
Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Վահան Յովհաննիսեան հանդիպումներ ունեցաւ Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդին Եւ Գերմանահայոց Կեդրոնական Խորհուրդի վարչութեան հետ: Քէօլնի մէջ, ան հանդիպում ունեցաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Պէքճեանի եւ թեմական խորհուրդի անդամներուն հետ:
Դեսպանը նաեւ շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ Գերմանիոյ հայկական համայնքներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Ան նաեւ մասնակցեցաւ Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդի նորընտիր վարչութեան առաջին նիստին: Քննարկուեցան Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդի եւ Հայաստանի դեսպանութեան համագործակցութեան հաւանական հեռանկարները: