ԳԷՈՐԳ ՉԱՒՈՒՇԻ ԱՅՐԻԻՆ ՄԷԿ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 10 Second

wife-of-kevork-chavoush  Տօնական օրերու պատմական բնոյթ ունեցող գրութիւն-նամակ մը: Արդարեւ »Հայրենիք«ի անգլերէն բաժնի (“Արմինիըն Ուիքլի“) նախկին խմբագիր` Վահէ Հապէշեան, որ վերջերս Արեւմտահայաստան այցելած էր, կը տեղեկացնէ, թէ 2005-ին Այնթապի մէջ Մուրաթ անունով գործաւոր մը հին տան մը փայտէ մէկ բաժինէն հին բացիկ մը գտած է:

Բացիկին վարի ձախ կողմը անգլերէնով “Մ.Հ.Հալլաճեան“ ստորագրութիւնը տպուած է, իսկ աջ կողմը տեղանուն մը` “Այնթապ Փոքր Ասիա“: Իսկ ետեւը Մուրաթին անծանօթ եղող լեզուով ձեռագիր գրութիւն մը կայ, միայն թուականի մը` 1910 մէկ մասը անոր հասկնալի է: Առջեւի կողմը սեւ երկար հագուստ հագած, աջ ձեռքին ատրճանակ մը եւ ձախ ձեռքին հրացան մը կրող կնկայ մը լուսանկարն է: Անոր կուրծքին խաչկապ կապուած, ինչպէս նաեւ մէջքին կապուած փամփշտակալներ կան: Փամփուշտներուն եւ կաշիներու մէջ հազիւ նշմարելի է անոր ձախ կուրծքին վրան գտնուող լանջասեղ մը կամ մետալ մը:

Մուրաթ հին տուներու վերանորոգմամբ զբաղած իր շրջանին Այնթապի Քայաճիք շրջանին մէջ գտնուող հին տան մը փայտէ բաժինները նորորգած ատեն գտած է բացիկը: Հետագային Այնթապ այցելող հայեր թարգմանած են բացիկին վրայ գրուած գրութիւնը.“Հանգուցեալ հերոս Գէորգ Չաւուշի տիկին այրի Հեղինէ: Մեր յիշատակի նուէրը աստ(՞), տիար Յովհաննէս եւ տիկին Փիրանեան, Յուլիս 21, 1910 Հ.Յ.Դ., Այնթապ“:

Լուսանկարը յաւելեալ հետաքրքրութիւն ստեղծած է Մուրաթի մօտ, որ սկսած է կատարել յաւելեալ հետազօտութիւն: Մուրաթի փոխարէն, ան իր անունը Մուրատ կը գրէ: Նաեւ, ան սորված է հայերէն եւ ներկայիս կ’աշխատի Ա.Կեսարի, 1945-ին Պոսթընի “Հայրենիք“-ի տպարանէն լոյս տեսած “Այնթապի գոյամարտը“ գիրքին թրքերէն թարգմանութեան վրայ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles