ԳԵՒ ՕՐԳԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹՆԵՐԸ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ԵՒ ՏԻԹՐՈՅԹԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:1 Minute, 40 Second

Փետրուարի առաջին օրերուն, Լոնտոնաբնակ կատակերգակ-մենախօս Գեւ Օրգեան ելոյթներ ունեցաւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի երկու գաղութներէն ներս:
Առաջին հերթին, Կիրակի Փետրուար 4-ին, Նիւ Ճըրզիի մէջ, կազմակերպութեամբ տեղւոյն Հ.Օ.Մ.-ի «Շաքէ» մասնաճիւղին, աւելի քան 350 հայորդիներու ներկայութեան, ան ներկայացուց «Մեղաւորութեան Ելոյթը», որուն անդրանիկ ներկայացումն էր Նոր Աշխարհի ցամաքամասէն ներս:
«Հիմնականին մէջ, կը ներկայացնեմ այն ինչ որ դեսած եմ եւ կը նկատեմ մեր շրջանակին մօտ: Կատակերգութիւն մը, հիմնուած վերջին երկու տարիներու վրայ նկատախ մարտահրաւէրներուն վրայ»,- յայտնեց Օրգեան:
Նշենք թէ, ան նաեւ կը պատրաստէ վաւերագրական մը Հայաստանի մասին, բեմադրիչ Էնտի Սայմընի հետ գործակցելով:
«Երկար ժապաւէն մը պիտի ըլլայ այս գործը: Արդէն իսկ նկարահանած ենք, աւելի քան 17-18 ժամ: Պիտի փորձենք ամփոփել 120 վայրկեաններու: Այս գործը ոչ միայն ճանապարհորդական եւ ուղեւորի համար յատուկ գործ է, այլ իրական գեղեցկութիւնն է Հայաստանի, անոր մշակոյթն ու ժողովուրդը: Հայոց ցեղասպանության մասին շատ վաւերագրականներ կան: Մենք կ՛ուզենք ցոյց տալ այսօրուայ Հայաստանը», – աւելցուց ան, որ աւելցուց թէ իրեն համար հաճոյք էր Նիւ Ճըրզիի Հ.Օ.Մ.-ի հետ աշխատիլը:
Մահուա աւագ դպրոցի սրահին մէջ կատարուեցաւ այս ձեռնարկը, ուր ներկայացուեցան Հ.Օ.Մ.-ի «Շաքէ» մասնաճիւղին գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ: Մասնաճիւղը վերջին տարիներու ընթացքին օժանդակութիւններ կատարած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, որոնց կարգին Հայաստանի Տավուշի մարզի սահմանամերձ գիւղերու ոռոգման համակարգերու տեղադրումը եւ Հ.Հ. պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Հ.Օ.Մ.-ի համատեղ ծրագրի շրջանակներուն հետ շարունակուող ներդրումները, որոնք կ՛ապահովեն Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու դպրոցականներուն գրենական եւ անմիջական մատակարարումները: .
Ձեռնարկի աւարտին, Գեւին յանձնուեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի «Շաքէ» մասնաճիւղի շնորհակալագիրը: Նշենք թէ, Օրգեան այցելեց նաեւ «Յովնանեան» վարժարան եւ հանդիպեցաւ աշակերտներուն:

ՄԻՇԻԿԸՆԻ ՄԷՋ
Փետրուար 10-ին, Տիրթոյթի Հ.Օ.Մ.-ի «Ցոլիկ» մասնաճիւղը, իր կարգին ըմբոշխնեց Գեւ Օրքեանի կատակները: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Սաութֆիլտ շրջանի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ:
Հակառակ աննպաստ օդին, սրահը լեցուն էր: Հելենա Պարտաքճեան երգեց քայլերգները, ապա շրջանի հովիւ Տէր Հրանդ Գէորգեանի աղօթքէն ետք, ներկաները ընթրեցին:
Թամիցա Տաքէսեան խօսք առնելով, ներկայացուց Հ.Օ.Մ.-ի «Ցոլիկ» մասնաճիւղի գործունէութիւնը, նշելով թէ, այս ձեռնարկին հասոյթը պիտի յակտացուի Երեւանի զինուորական հիւանդանոցին:
Հուսկ, բեմ բարձրացաւ Գեւ Օրգեանը, որ անգամ մը եւս խանդավառեց ներկաները:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles