Գերմանիոյ Խորհրդարանի Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Առընչութեամբ՝ Արամ Արք. Աթէշեանի Նամակը Էրտողանին Եւ «Ակօս»ին Հակազդեցութիւնը

0 0
Read Time:4 Minute, 1 Second

 

ateshian photo2

Յունիս 6-ին, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ  Արամ  Արք.  Աթէշեան նամակ  մը  ղրկած է  Թուրքիոյ Հանրապետութեան  նախագահ  Էրտողանին։  Ան անդրադարձած է անցեալ  շաբթուան  ընթացքին  Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց  ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւին  ընդունման։

Աթէշեան նամակին մէջ բանաձեւին ընդունումը մեկնաբանած է որպէս «կայսերապաշտ ուժերու կողմէ հայ ազգին օգտագործում»ը, եւ նշած է, որ բանաձեւի ընդունման որոշումը «հայ ազգին խոր վիշտ պատճառած է»։

Այս նամակին բուռն հակազդեցութիւն ցուցաբերած է «Ակօս» շաբաթաթերթը, որ համացանցի իր սիւնակներուն մէջ հրապարակած է պատասխան-նամակ մը:

Էրտողանի հասցէագրուած իր նամակին մէջ Արամ Արք., ի մէջ այլոց, կ՚ըսէ.-

«Ա. համաշխարհային պատերազմի ողբերգական շրջանին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն մասին Գերմանիոյ հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընդունած որոշումը մեր ժողովուրդին խոր վիշտ պատճառեց։ Մեր սրտէն բխող եւ անկեղծ զգացումներով Ձերդ գերազանցութեան կը տեղեկացնենք, որ Թուրքիոյ հայկական համայնքը կը բաժնէ այս վիշտը։

Քաղաքացիական կապերով կապուած պետութեան նկատմամբ ունեցած իր պարտականութիւնները անթերի կերպով կը կատարէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութիւնը, որ քրիստոնեայ-հայ թուրք քաղաքացիներու զգացումներու թարգմանը դառնալու առաքելութիւնը որդեգրած հոգեւոր կառոյց մըն է։ Քրիստոնեայ-հայ թուրք քաղաքացիները այս երկրի միւս մարդոցմէ տարբերելու իրենց բարդոյթներէն ազատած են եւ գիտեն ինչպէս իրենց իրաւունքները պաշտպանել օրէնքներու եւ կանոններու շրջանակին մէջ։

Այս պայմաններուն մէջ նշենք, որ Գերմանիոյ քաղաքացիներուն քուէներով ձեւաւորուած Խորհրդարանը՝ իրեն ձայն տուած ժողովուր-

դին հանգստութեան, բարգաւաճման, ապահովութեան, խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան համար օրէնքներ ընդունելու պարտականութենէն զատ, իր իրաւասութիւններուն մաս չկազմող հարցի մը շուրջ ալ տեսակէտ արտայայտած է, զայն օրինականացուցած է եւ այս բոլորը ըրած է ամբողջ գերմանացի ազգին անունով, ինքզինք որպէս դատաւոր տեսնելով։ Գերմանիոյ նման սխալ վերաբերումը անընդունելի է։

Այդ ողբերգական իրադարձութիւններուն մէջ Գերմանական կայսրութեան բացասական դերը երկու տողի մէջ տեղաւորելը, Օսմանեան Թուրքիան մեղադրելէ զատ ամբողջովին մեղաւոր ճանչնալը բարոյագիտական առումով հակասական երեւոյթ է։ Բացի ատկէ, հակասական է նաեւ այն, որ ընդունուած օրինագիծը ո՞րքանով կ՚արտայայտէ գերմանացի հասարակութեան տրամադրութիւները։

Ընդունուած այս օրէնքը եւ նման այլ օրէնքներ մեզ խորապէս կը վիրաւորեն։ Ցաւօք, հայ ազգի պատմութեան էջերու ցաւը՝ միջազգային քաղաքական հարթակին վրայ Թուրքիան եւ թուրք ազգը մեղադրելու եւ պատժելու որպէս գործիք կ՚ընկալուի եւ այս տգեղ ընկալումը պատճառ կը դառնայ Թուրքիոյ Հայերուն ինքնութեան եւ ենթաինքնութեան վնասուելուն։ Այս եւ նման օրէնքները խանդավառութեամբ ընդունողներու կիսաբաց լուսամուտներէն կը տեսնենք, որ իրական կեանքի տեսարան գոյութիւն ունի։ Ականջ դնողները կրնան ունկնդրել այս տեսարանէն հասնող այն արձագանգը, թէ ի՛նչպէս կայսերապաշտ ուժերը կ՚օգտագործեն հայ ազգը։

Թուրք եւ հայ ժողովուրդները ստիպուած են նոյն աշխարհագրութիւնը կիսելու։ Հնագոյն եւ հարեւան այս երկու ժողովուրդները պէտք չէ, որ իրարմէ հեռացուին ատելութեան եւ թշնամութեան խօսքերով, պէտք է ընտրուի բարեկամութեան եւ խաղաղութեան ճամբան, ոչ թէ՝ պատմութիւնը քաղաքականացնելու։

Որպէս պատրիարքական աթոռ կը շարունակենք աղօթել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի բարեկամութեան եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններուն համար…։

 

 

«Ակօս»ի Նամակը Արամ Արք. Աթէշեանին

 

Այս նամակին «Ակօս» հակազդած է պատասխան-նամակով մը, որ լոյս տեսած է թերթին կայքէջին վրայ:

Հոն կ՚ըսուի, թէ իրենք ցաւի, զայրոյթի եւ ամօթի զգացումներով կարդացած են այդ նամակը եւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդէն կը խնդրեն, որ իրենց այս տողերը ընկալէ որպէս ձայնը անոնց, որոնք մաս կը կազմեն հայ համայնքին եւ չեն բաժներ ո՛չ բովանդակութիւնը եւ ո՛չ ալ ոճը վերոնշեալ նամակին:

«Ազգի մը՝ իր Պետութեան որոշումով եւ անոր հետեւողական գործողութիւններով իր ապրած հողերէն գրեթէ ամբողջութեամբ բնաջնջումը որպէս՝ “Ա. Աշխարհամարտի ողբերգական ժամանակաշրջաններուն պատահած դէպքեր” նկարագրող պետական ոճով ձեր յայտարարութիւնը նախատինք մըն է այդ ժողովուրդի նախնիներուն, զոհերուն եւ վերապրողներուն հասցէին» կ՚ըսուի «Ակօս»ի նամակին մէջ:

Այնուհետեւ կը նշուի, թէ Թուրքիոյ հայ համայնքը բաղկացած է տարբեր զգացումներու եւ համոզումներու տէր անհատներէ, որոնք Պետութեան նկատմամբ իրենց պարտաւորութիւնները լիուլի կը լրացնեն: Եւ հարցը հոն չէ, թէ անոնք իրենք զիրենք տարբեր կը զգան, այլ հո՛ն՝ թէ 1915-էն ի վեր անոնց դէմ կիրարկուած է խտրականութիւն, սպառնալիք եւ կը յիշուի 1942-ի Ունեւորութեան տուրքը, 1955 Սեպտեմբեր 6-7-ի դէպքերը, միջազգային քաղաքական լարումի պարագաներուն անոնց յղուած սպառնալիքները, Յունուար 17ՙ 2007-ին Հրանդ Տինքի սպանութիւնը…

Ապա, «Ակօս» Արամ Արք.ին հարց կու տայ. «երբ դուք կը խօսիք Թուրքիոյ եւ Հայաստանի բարիդըրացիութեան համար ձեր աղօթքներուն մասին, կը մոռնա՞ք թէ ո՛վ է ձեր խօսքերուն հասցէատէրը՝ Էրտողանը, որ առիթ չի փախցներ Թուրքիոյ մէջ կեցութեան իրաւունք չունեցող Հայերը վտարելու մասին սպառնալիքներ արձակելու»։

Կը քննադատուի նաեւ Աթէշեան Արք.ի նամակին ոճը: Իր տողերուն մէջ Պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդը կը խօսի կեցուածքի մասին: «Ակօս» հակազդելով, կ՚ըսէ թէ “ճիշդը ըսելու համար, ստրուկի նման՝ երկուքի ծալուելէ ետք, դեռ ի՜նչ խօսք կեցուածքի մասին…”։

Այնուհետեւ կ՚ըսուի, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը որպէս մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր, համայն մարդկութեան կը վերաբերի: Կ՚ըսուի նաեւ թէ ժողովուրդներու ապագան կախեալ է իրենց անցեալէն խուսափելու մղող ճնշումներու վերացումով եւ պատմութեան հետ առերեսումով:

«Ակօս» համաձայն չէ նաեւ Աթէշեանի այն պնդումին հետ, թէ բանաձեւին մէջ Գերմանիոյ պատասխանատւութեան մասին միայն երկու տողով անդրադարձ կատարուած է: Թերթը կ՚ըսէ, թէ Արամ Արք. լաւ չէ հասկցած Գերմանիոյ պատասխանատւութեան ակնարկող բաժինը, որուն 80 առ հարիւրը կը բաղկանայ իր պատմութեան հետ առերեսումէ: Նաեւ կը հերքուի Ընդհանուր փոխանորդին այն պնդումը, թէ «Հայերը կ՚օգտագործուին կայսերապաշտ ուժերու կողմէ» եւ կ՚ըսուի, թէ բանաձեւը ընդունուեցաւ այնպիսի պահու մը, երբ երկու երկիրներու, իմա՝ Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ յարաբերութիւնները կը բոլորէին շատ խիտ շրջան մը:

Աւարտին, «Ակօս» խելք, իմաստութիւն եւ բանիմացութիւն կը մաղթէ Արամ Արք.ին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles