա­ժին­նե­րու, դիւ­րաց­նե­լով եւ հա­ճո­յաց­նե­լով ժա­մա­նա­կագ­րա­կան շար­քով նկա­րագր­ուած Վե­րա­պատ­ուելի­ին կեան­քի ճա­նա­պար­հը:

Վե­րա­պատ­ուե­լի Թու­թիկ­եա­նի Կեան­քիս Ճա­նա­պար­հըգործ սկիզբ կ՛առ­նէ դրախ­տա­յին Քե­սա­պի զուտ Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րով բնակ­ուած Էքի­զօ­լուք գիւ­ղէն, ուր խա­րիսխ նե­տած են Թու­թիկ­եան գեր­դաս­տա­նի ար­մատ­նե­րը:

Գրքի առա­ջին չորս գլուխ­նե­րը պատ­մա­կանն են Վե­րա­պատ­ուելի­ին ըն­տա­նե­կան ծա­ռի ծա­նօթ ար­մատ­նե­րուն, հո­գե­ւոր դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան ակունք­նե­րուն, ծնո­ղա­կան կա­նուխ ազ­դե­ցու­թեան եւ նախ­նա­կան ուս­ման շուրջ հիւս­ուած պատ­մու­թեան:

Վե­րա­պատ­ուե­լին, իր ծնող­քի բա­րի օրի­նա­կին ազ­դե­ցու­թեան տակ, ըլ­լա­լով մո­լի ըն­թեր­ցող մը,  հա­ճոյ­քով եւ ինք­նա­գոհ հպար­տու­թեամբ մը կը պատ­մէ իր ման­կու­թեան առա­ջին յա­ջող առեւ­տու­րին մա­սին երբ շրջուն գրա­վա­ճա­ռի մը հետ, եօթ տա­րե­կան հա­սա­կին, Նոր Կտա­կա­րան մը  փո­խա­նա­կէ, Թու­թիկ­եան­նե­րու հաւ­նո­ցէն դուրս ելած եօ­թը թարմ հաւ­կիթ­նե­րով: Առեւտ­րա­կան յա­ջող ներդ­րում մը ար­դա­րեւ, զոր պատ­ուե­լին` իր կեան­քի ճա­նա­պար­հին վրայ եր­կա­րած, հո­գե­կան բազ­մա­պատկ­ուած շա­հի աղ­բիւր մը կը սե­պէ:

Կե­նա­քիս Ճա­նա­պար­հըգործի հին­գէն եօ­թե­րորդ գլուխ­նե­րը, պա­տա­նի Թու­թիկ­եա­նը կ՛ա­ռաջ­նոր­դէն գիւ­ղէն դուրս, սուզ­ուե­լու քա­ղա­քա­յին աւա­զա­նին մէջ ուր ան յա­ջոր­դա­բար կ՛ամ­բող­ջաց­նէ միջ­նա­կար­գի եւ երկ­րոր­դա­կա­նի ու­սու­մը Էշ­րէֆի­է­ի Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան բարձ­րա­գոյն վար­ժա­րա­նին մէջ, Պէյ­րութ, ապա մէկ տա­րի -Freshman-Հա­լէպ Գո­լէճ, եւ կրկին Պէյ­րութ, ուր զու­գա­հեռ ուղի­ով  1959ին, բարձ­րա­գոյն յի­շա­տա­կու­թեամբ եւ ար­դէն որ­պէս հա­սուն եւ գի­տա­կից երի­տա­սարդ, կ՛ա­ւար­տէ Ամե­րիկ­եան հա­մալ­սա­րա­նի Պսա­կա­ւոր Ար­ուես­տի եւ Մերձ.  Արե­ւել­քի Աստ­ուա­ծա­բա­նա­կան Ճե­մա­րա­նի զոյգ դա­սըն­թացք­նե­րը, ստա­նա­լով հա­մա­պա­տաս­խան վկա­յա­կան­ներ:

1952-ին, նա­խախ­նա­մու­թեան կար­գադ­րու­թեամբ Հա­լէ­պէն Նա­զար­եան ըն­տա­նի­քը իրենց ամառուայ ար­ձա­կուր­դին հա­մար եր­կու սեն­եակ­ներ կը վար­ձեն Թու­թիկ­եան­նե­րու Էքի­զօ­լու­քի տու­նէն: Այդ շրջա­նին սկսած ծա­նօ­թու­թիւնը Նա­զար­եան­նե­րու դստեր` Ջա­նի­ցա­կան Ժուլի­է­թին հետ, զար­գա­նա­լով Վա­հա­նի Հա­լէպ Գո­լէճ ու­սա­նած տար­ուան ըն­թաց­քին եւ խարսխ­ուե­լով փո­խա­դարձ սի­րոյ վրայ, 1959-ին կ՛առաջ­նոր­դէն ամո­լը սուրբ պսա­կի խոր­հուր­դին, որոնք իրենց խօս­տում­նե­րը կը փո­խա­նա­կեն այն վայ­րին մէջ ու հան­դի­պած էին առա­ջին ան­գամ` Էքի­զօ­լու­քի Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան եկե­ղեց­ւոյ մէջ: Եր­ջա­նիկ ամո­լը կը բախ­տա­ւոր­ուի երեք աղ­ջիկ զա­ւակ­նե­րով: Նա­խախ­նա­մու­թեան կամ­քը սա­կայն 1985ին, Մ.Ն.ու մէջ անո­ղոք հիւան­դու­թեան մը որ­պէս ար­դիւնք կը հնձէ Ժուլի­է­թը, Աս­տու­ծոյ մխի­թա­րու­թեան յանձ­նե­լով Վե­րա­պատ­ուե­լին եւ իր դուստ­րե­րը:

Վեր. Թու­թիկ­եա­նի Կեան­քի Ճա­նա­պար­հը գործի 9էն 12րդ գլուխ­նե­րը կը նկա­րագ­րեն երի­տա­սարդ շրջա­նա­ւարտ հովիւին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը չորս գլխա­ւոր հօ­տե­րէ ներս, եր­կու­քը` Մի­ջին Արե­ւել­քի եւ եր­կու­քը` Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ: Թու­թիկ­եա­նի ծա­ռա­յու­թեան առա­ջին դաշ­տը կը պա­տա­հի ըլ­լալ սուր­ի­ա­կան մայ­րա­քա­ղաք` Դա­մաս­կո­սի Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան եկե­ղեց­ւոյ բե­մը եւ անոր հո­վանի­ին տակ գտնուող Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան ամէ­նօր­եայ վար­ժա­րա­նի տնօ­րի­նու­թիւնը:

Առ այդ, զին­ուած վար­չա­կան եւ հով­ուա­կան մի­ամ­եայ փոր­ձա­ռու­թեամբ, պե­տա­կան մար­մին­նե­րու եւ քոյր յա­րան­ուա­նու­թիւն­նե­րու հետ վար­չա­կան առա­ջին շփում­նե­րով, Թու­թիկ­եան պատ­րաստ կ՛ըլ­լայ ըն­դու­նե­լու հրա­ւէ­րը այդ օրե­րու Արա­բա­կան Մի­աց­եալ Հան­րա­պե­տու­թեան հա­րա­ւա­յին մայ­րա­քա­ղաք` Գա­հի­րէի Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան եկե­ղեցի­էն:

Գա­հի­րէն ամէն մար­զէ ներս մագլ­ցու­մի նոր եղա­նակ մը կը հան­դի­սա­նայ: Հոս` քա­ղա­քը, գա­ղու­թը, հա­մայն­քը եւ եկե­ղե­ցին ար­դէն տար­բեր ծա­ւալ մը ու­նին որոնք բնա­կա­նա­բար աւե­լի մեծ պա­տաս­խա­նատուու­թիւն­ներ կը թե­լադ­րեն: Աւե­լի հին, փոր­ձա­ռու, խարսխ­ուած, հա­րուստ մշա­կոյ­թի տէր եւ ներ­դաշ­նակ աշ­խա­տան­քի աւե­լի վարժ եգիպ­տա­կան այս գա­ղու­թին մէջ աւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի նոր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չէն կ՛ակն­կալ­ուի եւ կ՛ստաց­ուի հա­մայն­քի ղե­կա­վա­րի դեր մը զոր Թու­թիկ­եան  ան­վե­րա­պա­հօ­րէն եւ փայ­լուն կա­տա­րո­ղու­թեամբ կ՛իրա­գոր­ծէ` կրօ­նա­կան, մշա­կու­թա­յին, գրա­կան եւ ազ­գա­յին ծա­ւա­լած բո­լոր մար­զե­րուն մէջ: Գա­հի­րէն ար­դէն աշ­խար­հայ­նա­ցու­մի դուռն է: Հոս է որ Թու­թիկ­եան կը ծա­նօ­թա­նայ, կը մտեր­մա­նայ, կը հա­նի­դի­պի, կը գո­րա­ծակ­ցի եւ կ՛աշ­խա­տակ­ցի այդ օրե­րու հայ աշ­խար­հի թա­տե­րա­բե­մի վրայ ղե­կա­վա­րու­թեան մա­կա­նը բռնած մե­ծե­րուն:

Օգոս­տոս 1965-ին,Վեր. Թու­թիկ­եա­նի կեան­քի ճա­նա­պար­հի վրայ նոր էջ մը կը բաց­ուի երբ Գո­լոմ­պո­սի աշ­խար­հը իր դռնե­րը բա­նա­լով կ՛ըն­դու­նի Թու­թիկ­եան­նե­րը որ­պէս օրի­նա­ւոր գաղ­թա­կան­ներ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ:  Հով­ուա­կան ծա­ռա­յու­թեան զու­գա­հեռ, Թու­թիկ­եա­նի ուս­ման տեն­չը կը մղեն զինք մաս­նա­գի­տա­նա­լով աւար­տե­լու բարձ­րա­գոյն ուս­ման ճա­նա­պար­հը եւ յա­ջոր­դա­բար ստա­նա­լու Աստ­ուա­ծա­բա­նու­թեան Մա­գիստ­րո­սի եր­կու տիտ­ղոս եւ Doctor of Ministry տիտ­ղո­սը, ու­սա­նե­լով Մեծն Պոս­թը­նի համ­բա­ւա­ւոր հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ:

Թու­թիկ­եա­նի գերբ­նա­կան աշ­խա­տան­քի գաղտ­նի­քը կը կա­յա­նայ իր քու­նի կար­գա­պա­հու­թեան մէջ: Ար­դա­րեւ ան վար­ժու­թիւն ըրած է գո­հա­նալ 4 ժամ­ուայ քու­նով եւ յետ­մի­ջօ­րէ­ին մրա­փով մը, տրա­մադ­րե­լով օր­ուայ մնաց­եալ ժա­մե­րը ար­թուն աշ­խա­տան­քի:

Եւ թափ կ՛առ­նէ Վե­րա­պատ­ուելի­ին աշ­խա­տան­քի ծա­ւալն ու որա­կը: Ան իր ծա­ռա­յած եր­կու եկե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ առանցքն է ան­դուլ աշ­խա­տան­քի` ծա­ւա­լե­լով հօ­տը, ստեղ­ծե­լով ծա­ռա­յու­թեան նոր յանձ­նա­խում­բեր, եկե­ղե­ցա­կան նոր խմբակ­ներ, հիմ­նե­լով հիմ­նադ­րամ­ներ, կազ­մա­կեր­պե­լով դրա­մա­հա­ւաք­ներ,  ծրագ­րե­լով շի­նա­րա­րա­կան կա­րծիք­ներ, ներգ­րա­ւե­լով նոր ան­դամ­ներ, մաս­նակ­ցե­լով միջ-յա­րան­ուա­նա­կան աշ­խոյժ խմբակ­նե­րու, գա­ղու­թա­յին երկ­լե­զու դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րով, հա­յե­րէն լեզ­ուի դա­սըն­թացք­նե­րով, մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րով, երի­տա­սար­դա­կան կա­րիք­նե­րու հե­տապն­դու­մով, անոնց դժուա­րու­թիւն­նե­րու հո­գա­ցու­մով եւ տա­կա­ւին բազ­մա­թիւ էջե­րու վրայ ման­րա­մասն­ուած ծրա­գիր­նե­րով եւ գոր­ծու­նէ­ու­թեամբ: Եւ այս բո­լո­րը առանց որե­ւէ ազ­գա­յին տե­ղա­տուու­թեան` հե­ռու հա­լող կաթ­սա­յին վտան­գէն: Մայ­րե­նի լե­զուն տան խօ­սակ­ցա­կան լե­զուն է իսկ Ա.Մ.Ն.-ի նոր քա­ղա­քա­ցի Վա­հան Թու­թիկ­եա­նը քա­ղա­քա­վա­րօ­րէն կը մեր­ժէ իր եւ իր դստեր Անա­հի­տի անու­նը փո­խե­լու ամէն կոչ:

Թու­թիկ­եա­նի Ամե­րիկ­եան ցա­մա­քա­մա­սի գոր­ծու­նէ­ու­թիւն­նե­րը չեն ամ­փոփ­ուիր Պոս­թը­նի Հայ Աւետ. Նա­հա­տա­կաց եկե­ղեց­ւոյ տա­սը տար­ուայ եւ Տիթ­րոյ­թի Հայ Աւետ. եկե­ղեց­ւոյ երե­սուն տա­րի­նե­րու ծա­ռա­յու­թեան մէջ: Առա­ջին օրէն իսկ ան յա­րան­ուա­նա­կան թէ գա­ղու­թա­յին բե­մին վրայ է Հիւ­սի­սա­յին Ամե­րի­կա­յի տա­րած­քով աշ­խու­ժօ­րէն պա­տա­սա­խա­նա­տուու­թիւն վերց­նող եւ պաշ­տօն­ներ ու­սա­բար­ձողն է` թէ Հիւ­սի­սա­յին Ամե­րի­կա­յի Հայ Աւետ. եկե­ղե­ցի­նե­րու միու­թեան եւ թէ Ամե­րի­կա­յի Հայ Աւե­տա­րան­չա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թեան մէջ:

Ան ան­դամ է Մայր Եկե­ղեց­ւոյ հետ մեր­ձեց­ման յա­տուկ յանձ­նա­խում­բին, մաս­նա­կից Միու­թեան մէկ միլի­ոն տո­լա­րի հան­գա­նա­կու­թեան ար­շա­ւին, Միու­թեան, Աւե­տա­րան­չա­կա­նի եւ Հայ­կազ­եան Հա­մալ­սա­րա­նի ամ­եակ­նե­րու հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն եւ ոգե­կո­չում­նե­րուն, Միու­թեան եւ Աւե­տա­րան­չա­կա­նի ազ­գա­յին ան­շեղ ուղ­ղու­թեան պա­հա­կը, Միու­թեան եկե­ղե­ցի­նե­րու հայ Աւե­տա­րա­նա­կան անու­նը կրե­լու ջա­տա­գո­վը, յե­տան­կախ Հա­յաս­տա­նի մէջ աւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի աշ­խոյժ ներ­կա­յու­թեան քա­ջա­լե­րը, հա­մազ­գա­յին բե­մե­րու վրայ աւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քը ներ­կա­յաց­նող փայ­լուն դէմ­քը եւ տա­կա­ւին 13րդ գլխու բազ­մա­թիւ էջե­րուն վրայ փռուած` սիր­ուած եւ փնտռուած հա­մայն­քա­յին ղե­կա­վա­րը:

Թու­թիկ­եա­նի տես­լա­կա­նին ար­գա­սիքն է Տիթ­րոյ­թի Հայ Աւետ. եկե­ղեց­ւոյ ծո­ցին մէջ հիմն­ուած Հայ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան տրա­մադր­ուած Հիմ­նադ­րա­մը որ հայ մշա­կոյ­թի հետ առընչ­ուած զա­նա­զան ծրա­գիր­նե­րու կող­քին կը դառ­նայ հրա­տա­րա­կի­չը Թու­թիկ­եան հե­ղի­նա­կին բազ­մա­թիւ հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րուն:

1978ին ստեղծ­ուած Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Հա­մաշ­խար­հա­յին Խոր­հուր­դի ծնուն­դէն իվեր, Վեր. Թու­թիկ­եան նախ որ­պէս Խոր­հուր­դի նա­խա­գահ եւ ապա որ­պէս անոր գոր­ծա­դիր տնօ­րէն, եռան­դով կը շա­րու­նա­կէ իր ծա­ռա­յու­թիւնը` Աս­տու­ծոյ,  հա­մայն­քին եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին, այս պա­րա­գա­յին, ըլ­լա­լով մտայ­ղա­ցող, ծրագ­րող, հա­մադ­րող, ներ­դաշ­նա­կող եւ գոր­ծադ­րող հա­մա­կար­գի­չը, Խոր­հուր­դի աշ­խա­տանք­նե­րու հո­լո­վոյ­թին:

Վե­րա­պատ­ուե­լին, 1991ին բախ­տա­ւո­րու­թիւնը ու­նե­նա­լով վե­րա­մուս­նա­նա­լու ներ­քին եւ ար­տա­քին գե­ղեց­կու­թեան տէր, շնոր­հա­լի, քաղցր, խո­հուն, հո­գա­ծու եւ կայ­տառ, կեան­քի նոր ըն­կե­րոջ մը հետ` յան­ձին Ռո­զէթ Բամ­բակ­եա­նի, երէկ եւ այ­սօր կը վա­յե­լէ անոր ամ­բող­ջա­կան նե­ցու­կը, գոր­ծակ­ցու­թիւնը եւ ըն­կե­րակ­ցու­թիւնը իր ամ­բողջ աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ:

“My Life Journey“ – “Կեան­քիս Ճա­նա­պար­հը“, 2014,  394 էջ, լա­թա­կազմ, գու­նա­ւոր շա­պիկ, հրա­տա­րա­կու­թիւն Armenian Heritage Committee, 3922 Yorba Linda Blvd. Royal Oak, MI 48073-6455, ձօն­ուած հե­ղի­նա­կի ծնող­նե­րուն` Յա­կոբ Ա. եւ Գե­ղա­նոյշ Թու­թիկ­եան­նե­րու,  հա­ճոյ­քով եւ հպար­տու­թեամբ ըն­թեռ­նե­լի, ծա­փա­հա­րե­լի եւ օրի­նա­կե­լի բայց տա­կա­ւին չա­ւար­տած կեան­քի մը պատ­մու­թիւնն է: Յանձ­նա­րա­րե­լի է բո­լո­րին:

Վարձքդ կա­տար պատ­ուե­լի, գրիչդ անս­պառ եւ ան­դուլ աշ­խա­տան­քիդ` եր­կա՜ր եւ բարի՜ ճա­նա­պարհ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles