
Վեհանոյշ Թեքեան
Երբեմն կը մտածեմ որ եթէ Յովհաննէս Շիրազ կամ Պարոյր Սեւակ ողջ ըլլային հիմա, կը յաջողուէ՞ր ահաւոր խաւարի մէջ թաթխել հայու խրոխտ հոգին, կը համարձակուէ՞ր պատառ-պատառ ընել Արցախը եւ յանձնել բորենիներու։
Պարոյր Սեւակ՝ հմայիչ ու հեղինակաւոր, խօսքը հատու, առնական եւ խորապէս մարդկայնական, սիրուած ու յարգուած ի սփիւռս աշխարհի, Անկախութեան առաջին օրէն իսկ ոչ թէ պահակի, այլ՝ պահակագունդի՛ պէս կը կանգնէր թալանողներու, հայրենիքը արժեզրկողներու, նենգամիտ ու դաւադիր մարդոց դէմ։ Պարոյր Սեւակ էր, բիւրեղեայ ակ էր։
Իսկ Յովհաննէս Շիրազ կը պաշտուէր համայն հայութեան կողմէ. իր բանաստեղծութիւնները կը մկրտէին մեզ անմահութեան շոգիով։ Անտարակոյս հայրենի ժողովուրդը միայն իրեն մտիկ պիտի ըներ։ Իր բառերը հայրենի բնութեան համն ու բոյրը ունէին։ Ան սէգ էր ու անաղարտ՝ Մասիսի կատարն էր հայրենասիրութեան ։
Մէկն ու մէ՜կը միայն, եւ շատ հաւանաբար մեր ազգը՝ իր հոգին հիմէն ցնցող գիշերներու լաւաներու տակ պիտի չանքոսնէր։ Մայրերու աղիողորմ լացն ու նոր որբուկներու նայուածքները, հետակորոյս զինուորներու ծնողներուն բողոքի հառաչը, վիրաւորներու ցաւագին ժպիտն ու սեփական տուներէն բռնի հեռացողներու կերպարանքները պիտի չշրջէին մեր արտասուաթոր աչքերուն առջեւ։
Մեր արժանապատուութիւնն ու վստահութիւնը մեր ղեկավարներուն նկատմամբ պիտի չքայքայուէր։ Պիտի չամչնայինք ու պիտի չյայտնաբերէինք լուտանքներու անվերջանալի պաշար մը։ Ժողովուրդը պիտի անդրադառնար վտանգին հետզհետէ բացուող ծալքերուն։ Գլուխնիս պատէ-պատ պիտի չզարնէինք թէ ինչո՞ւ չարաչար պարտուեցանք։
Միայն եթէ արդար, անինքնասէր, բարձր բարոյականով, ժողովուրդին բոլոր խաւերը յարգող ղեկավար մը ունենայինք, որուն խօսքը կշիռ ունէր. քաղաքագէտ մը՝ որ իմաստութիւն, ոյժ եւ ազնուութիւն կը բուրէր։
Փետրուար, 2021