
Գերմանիոյ կարգ մը քաղաքներէն ներս կը կատարուի շրջուն ցուցահանդէս մը, նիւթ ունենալով «1915-2015.- Հայկական Ճարտարապետութիւնն ու Ցեղասպանութիւնը» խորագիրով՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ցուցահանդէսին մէջ տեղ գտած են լուսանկարներ, պատմամշակութային կոթողներու մասին ակնարկներ եւ խնդրոյ առարկայ յուշարձաններուն ներկայի վիճակին մասին տեղեկութիւններ:
Կը ներկայացուին յատկապէս Ցեղասպանութենէն առաջ հայաբնակ Վանի, Մուշի, Ուրֆայի, Կարսի, Այնթապի, Սեբաստիոյ եւ Զմիւռնիոյ հայերուն մշակութային կեանքն ու անոնց կերտած ճարտարապետական գործերը:
Աախըն (Պելճիքայի եւ Հոլանտայի սահմանին մօտ գտնուող հին քաղաք մը, ծանօթ նաեւ Է-Լա-Շափել անունով) քաղաքի Ազգային մշակութային կեդրոնին մէջ կատարուած այս ցուցահանդէսին, անյայտ խուլիկաններ պաստառներուն վրայ` վնաս հասցնելով անոնցմէ քանի մը հատին: Արդէն իսկ հիմնարկին պատասխանատուները դիմած են տեղւոյն ոստիկանութեան` հետապնդելու համար այս պատահած դէպքը:
Գերմանական մամուլը մօտէն անդրադարձած է եւ բռնօրէն դատապարտած է այս խափանարարական գործը: